Մինչ շատ կիներ կը հիանան 30-40 տարիքներու իրենց երեւոյթին համար, ստուար թիւի մը համար իրենց արտաքին երեւոյթը այդքան ալ գոհացուցիչ չի թուիր ըլլալ: Psychology Today պարբերաթերթի 30 տարիքը անցած 3,400 կանանց վրայ կատարած նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, թէ անոնցմէ մօտաւորապէս կէսը դժգոհ են իրենց երեւոյթէն եւ տակաւի՛ն, անոնց երկու երրորդը կը փափաքին իրենց կշիռքը նուազեցնել:
Թէեւ շատ քիչ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են այդ տարիքներու մարմիններու արտաքին երեւոյթներու վրայ, սակայն վերջերս հաստատուած է, թէ ուտելու անկանոնութիւնը ընդհանրապէս 30-50 տաիքներու միջեւ կը պատահի, ինչպէս նաեւ իրենց մարմնէն յարատեւ դժգոհողներու մեծ թիւն ալ այդ տարիքին կը պատկանի: Այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ 2001 թուականին կատարուած գեղագիտական գործողութիւններու թիւը 35-50 տարիքի կանանց մօտ, որեւէ ժամանակէ շատ աւելի մեծ եղած է:
Հոգեբան Մարսիա Հաչինսըն, որ հեղինակն է «200 Ways To Love Your Body» գիրքին, կը հաւատայ, թէ այս վիճակագրական տախտակներու պատկերը արդիւնք է ահաւոր ճնշումին, որ ընկերութիւնը կը բանեցնէ այդ տարիքի կանանց վրայ: Անոր վրայ կ’աւելնայ, վերջերս զարգացած մշակոյթը, որուն նշանբանն է «Երիտասարդ եւ գեղեցիկ երեւիլ ընդմիշտ»: Ան կը հաստատէ թէ. «Կ’ապրինք այնպիսի ընկերութեան մը մէջ, ուր շատ բնական երեւոյթ մըն է կանանց մօտ, թէ իրենք պէտք է աւելի նիհար, աւելի գեղեցիկ, աւելի պիրկ եւ աւելի երիտասարդ երեւին ամէն գնով»: Հոգեբանը նաեւ կը հաստատէ, թէ հարցը աւելի լուրջ եւ սուր բնոյթ կը ստանայ հիմա, որովհետեւ երեք սերունդներ ազդուած են այս հոգեբանութեամբ: Պատմութեան ընթացքին որեւէ ժամանակ այս աստիճան սակարկութեան առարկայի չէ վերածուած միջին տարիքի կանանց մարմիններու երեւոյթը:
Առաջին հերթին այս գանգատը, կամ կասկածը կը յառաջանայ, որովհետեւ անոնք կը վախնան, թէ բաւարար ուշագրաւ չեն կրնար ըլլալ իրենց ընկերներուն եւ ամուսիններուն համար:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է կատարել, որպէսզի ձեր մարմնին հանդէպ սէր ունենաք եւ ոչ թէ նախատինք: Մասնագէտները կ’առաջարկեն.-
1- Այս երեւոյթին աղբիւրը ճշդել: Հսկայական քարոզչական մեքենան, դերասանուհիներու եւ աստղերու բանեցուցած անուղղակի ճնշումը՝ ահաւասիկ աղբիւրները այս հոգեբանութեան: Անոնք հետեւեալ պատգամը կը փոխանցեն, «Եթէ երկար, նիհար, երիտասարդ եւ կատարեալ չես, շատ բան չես արժեր»: Լուծում՝ հրաժարեցէ՛ք այդ պարբերականները գնելէ: Յիշեցէ՛ք անպայման, քարոզչական մեքնան, գեղագիտական եւ նորաձեւութեան արտադրութիւնները դրամ կը շահին համոզելով կանանց, թէ իրենց մարմինները լաւ չեն երեւիր եւ այդ հագուստները կրելու համար չափազանց նիհար պէտք է ըլլալ: Այս մէկը հաստատուած է ուտելու անկանոնութիւններու մասնագէտներու կողմէ West Hartford համալսարանի մէջ:
2- Դրականը տեսէ՛ք: Կարգ մը մասնգէտներ կը հաստատեն, թէ բազմաթիւ կանայք կը գանգատին իրենց մարմինէն եւ անիկա ատելի կը գտնեն, որովհետեւ անիկա նորաձեւութեան մէկ երեւոյթն է: Դուք ձեզ այդ վիճակին մէջ կը զգա՞ք, այդ պարագային պարզապէս յայտնաբերեցէ՛ք ձեր ուժեղ կողմերը, հպարտացէ՛ք ու կեդրոնացէ՛ք անոնց վրայ, անտեսելով ձեր մարմնի մանր ու աննշան տգեղութիւնները: Յիշեցէ՛ք, եթէ անձամբ հիանաք ձեր անձին վրայ, ձեզ դիտողները եւս պիտի հիանան ձեր վրայ:
3- Կեդրոնացումը փոխեցէ՛ք: Կարգ մը կիներու մօտ կը կարծուի, թէ ամէն ինչ բացառիկ կրնար ըլլալ եթէ իրենց մարմինը կատարեալ, իրենց ուզածին պէս ըլլար: Անոր համար իրենք զիրենք կը չարչարեն ու կը տառապեցնեն: Այս մէկը մոռնալու համար պարզապէս այլ բանով զբաղեցէ՛ք, որ ձեզի աւելի լաւ ու ինքնավստահ կը զգացնէ ու կը գոհացնէ: Յիշեցէ՛ք, մարդոց արժէքը իրենց կշիռքէն կախեալ չէ: Ինչ որ էք, շատ աւելին կ’արժէ քան ինչ որ կը կշռէք:
4- Գնահատեցէ՛ք ձեր մարմինը եւ ուրախ եղէ՛ք անոր ձեզի պարգեւած բարիքներուն համար եւ ոչ թէ անոր երեւոյթին համար: Յիշեցէ՛ք, եթէ դուք ուրախ եւ գոհ զգաք ձեր մարմնով այդ մէկը ձեզի աւելի ուշագրաւ պիտի դարձնէ:
5- Ձեր մարմնին բարեկամը դարձէ՛ք եւ ոչ թէ թշնամին: Անպայման կշիռք կորսնցնելու մասին մտածելու փոխարէն, մտածեցէ՛ք հաւասարակշռուած սննդականոնի մասին, որ պիտի նպաստէ ձեր առողջութեան երկար ժամանակուայ համար: Այնպիսի կշիռք մը դարձուցէ՛ք ձեր նպատակակէտը, որ կը յարմարի ձեր վիճակին. երազային չափերու մասին մի՛ մտածէք: Առանց չափազանց գիրնալու, առողջ ապրեցէ՛ք, սննդարար ուտելով ու ամէնէն կարեւորը՝ հաւասարակշռուած պահելով դուք ձեզ: Այսպէս շատ լաւ պիտի զգաք: Յիշեցէ՛ք, ձեր գլուխը վեհ պահած քալեցէ՛ք եւ հպարտ զգացէ՛ք դուք ձեզմով: Այսպէս ինքնավստահ կ’ըլլաք եւ ամէն անգամ դուք ձեզ չէք նուաստացներ:
****************************************************************
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Սիրոյ մէջ տղամարդն ընբոշխնում է իր զգացած երջանկութիւնը: Կինը ընբոշխնում է իր պարգեւած երջանկութիւնը: Տղամարդու երջանկութիւնը իր ցանկութիւններին գոհացում տալն է, իսկ կնոջ երջանկութիւնը՝ այդ ցանկութիւններին ծնունդ տալը: ՄԵԼԱՆ
Եթէ սատանան սիրելու կարող ըլլար, չար ըլլալէ պիտի դադրէր: Ֆելլի
Ինքնավստահութիւնը առաջին պայմանն է յաջողութեան: ՃԱՆՍԸՆ
Ի՞նչ են երիտասարդութիւն, ծերութիւն եւ մահ, եթէ ոչ պատերազմ, զինադուլ եւ խաղաղաութիւն: ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ
Արժանիքը մարդուն հետ կը ծնի: Երջանիկ է այն մարդը, որ անով կը մեռնի:
ԹԱԳՈՒՀԻ ՔՐԻՍԹԻՆԱ