23 Յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայի մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին խօսելէն ետք առատ մելան հոսած է։ Նկատի ունենալով, որ անոր յայտարարութիւնը ոչ ճշգրիտ կամ մասնակի թարգմանութեան պատճառով տարբեր հրատարակութիւններու մէջ աղաւաղուած էր, կ՚ուզեմ ներկայացնել նախագահին մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հայերէն հաղորդագրութեան անգլերէն իմ թարգմանութիւնս. «Երկրորդ հարցը, որուն մասին կ՚ուզեմ խօսիլ, հայ-թրքական յարաբերութիւններն է։ Այս հարցին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը յստակ է։ 21րդ դարուն դրացի երկիրներու միջեւ փակ սահմաններ պէտք չէ ըլլան։ Շրջանային գործակցութիւնը կայունութեան հաստատման լաւագոյն ձեւը կրնայ ըլլալ։ Թրքական կողմը պատմական փաստը ուսումնասիրելու յանձնախումբի մը կազմութիւնը կ՚առաջարկէ։ Մենք դէմ չենք այդպիսի յանձնախումբի մը ստեղծման, սակայն միայն այն ատեն, երբ մեր երկիրներուն միջեւ սահմանը բացուած է։ Այլապէս յանձնախումբը կրնայ չարաշահման եւ այս հարցը տարիներով երկարաձգելու միջոցի մը վերածուիլ։ Մտադիր եմ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մղում տալու համար մօտիկ ապագային նոր քայլերու դիմելու։ Մեծ հաւանականութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլը Երեւան պիտի հրաւիրեմ՝ միասնաբար դիտելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ազգային խումբերուն միջեւ ֆութպոլի խաղը»։
Հայաստանէն ներս թէ դուրս նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը անմիջապէս քննադատութեան տարափի մը ենթարկուեցաւ։ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու միացեալ յանձնախումբի մը թրքական առաջարկին իր պայմանական կերպով ընդունիլը իր ներքին քաղաքական ընդդիմադիրներուն կողմէ նկատուեցաւ ցեղասպանութեան իրողութիւնները հարցականի տակ առնել։
Համախոհական կառավարութեան կրտսեր գործընկեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) իր կարգին լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց։ Կուսակցութեան Գերագոյն մարմինը՝ ՀՅԴ Բիւրոն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց.
«Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը քննարկման ենթակայ հարց չէ, եւ բացառուած է, որ Հայաստանը ներկայացնող բարձրաստիճան ոեւէ պաշտօնեայ այս խնդրին մէջ այլ մօտեցում ունենայ»։
Հայկական ժողովրդավարական լիկան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը նոյնպէս
քննադատեցին նախագահին յայտարարութիւնը։ Բայց եւ այնպէս նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխօգնական Մաթիու Պրայզայի եւ անոր կնոջ Հատսըն հիմնարկին մէջ, թրքական լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զէյնօ Պարանի կողմէ խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ։
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութեան հանդէպ կարգ մը հայկական շրջանակներու կողմէ հետզհետէ աճող քննադատութիւնները մեղմացնելու համար անոր մամլոյ քարտուղարը՝ Սամուէլ Ֆարմանեան, յստակացում մը հրապարակեց. «Մենք դէմ չենք նոյնիսկ յստակ իրողութեանց եւ լայն ճանաչում գտած իրականութեանց որեւէ ուսումնասիրութեան։ Ուսումնասիրութեան մը համաձայն գտնուիլ իրողութեանց ճշմարտութիւնը կասկածի տակ առնել չի նշանակեր։ Բայց եւ այնպէս այդպիսի յանձնախումբի մը ստեղծումը տրամաբանական կ՚ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն եւ սահմանին բացումէն ետք։ Այլապէս, գոյութիւն ունեցող խնդիրները երկարաձգելու եւ շահագործելու գործիքի կը վերածուի»։
Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած ընդդիմադիր հիմնական դաշինք Ժողովրդային շարժումին սլաք արձակելով՝ Ֆարմանեան յայտնեց. «Զարմանալի է, որ Ցեղասպանութեան հարցը կը շահագործուի անհատներու կողմէ, որոնք անցեալին ամէն ինչ ըրին մեր պատմութեան այդ ողբերգական էջը մոռացութեան մատնելու։ Այս հարցէն հատուածական շահ ապահովելու մօտեցումը անընդունելի է»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս յայտարարութիւն մը կատարեց վերահաստատելով, որ հակառակ հայ-թրքական յանձնախումբի մը կազմութիւնը ընդունելուն՝ Հայաստան պիտի շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդել։
«Ցեղասպանութեան հարցը կը մնայ մեր օրակարգին վրայ», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։ Հետագային ՀՅԴն յայտարարեց, որ նախագահ Սարգսեանէն «հարկ եղած բացատրութիւն եւ յստակացում» ստացած է, թէ խնդրոյ առարկայ յանձնախումբը պէտք չէ ճշդէ, որ Ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այլ պարզապէս Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր մանրամասնութիւնները հետազօտէ։
Հայերու մեծ մասը մտահոգ է, թէ նախագահ Սարգսեան 2005ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնները ուսումնասիրելու հայ եւ թուրք պատմաբաններէ կազմուած յանձնախումբ մը կազմելու առաջարկը դրական կերպով կ՚ընկալէ։
Օրին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Էրտողանի առաջարկին պատասխանած էր՝ առաջարկելով, որ
Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ առկախ բոլոր հարցերը քննարկելու համար միջկառավարական յանձնախումբ մը կազմուի։ Ան նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց, որ Հայաստանի հետ բնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ, ներառեալ՝ սահմանին վերաբացումը։
Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան զգայուն հարցին վերաբերեալ կիրքերը հազիւ կը թուէին հանդարտած ըլլալ, երբ նախագահ Սարգսեանի ստորագրութիւնը կրող «Պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ խօսելու» խորագրով յօդուած մը հրապարակուեցաւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ Եուրըփ»ի 9 Յուլիսի թիւին մէջ։
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ը Պուշի վարչակազմին մէջ նոր պահպանողականներուն բանբերն է, երբեք Հայաստանի զօրակցող մը չէ եղած եւ որեւէ բան, որ լոյս կ՚ընծայէ, հայկական շահերուն հակադրուած ըլլալու կասկածին տակ է։ Նախագահ Սարգսեանի յօդուածը, սկսելով իր խորագրէն, պաշպանողական ոճի էր եւ կը թուէր Թուրքիոյ հանդէպ չափազանց զիջողական։ Ան անգամ մը եւս արծարծեց «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վերաբերեալ բոլոր հարցերը համակողմանիօրէն քննարկելու» համար յանձնախումբի մը կազմութեան հարցը։ Բայց եւ այնպէս ան յստակ կերպով նշեց, թէ այդպիսի յանձնախումբի մը կազմութիւնը ընդունելու համար նախապայման է «բնական քաղաքական յարաբերութիւններու» հաստատումը, ներառեալ՝ սահմանին բացումը, որ կարելի կը դարձնէ «նոյնիսկ ամէնէն վիճելի պատմական հարցերու» քննարկումը։ Հետաքրքրական է, որ այս մէկը անցնող երկու տարիներուն ընթացքին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ին մէջ պրն. Սարգսեանի ստորագրած երկրորդ յօդուածն է։ Իբրեւ պաշտպանութեան նախարար՝ ան «Ճըռնըլ»ի 22 Դեկտեմբեր 2006ի թիւին մէջ «Հակառակ Ցեղասպանութեան…» խորագրով յօդուած մը ստորագրած էր։
