ԵՐԵՒԱՆ.- Այսօր, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանի օրակարգին վրայ է Սեւանա լիճէն դուրս բերուող ջուրի տարեկան առաւելագոյն չափաքանակը 360 միլիոն խորանարդ մեթր (240 միլիոն խորհանարդ մեթրի փոխարէն) սահմանելու հարցը: Բնապահպանները կը պնդեն, որ լիճին մակարդակը այս կարգադրութեան պատճառով կ’իջնէ՝ ճահճացում սպառնալով: Այս մտահոգութեամբ, բնապահպանները այսօր որոշած են բողոքի ցոյց կատարել խորհրդարանի շէնքին մօտ:
Սեւանէն նախատեսուածէն աւելի ջուր դուրս բերելու որոշում մը այս տարի արդէն առնուած է: Յունիսին, Ազգային ժողովը որոշած էր Սեւանէն հանուող ջուրի տարեկան առաւելագոյն չափաքանակ սահմանել 240 միլիոն խորանարդ մեթր՝ 170 միլիոն խորանարդ մեթրի փոխարէն:
Չրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի վարչութեան պետ Մհեր Մկրտումեան վերջերս լրագրողներուն յայտնած էր, որ Սեւանէն դուրս հանուող ջուրի տարեկան առաւելագոյն չափաքանակը 120 միլիոն խորանարդ մեթրով աւելցնելու որոշման հիմնական պատճառը այս տարուան չորային ըլլալն է. ջրամբարները դատարկ են:
«Յանուն կայուն մարդկային զարգացման» ընկերակցութեան նախագահ
Կարինէ Դանիէլեանի համար անհասկնալի է այդպիսի շռայլութեան պատճառները. «Տարին աննախադէպ չէ, աւելի վատ տարիներ էլ ենք ունեցել եւ շատ աւելի քիչ ջուր ենք վերցրել Սեւանից», կ’ըսէ Դանիէլեան:
Բնապահպանը մտավախութիւն ունի, որ «Սեւանի բարձրացող ալիքները բախւում են ափամերձ կառոյցների տէրերի շահերին»:
Ներկայիս, Սեւանի ջուրի մակարդակը 1,899.2 մեթր է. անցեալ տարուան համեմատութեամբ լիճին մակարդակը բարձրացած է շուրջ 54 սանթիմեթրով: Այս որոշման հետեւանքով կը նախատեսուի, որ Սեւանի մակարդակը իջնէ 9 սանթիմեթրով, սակայն Կարինէ Դանիէլեան այդքան լաւատես չէ: «Դա այդպէս չէ. կարող է բաւականին մեծ կորուստ լինի: Չերմաստիճանը բարձր է, Սեւանից նաեւ գոլորշիացումը բարձր է: Հնարաւոր է, որ բացասական լինի բալանսը, ջրի մակարդակը իջնի: Մենք անհանգստացած ենք, որ սկզբունքօրէն սկսւում է այդ գործընթացը, որ լճի բարձրացումը կը կասեցուի: Իսկ եթէ դա տեղի ունեցաւ, այո՛, լիճը ճահճանալու է», նախազգուշացուց բողոքի ցոյցը կազմակերպողը: