Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած Մարի Եովանովիչի
թեկնածութեան վաւերացումը, իր մեծաւորներուն կողմէ անոր թեկնածութեան առաջադրման մէջ գործած սխալներուն պատճառով, անհարկի կերպով կ՚ուշացուի։ Հակառակ իրերայաջորդ պահանջներուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով մերժած է նախկին դեսպան Ճոն Էվընզի վտարման եւ անոր ապագայ փոխարինման առաջնորդող դէպքերը քննելու համար ամերիկահայ մեծագոյն կազմակերպութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ հանդիպիլ։
Երկու տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներուն Երեւանի մէջ դեսպան մը չունենալուն իրողութիւնը Պուշի վարչակազմին յանցանքն է։ Սկսելու համար, Սպիտակ տունը մեծապէս ատակ արտաքին ծառայութեան պաշտօնեայ դեսպան Ճոն Էվընզը անարդար կերպով յետս կոչեց, ապա առաջադրեց դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտը՝ Ցեղասպանութիւն հերքող մը, որուն թեկնածութիւնը յետս կոչուեցաւ, երբ յստակ դարձաւ, թէ ծերակոյտը զայն պիտի չվաւերացնէ։
Նախագահ Պուշ իր նախագահութեան նստաշրջանին մինչեւ վերջին ամիսները սպասեց նորագոյն թեկնածուն՝ դեսպան Եովանովիչը առաջադրելու համար։ Փոխան Հայաստանի մէջ նոր դեսպանի մը նշանակումը դիւրացնելու կերպեր փնտռելու՝ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները ամբողջովին անտեսած են այս անելէն ելքին օժանդակելու ամերիկահայ համայնքին առաջարկներն ու բարիկամեցողական քայլերը։ Կարեւոր է նշել, որ ամերիկահայ կազմակերպութիւններէն ոչ մէկը ծերակոյտէն պահանջած է տիկին Եովանովիչի թեկնածութիւնը մերժել, ինչպէս եղած էր դեսպան Հոկլընտի իրենց ընդդիմութեան պարագային։ Աւելի՛ն. Հայաստանի կառավարութիւնը շարունակ փափաք յայտնած է Երեւանի մէջ կարելի եղածին չափ
շուտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան մը ունենալու։ Դեսպան Եովանովիչ նեղութիւն պատճառող վիճակի մը մէջ կը գտնուի։ Ան արտաքին գործոց նախարարութեան իր մեծաւորներուն կողմէ կը ստիպուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ծերակուտականներուն հարցումներուն խուսափողական եւ անկապ պատասխաններ տալու։ Եթէ անոր ձեռքերը կապուած չըլլային, իբրեւ ատակ եւ արհեստավարժ դիւանագէտ մը՝ ան ամբողջովին կարող է իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն ճշմարիտ պատասխաններ տալու։
Նացիներու կողմէ հալածուած ըլլալու իր ընտանիքին անցեալին լոյսին տակ, ծերակոյտի ունկնդրութեան ատեն ան ճշմարիտ կարեկցանքով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի հսկայական տառապանքին մասին։
Նախկին յօդուածի մը մէջ հաղորդեցի դեսպան Եովանովիչի պատասխանները ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ութ անդամներուն, որոնք 19 Յունիսին անոր ունկնդրութենէն ետք գրաւոր հարցումներ ներկայացուցած էին։ Ստորեւ՝ մնացեալ երեք ծերակուտականներուն կողմէ ներկայացուած, վերջերս բացայայտուած հարցումներէն բաժիններ։
Ի տես դեսպան Եովանովիչի երկարաշունչ եւ խուսափողական պատասխաններուն, ծերակուտականներու հարցումներուն կողքին, կը ներկայացնեմ անոր համեմատաբար աւելի իմաստալից պատասխանները։
Ծերակուտական Պարաք Օպամա (Դեմոկրատական-Իլինոյ).
– «Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Դեսպան Եովանովիչի պատասխանը.
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը ճանչնայ եւ կը սգայ օսմանեան կայսրութեան վերջաւորութեան զանգուածային սպանութիւնները, ցեղային մաքրագործումը եւ ստիպողական
տեղահանութիւնները, որոնք բնաջնջեցին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր»։
– «Հաստատուելու պարագային, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու համար ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէք»։ Ան պատասխանեց. «Հաստատուելու պարագային, ամէն Ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ոգեկոչման պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու աւանդութիւնը պիտի շարունակեմ։ Այս պատմական մեծ աղէտին պիտի ակնարկեմ օգտագործելով «Մեծ Եղեռն» եզրը, որ Հայաստանի մէջ յաճախ կը գործածուի ակնարկելու համար պատմութեան այդ մութ էջին»։
– «Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու յաւելեալ ուսումնասիրութիւնը քաջալերելու համար արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի՞նչ քայլերու կը դիմէ»։
– «Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկումը ապաքրէականացնելու համար Անգարայի մէջ քու պաշտօնակիցներուդ հետ ինչպէ՞ս պիտի գործակցիս։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գո՞հ է Ցեղասպանութեան մասին խօսելնուն համար Հրանդ Տինքի նման անհատները դատի ենթարկել արտօնող թրքական քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածի վերջերս կատարուած բարեփոխումներով»։
Ծերակուտական Նորմ Քոլմըն (հանրապետական-Մինըսոթա).
– «Կ՚ընդունի՞ք, թէ 1915ի դէպքերը կը ներառէին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ բռնի աքսորի եւ սպանութեան ճամբով 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը»։ Ան պատասխանեց. «Այո՛»։
– «Քու կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ ի՞նչ յատուկ քայլերու պէտք է դիմեն համոզելու համար
թրքական կառավարութիւնը, թէ Ցեղասպանութեան մերժումի միջազգային արշաւն ու մարդկութեան դէմ այս ոճիրը վերահաստատելու ձգտող երրորդ կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնելը շինիչ նպատակներ չի հետապնդեր»։
– «Իբրեւ Հայաստանի մէջ դեսպան, ի՞նչ պիտի ընէք Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդին վստահեցնելու համար, թէ Միացեալ Նահանգներ կը գիտակցին 1915ի դէպքերուն իրողութեանց եւ անոր ներկայ չլուծուած հետեւանքներուն»։
– «Ինչպէս գիտէք, Հայաստան կը շարունակէ Թուրքիոյ առանց նախապայմաններու՝ ամբողջական յարաբերութիւններ եւ պատմական եւ ներկայիս երկու երկիրները իրարմէ զատող ժամանակակից հարցերու քննարկման համար երկկողմանի յանձնախումբ մը առաջարկել։ Իբրեւ Հայաստանի մէջ դեսպան, Թուրքիոյ մէջ ծառայող ձեր պաշտօնակիցին հետ ի՞նչ յատուկ քայլերու պիտի դիմէք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումը արագացնելու համար եւ երկկողմանի յանձնախումբի կազմութեան Հայաստանի առաջարկին Թուրքիոյ կողմէ դրական պատասխանի մը ապահովման համար»։
Ծերակուտական Ռասըլ Ֆայնկոլտ (դեմոկրատական-Ուիսքանսըն).
– «Ի՞նչ պայմաններ պէտք է ամբողջանան, որպէսզի վարչակազմը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին աւելի քան 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ի վերջոյ ճանչնայ իբրեւ «ցեղասպանութիւն»։ Մասնաւորաբար, եթէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, Միացեալ Նահանգներ եւս պիտի ճանչնա՞ն զայն։ Առաւել, Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախագահին քաղաքականութիւնը ինչո՞վ կը տարբերի թրքական կառավարութեան քաղաքականութենէն»։ Իր պատասխանին մէջ դեսպան Եովանովիչ յստակ տարբերութիւն մը դրաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան իրողութեանց ճանաչման եւ Թուրքիոյ մերժողականութեան միջեւ։
– «Հաստատուելու պարագային, ինչպէ՞ս պիտի աշխատիք հայ-թրքական հաշտութիւնը քաջալերել ուղղութեամբ մը, որ պիտի առաջնորդէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման»։
Այժմ կը մնայ տեսնել, թէ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը դեսպան Եովանովիչի պատասխանները գոհացուցիչ պիտի գտնէ՞։ Ապա թէ ոչ, ծերակուտական Պարպրա Պաքսըր (դեմոկրատական-Քալիֆորնիա), որ անցեալ ամիս անոր թեկնածութեան վաւերացումը ուշացուց, կրնայ դարձեալ այդ քայլին դիմել։ Մէկ այլ յետաձգում մը, ամառուան ընթացքին ծերակոյտի գործունէութեան դադրեցման եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պատճառով, կրնայ գործնականապէս սպաննել անոր թեկնածութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ նախագահը կրնայ դարձեալ առաջադրել անոր անունը եւ կրնայ անոր արտօնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսել։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»