Իր նորագոյն յօդուածին մէջ նախագահ Սարգսեան նախագահ Կիւլին 6 Սեպտեմբերին Երեւան գալով միասնաբար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջեւ առաջին մրցումը միասնաբար «վայելելու» հրաւէր մը ուղղեց։ Նախագահ Սարգսեան յառաջիկայ մրցումը նկարագրեց իբրեւ «մեր յարաբերութեանց մէջ խորհրդանշական նոր սկիզբ մը»։
Թուրքիոյ նախագահը Հայաստան աննախադէպ այցելութեան մը հրաւիրելը երկրին եւ արտասահմանի մէջ վիճաբանութեան նոր հանգրուանի մը պատճառ դարձաւ։ ՀՅԴի երկու ականաւոր ղեկավարներ անցեալ շաբաթ յայտարարեցին, որ իրենց կուսակցութիւնը, հակառակ համախոհական կառավարութեան անդամ ըլլալուն, «Սեպտեմբերին, եթէ Կիւլ Երեւան ժամանէ, ցոյց մը պիտի կազմակերպէ»։
Թուրք նախագահը Երեւան հրաւիրելուն համար նախագահ Սարգսեանի ամէնէն անսպասելի քննադատութիւնը կատարուեցաւ նախկին նախագահ Քոչարեանի կողմէ, որ շշմեցուց բոլորը՝ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ քննադատելով իր պաշտպանեալն ու յաջորդը։ Նախագահ Քոչարեան յայտնեց, որ եթէ ինք ներկայիս շարունակած ըլլար պաշտօնավարել, «Թուրքիոյ նախագահը վստահաբար որ Երեւանի մէջ ֆութպոլի խաղին պիտի չհրաւիրուէր»։
Հակառակ նախագահ Սարգսեանի 6 Սեպտեմբերի ֆութպոլի խաղը դիտելու նախագահ Կիւլի հրաւէր ուղղող շարք մը յայտարարութեանց, Թուրքիոյ նախագահը դեռ պատասխան չէ տուած, բացի ըսելէ, թէ՝ «հրաւէրին գնահատումը կը կատարէ»։ Բայց եւ այնպէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխօգնական Մաթիու Պրայզա պրն. Կիւլի կոչ ուղղեց՝ Երեւան երթալու, հրաւէրը նկարագրելով իբրեւ հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ «անհաւատալի յառաջդիմութիւն» արձանագրելու առիթ մը։
Անոնք, որոնք հարց կու տան, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միացեալ ուսումնասիրութիւնը ինչո՞ւ հայերուն համար այսքան վիճելի հարց մըն է, պատասխանն այն է, թէ Ցեղասպանութիւնը աւելի քան 20 երկիրներու, Եւրոպական խորհրդարանին, ՄԱԿի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի մը, Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզումի բազմաթիւ մասնագէտներու, Նոպէլեան մրցանակակիրներու եւ ուրիշներու կողմէ ճանչցուած պատմական իրողութիւն մըն է։ Այդպիսի յանձնախումբի մը կազմութիւնը հայերու կողմէ թրքական խաղ մը կը նկատուի՝ երկարաձգելու Ցեղասպանութեան մերժումը, եւ մինչ յանձնախումբի անդամները զբաղած են անվերջանալի բանավէճերով ու քննարկումներով, ուրիշներն ալ՝ զայն ճանչնալէ տարհամոզելու։ Հայաստանի կողմէ այդպիսի յանձնախումբի համաձայնիլը հարցականի տակ կ՚առնէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնները եւ այն սխալ պատգամը կ՚ուղղէ, թէ հայերը ինքնին վստահ չեն, թէ Ցեղասպանութիւն իրապէս պատահա՞ծ է, եւ կ՚ականահարէ այդպիսի ուսումնասիրութենէ մը առաջ զայն պաշտօնապէս ճանչցողներուն հաւաստիութիւնը։
Վերջապէս, թուրք պատմագէտները ինչպէ՞ս պիտի կարենան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրենց անկեղծ կարծիքները արտայայտել, երբ քաջ գիտեն, թէ ցեղասպանութիւն բառը նշելը թրքական օրէնքին համաձայն քրէական յանցանք է։
Ցեղասպանութեան հարցին այս բոլոր բարդութիւններն ու նրբութիւնները նկատի ունենալով՝ նախագահ Սարգսեան ինչո՞ւ կը համաձայնի միացեալ յանձնախումբի մը կազմութեան։ Կարճ պատասխանը այն է, թէ 19 փետրուարի նախագահական ընտրութիւններէն եւ անոր յաջորդող խռովարարութիւններէն ետք նախագահ Սարգսեան արեւմտեան երկիրներու կողմէ ներքին եւ արտաքին կարեւոր հարցերու մէջ, ինչպէս՝ Արցախի տագնապը, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, փտածութիւնը եւ 1 Մարտի բախումներէն ետք ձերբակալուածներու ազատ արձակումը, զիջումներ կատարելու ճնշումերու կ՚ենթարկուի։ Նախագահ Սարգսեան հաւանաբար կրնայ մտածած ըլլալ, որ արեւմտեան այդ կարգ մը «առաջարկները» դրական կերպով ընկալելով՝ պիտի յաջողի իր ներքին
ընդդիմութիւնը դիմակայելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի զօրակցութիւնը ապահովել։ Հարցը այն է, որ իր կառավարութեան մասնաւորաբար արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ համեմատական անփորձութեան պատճառով նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները թշնամացուցած են իր ներքին եւ արտասահմանեան համակիրները՝ այդպիսով իր ընդդիմադիրներուն շարքերը, փոխան նուազեցնելու, ուռճացնելով։
Իմ նախատեսութիւնս է, որ ծրագրուած միացեալ յանձնախումբը պիտի ձախողի իրականանալ՝ շնորհիւ այն գրեթէ հաստատ հաւանականութեան, որ Թուրքիա պիտի մերժէ սահմանը բանալու նախագահ Սարգսեանի նախապայմանը։ Աւելի՛ն. Թուրքիա սահմանը բանալու համար իր նախապայմանները ճշդած է՝ հայկական ուժերու Արցախէն հեռացում եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման Հայաստանի ջանքերուն դադրեցում։ Երկու կողմերը, նոյնիսկ եթէ յաջողին այս մեծ արգելքները յաղթահարել, միացեալ յանձնախումբին կազմութեան անվերջ վէճեր պիտի ըլլան՝ մասնակիցներուն
ընտրութիւնը, ուսումնասիրութեան տարողութիւնը, տեւողութիւնը, պիւտճէն, արխիւներու հասանելիութիւնը եւ նոյնիսկ շուրջը նստելիք սեղանին ձեւը։ Անշուշտ, ո՛ր կողմը որ այս վէճերուն իր տարբերակը ներկայացնէ, հրապարակային յարաբերութեանց մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրէ եւ հակառակ կողմը այպանէ յանձնախումբին ձախողութեան համար։
Ինչ կը վերաբերի 6 Սեպտեմբերին ֆութպոլի խաղ դիտելու համար նախագահ Կիւլի Երեւան հրաւիրուելուն, մեծ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, որ Թուրքիա անոր փոխարէն ցած մակարդակի պաշտօնատար մը ուղարկէ, նկատի ունենալով, որ թուրք ղեկավարները իրենց երկրին մէջ լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն։ Հայաստան ներկայ պահուս իրենց համար առաջնահերթութիւն մը չէ։
Էրտողանի կառավարութիւնը տապալելու ծրագրելով ամբաստանուած շարք մը նախկին զօրավարներու ձերբակալութեան եւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ իշխող կուսակցութեան փակման եւ անոր ղեկավարներու պաշտօնավարութեան դէմ արգիլման հաւանականութեան լոյսին տակ ոչ ոք կրնայ նախատեսել, թէ նախագահ Կիւլ ֆութպոլի խաղը Երեւանի՞ մէջ պիտի դիտէ, թէ՞ Անգարայի մէկ բանտախուցին մէջ։
Յամենայնդէպս, եթէ 6 Սեպտեմբերին նախագահ Կիւլ կամ թուրք այլ ղեկավար մը Երեւան ներկայանայ, հայ պաշտօնատարները պէտք է հետեւին բարձրաստիճան հիւրերու յատուկ փրոթոգոլին եւ թուրք այցելուն 1.5 միլիոն հայ զոհերուն ի յիշատակ ծաղկեպսակ զետեղելու համար Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող տանին։ Երբ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան 21 Ապրիլ 1993ին Անգարա մեկնեցաւ, ան փրոթոգոլին պահանջածին նման Աթաթուրքին շիրիմը այցելեց։
Դժբախտութիւն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան մեծապէս զգացական եւ նուրբ հարցը բոլոր կողմերուն կողմէ կը շահագործուի իբրեւ քաղաքական ֆութպոլ։ Ոչ ոք իրաւունք ունի այդպիսի ահաւոր ոճիրի մը ճանաչման պայմաններուն շուրջ քաղաքական սակարկութիւն կատարելու։ Հայոց ցեղասպանութեան խորքը պէտք չէ թուրքերու, հայերու կամ ոեւէ ուրիշ մէկուն կողմէ շահագործման նիւթ դառնայ։