ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ, 22 Յուլիսի երեկոյեան, իւրայատուկ մթնոլորտի մէջ համախմբուած էին Լիբանանի մէջ գործող հայկական երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտ աշակերտները:
Իրենց երկրորդական վկայականի տիրանալը շնորհաւորելու եւ թերթին հետ կամրջում ստեղծելու նպատակով կայացած այս հաւաքին հրաւիրուած էին ազգային, կաթողիկէ, աւետարանական եւ միութենական վարժարաններու տնօրէններն ու շրջանաւարտները:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամ Վահրամ Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երկրորդականի վկայական ստանալուն մէջ ամփոփուած խորհուրդը, ինչպէս նաեւ աշակերտական տարիներէն ետք զայն կեանքի պայքարին մէջ լաւագոյն զէնք նկատելու երեւոյթը։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՀԲԸՄի «Դարուհի-Յովակիմեան» վարժարանի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան, որ ընդհանուր արժեւորում կատարեց հայկական վարժարանին, որ հայ աշակերտը հաստատ քայլերով կ՚առաջնորդէ դէպի համալսարան եւ բարձրագոյն ուսում՝ զայն զինելով անծանօթ հորիզոններու մէջ թիավարելու բոլոր անհրաժեշտութիւններով։
Ժ. Դանիէլեան ողջունեց «Ազդակ»ի նախաձեռնութիւնը՝ կոչ ուղղելով աշակերտներուն արժեւորելու հայ մամուլն ու անոր դերակատարութիւնը՝ ազգապահպանման դժուարին առաքելութեան մէջ։
Շրջանաւարտներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Համազգայինի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ յայտնեց, թէ դպրոցական օրերուն ցանուածն է, որ կը ծաղկի ու կը քաղուի աւելի ուշ: Ան յայտնեց, որ հայկական վարժարանին մէջ հայ աշակերտին ստացածը շատ աւելի է, քան այլ վարժարաններու մէջ տրուածը եւ այդ ազգային հարստութիւնը, որ նոյն ատեն համամարդկային է, անպայման պիտի շողայ համալսարանական կեանքին մէջ։
Տիգրան Ճինպաշեան հաստատեց, որ հայ կեանքը կարիք ունի վերանորոգումի, որ կ՚իրականանայ երիտասարդութեան միջոցով, ազգային դիրքերը կ՚երիտասարդանան անոնց շնորհիւ, եւ ազգին մարդոյժը կը հանդիսանայ երիտասարդութիւնը։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երիտասարդ տարրին կարեւորութիւնը հայկական իրականութեան մէջ յաջողութիւն արձանագրելու իմաստով, յատուկ կերպով անդրադառնալով մամուլին եւ անոր մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան անհրաժեշտութեան:
Հանդիսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստութեամբ «Ազդակ»ի ծնունդը, անոր 80-ամեայ կեանքն ու հայկական իրականութեան մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը ներկայացնող տեսաներիզ մը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն։