Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Համազգայինի հիմնադրութեան 80ամեակի յանձնախումբին, յառաջիկայ ամիսներուն մեր գաղութին մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ձեռնարկները:
1.- 5 Սեպտեմբեր, 2008
Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ Հասցէ՝ 222 East Harvard St., Glendale.
Գինեձօն՝ Գէորգ Պետիկեանի «Բարեւ Հալէպ» հատորին:
Հատորը կը ներկայացնէ Պերճուհի Աւետեան՝ Հալէպէն:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ:
2.- 14 Սեպտեմբեր, 2008
Կիրակի, Մոնթեպէլլոյի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ. – հասցէ՝ 8420 Beverly Rd. Pico Rivera, CA 90660.
Միօրեայ մշակութային փառատօն:
Բազմերանգ եւ ճոխ գեղարուսետական յայտագիր:
3.- 27 Սեպտեմբեր, 2008
Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 7ին, Ճեմարանականի մը բնակարանին մէջ (Նորթրիճ), Պէյրութի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Ն.Փ. Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Ընկերակցութիւնը կազմակերպած է հաւաք-ընթրիք մը:
Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել Cell: 714-403-0875
4.- 3 Հոկտեմբեր, 2008
Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ – Հասցէ՝ 222 East Harvard St., Glendale.
Գինեձօն՝ Կարօ Սասունիի նուիրուած հատորին, հեղինակ Աշոտ Ներսիսեան:
Խօսք կ՚առնեն Սարգիս Մահսէրէճեան, Կարօ Պետրոսեան, Սենօ Բագրատունի:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ:
5.- 24 Հոկտեմբեր, 2008
Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ Հասցէ՝ 222 East Harvard St., Glendale.
Գինեձօն՝ Մովսէս Պչաքճեանի (Փարիզէն)«Անցողիկը եւ Անժամանցելին» վէպին:
Հատորը կը ներկայացնէ Դանիէլ Թիւֆէնքճեան:
Գեղարուսետական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ:
6.- 26 Հոկտեմբեր, 2008
Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ: Հասցէ՝ 900 W. Lincoln Ave., Montebello, CA 90640.
Ճաշկերոյթ տօնակատարութիւն եւ պարգեւատրում: Մուտք՝ $80.
7.- 6 Նոյեմբեր, 2008
Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեանի ելոյթխ
Zipper Hall հասցէ՝ 200 S. Grand Ave., Los Angeles.
Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:
**************************************************************************************************************************************
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Բարձրագոյն Շքանշանով Ցարդ Պարգեւատրուած Հայորդիներու Անուանացանկը
2000
Եղիկ Գոնիալեան, Հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս՝ Համազգայինի ծիրին մէջ իր նուիրեալ աշխատանքին համար
Զեփիւռ Շանթ, Համազգայինի ճամբով հայկական թատրոնին իր երկարամեայ ծառայութեան համար.
2002
Գուրգէն Ասատուրեան, Կրթական եւ մշակութային գործին իր նիւթական օժանդակութեան համար.
Կարպիս Ափրիկեան, Հայկական երաժշտութեան մարզին մէջ իր կատարած ներդրումներուն համար.
Վարուժան Խտըշեան, Հայկական թատերական բեմին իր տաղանդաշատ ներդրումին համար.
Լուսին Մալիքեան, Համազգայինի ճեմարաններուն մէջ իր տասնամեակներու ծառայութեան համար.
2003
Պօղոս Սնապեան, Իր գրական բեղուն արտադրութեան կից՝ բծախնդրութեամբ «Բագին»ի խմբագիրի պաշտօնը վարած ըլլալուն համար.
Արփինէ Փեհլիվանեան, Մօտաւորապէս յիսուն տարիներ հայկական երաժշտութեան զարգացումին եւ հայ երգի տարածումին նպաստած ըլլալու համար.
Արշակ Գոլըստըն, Հայկական դպրութեան ամարապնդման ի խնդիր իր կատարած իշխանական նուիրատուութիւններուն համար.
Փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննիսեան, իր պատմագիտական վաւերական ուսումնասիրութիւններու ճամբով հայութեան եւ Համազգայինի գաղափարներու իրաւացիութեան գիտական հաստատման նպաստած ըլլալուն համար.
Փրոֆ. Վարդան Գրիգորեան, Համազգայինի եւ Ճեմարանի անունը միջազգային ճառագայթումի արժանացած իր ակադեմական-վարչական աշխատանքներու ընդմէջէն բարձր պահած ըլլալուն համար.
2004
Սօս Սարգսեան, Հայկական բեմին եւ ֆիլմարուեստին միջոցով հայրենի հասարակութեան ազգային ոգի ներշնչած ըլլալուն համար.
Յակոբ Բաստրմաճեան, Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ իր երկարամեայ ու անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ծառայութեան համար.
Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան, Հանրային, մշակութային եւ գրական ասպարէզներու մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան համար.
Ատրինէ Գարագաշեան, Համազգայինի կրթական հաստատութիւնները հետեւողական կերպով իր գուրգուրանքին առարկայ դարձուցած ըլլալուն համար.
Փրոֆ. Արա Մանաշ, Տասնամեակներ շարունակ Համազգայինի ճամբով հայ երաժշտութեան իր ծառայութեան համար.
Փրոֆ. Վահագն Տատրեան, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմական իր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններով եւ հրատարակութիւններով ճշմարտութեան հաստատման եւ սփռումին շօշափելի կերպով նպաստած ըլլալու համար.
************************************************************************************************************************************************
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կու գայ յայտարարել, թէ հաստատած է ուսանողական 3 կրթանպաստներ իւրաքանչիւրը՝ $5000, հայ համալսարանական ուսանողներու համար՝ գրականութեան, լրագրութեան եւ թատրոն-ֆիլմ ճիւղերուն մէջ:
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007ին, Համազգայինի կազմակերպած Ամերիկահայ անգլիագիր գրողներու տարեկան Ա. ճաշկերոյթին, որուն ներկայ եղան աւելի քան 450 մշակութասէրներ, հանրութեան ներկայացուեցաւ «Մոռցուած Հաց»ը գրական հատորը՝ ամերիկահայ անգլիագիր հեղինակներու գործերուն հաւաքածոն, Տէյվիտ Քըրտեանի խմբագրութեամբ:
Այս ձեռնարկին հասոյթով հաստատուեցաւ յիշեալ կրթանպաստը:
Կրթանապաստի դիմող թեկնածուն պայման է, որ ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Միսիսիփի գետի արեւմտեան ափի նահանգներու հայ բնակիչ, եւ որ հայ գաղութներու մէջ ունեցած ըլլայ գործօն մասնակցութիւն, եւ ունենայ համալսարանական ընդհանուր վարկանիշ՝ նուազագոյնը GPA 3.0.
Դիմումնագրերու ընդունման ժամկէտն է Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 1 2008:
Արդիւնքը թեկնածուներու պիտի հաղորդուի Սեպտեմբեր 30, 2008ին:
Կրթանապաստները հրապարակային կերպով պիտի տրուին Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթին՝ Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր, 2008ին:
Դիմումնագրերը ստանալու համար հեռաձայնել 818-935-3555 եւ կամ
Email: hamazkayin80th@yahoo.com
Ամբողջացած դիմումնագիրը պէտք է ուղարկել հետեւեալ հասցէին.-
Hamazkayin Western USA, P.O. Box 4732, Glendale, CA. 91222.