Սպահանի «Դարւիշխան» երաժշտական դպրոցի նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 24ի եւ 25ի երեկոյեան, Սպահանի «ֆարշչեան» մշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համբիկ Ալեքսանտրեանի եւ ջութակահար Սայիտ Հոմայունի դասական երաժշտական ելոյթը:
Դասական երաժշտութեան արուեստագէտները հայ եւ պարսիկ հանդիսատեսը անգամ մը եւս հիացուցին իրենց կատարողութեան բարձր մակարդակով, ինչպէս նաեւ՝ երաժշտական կտորներու ընտրութեան բարձր ճաշակով:
Պախի, Շուպերթի, Վիվալտիի եւ ուրիշներու կողքին ներկայացուեցաւ նաեւ Կոմիտասը՝ պարսիկ հանդիսատեսին ծանօթացնելով հայ երաժշտութեան գոհարներէն հատուածներ:
Ելոյթի աւարտին, նախաձեռնող դպրոցի տնօրէնութիւնը գնահատագիրներով պատուեց արուեստագէտները: