ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Հայեր Օպամայի Համար» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, թէ որոշած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին հանրային հաւաքներու շարք մը կազմակերպել, Օգոստոսին տեղի ունենալիք Դեմոկրատ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին օրակարգին մէջ համար ամերիկահայութիւնը յուզող տեղական ու միջազգային շարք մը հարցեր ներառելու նպատակով։
Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններուն պարագային, հաւաքները տեղի պիտի ունենան Քոլորատոյի Լէյքուուտ քաղաքին, Ուաշինկթընի Սիէթըլ քաղաքին, Նիւ Մեքսիքոյի Կէլոփ քաղաքին, Նեվատայի Լաս Վեկաս քաղաքին, Օրէկընի Փորթլընտ քաղաքին, Թեքսասի Հիւսթըն եւ Օսթին քաղաքներուն, եւ Քալիֆորնիոյ Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ:
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Միշիկընի Տիրպորն քաղաքին, Փեսիլվանիոյ Ֆիլատելֆիա քաղաքին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորք նահանգի համանուն քաղաքին մէջ:
Առաջադրուելիք հարցերուն մէջ կ՚իյնան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վրայ Թուրքիոյ պարտադրած տնտեսական շրջափակումը վերցնելու կարեւորութիւնը:
«Պուշի վարչակարգը շարք մը հարցերու պարագային անտեսած է ամերիկահայութեան պահանջները եւ կը շարունակէ մեղսակից ըլլալ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին», կը յայտնէ կազմակերպութեան ատենապետ Արին Իպրանոսեան, որ կ’աւելցնէ, թէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն առիթը ունին արմատական փոփոխութիւն մը բերելու Սպիտակ Տան քաղաքականութեան մէջ:
Յիշեցնենք, թէ Օպամա Յունուար 20ին ազդու ոճով կոչ ըրաւ վաւերացնելու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը եւ աւելցուց, թէ Միացեալ Նահանգները պէտք ունի նախագահի մը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը ընդունի, խոստանալով ըլլալ ճիշդ այդ նախագահը: Օպամա նաեւ խոստացաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի եւս սերտացնել ու նպաստել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդելու աշխատանքներուն: Աւելի ուշ եւս ան նման հաստատումներ կատարած է, խոստանալով այդ նպատակով նաեւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնել:
Օպամա նաեւ խոստացած է վերջ տալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ պարտադրուած շրջափակումին, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն մը գոյացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ։
Անցեալ ամիս, Օպամա նաեւ գրաւոր չորս հարցումներ ներկայացուցած էր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Մարի Եովանովիչին, յստակացնելու համար հայկական հարցերու նկատմամաբ անոր կեցուածքները, որոնց Եովանովիչ խուսափողական պատասխաններ տուած էր, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: