Կարգ մը միջերկրականեան երկիրներու հայ քաղաքացիներ իւրայատուկ առիթը ունին, առանց փաստաբան մը վարձելու կամ դատարան դիմելու, Թուրքիոյ մէջ իրենց ինչքերը պահանջելու։
Թրքական օրաթերթ մը անցեալ շաբաթ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք իրենց ինչքերը կորսնցուցած քաղաքացիներու հողերու փոխադարձ պահանջներուն վերաբերեալ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի հետ բանակցութիւններ կը վարէ։
Ըստ «Թուտէյզ Զաման»ի 23 Օգոստոս 2008ի թիւին մէջ լոյս տեսած Էրքան Եաւուզի յօդուածին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան այս հին հարցը արծարծած են վերջերս Թուրքիոյ մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին, սակայն ձախողած են փոխադարձ ընդունելի լուծում մը գտնելու:
Թուրքիա կ’ըսէ, թէ իր քաղաքացիները Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ 750 հազար քառակուսի մեթր հողեր ունին։ Թուրք պաշտօնատարներ նաեւ կ’ըսեն, թէ սուրիական պետութիւնը գրաւած է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն պատկանող հողերը։ Հակադարձ քայլով մը Անգարա 1966ին գրաւեց Թուրքիոյ մէջ սուրիացի քաղաքացիներուն ինչքերը։ Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, Թուրքիա եւ Սուրիա 1972ին համաձայնութիւն մը ստորագրեցին եւ վէճի նիւթ եղող ինչքերը ցանկագրելու միացեալ յանձնախումբ մը կազմեցին։ «Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ՝ «թուրք քաղաքացիներ Սուրիոյ մէջ 2411 կալուածագիրներ ունին, որոնցմէ 2108ը յանձնախումբին ներկայացուած են առ ի վաւերացում»։
Ըստ Եաւուզի յօդուածին, յանձնախումբը հաստատած է, որ թուրք քաղաքացիները Սուրիոյ մէջ 2534 կալուածներ ունին, որոնց շարքին՝ 250 հազար քառակուսի մեթր հողատարածք, 1576 տուն եւ 3,533,844 սուրիական թղթոսկի։ Այս կալուածագիրներուն մէկ մասը մերժուած է սուրիական կառավարութեան կողմէ, իսկ 700 այլ կալուածագիրներու կարգավիճակը կարելի չէ եղած լուծել։ Սուրիա նաեւ մերժած է ներկայացուած 987 թղթածրարներէն 276ը, եւ 711 պարագաներու վերաբերեալ դեռ որոշում չէ տրուած։ Սուրիա հաստատած է, թէ թուրք քաղաքացիներ Սուրիոյ մէջ 250,000 քառակուսի մեթր հողեր ունին, նոյն ատեն յայտնելով, որ իր քաղաքացիները Թուրքիոյ մէջ հաւասար տարածքով հողեր ունին։ Միւս կողմէ՝ Թուրքիա ըսած է, թէ իր քաղաքացիները Սուրիոյ մէջ վերոնշեալին կրկնապատիկ տարածքով հողեր ունին։
Թուրքիա նոյնպիսի վէճ ունի Իրաքի եւ Եգիպտոսի հետ։ Իրաք 1961ին օրէնք մը որդեգրեց՝ արգիլելով թուրք քաղաքացիներուն մէկ տունէ եւ մէկ գործատեղիէ աւելի գնել։ Ապա, ըստ «Թուտէյզ Զաման»ի, Իրաք հրամայեց ծախել կամ գրաւել թուրք քաղաքացիներուն պատկանող ինչքերը։ 1985ին Թուրքիա եւ Իրաք համաձայնեցան փոխադարձաբար երկու երկիրներուն մէջ ինչքեր ունեցողներուն հինգ տարուան պայմանաժամ տալ՝ պահանջ ներկայացնելու համար։ Հետագային պայմանաժամը երկու անգամ երկարաձգուեցաւ։ Թուրքիա Իրաք ուղարկեց հողային կալուածի 87 թղթածրարներ, որոնցմէ 53ը Իրաքի կողմէ մերժուած է։ Թուրքիա ըսաւ, թէ իր քաղաքացիները Իրաքի մէջ ունին շուրջ 160 հազար քառակուսի մեթր հող, 150 շէնք, 11 բարեսիրական հիմնարկներ, աւելի քան 2 միլիոն իրաքեան տինար եւ 8000 սթերլին։ Միւս կողմէ՝ Իրաք կ’ըսէ, թէ իր քաղաքացիները Թուրքիոյ մէջ 48 շէնք ունին եւ 11 հողաշերտ։ Իրաքի ամերիկեան ներխուժումը ընդհատած է այս պահանջներուն լուծումը։
Թուրքիա 1982ին նաեւ համաձայնութիւն մը կնքեց Եգիպտոսի հետ՝ լուծելու համար իրենց կալուածներու վէճը։ Ըստ «Թուտէյզ Զաման»ի, Եգիպտոսի մէջ կալուածներ պահանջող թուրք քաղաքացիներու կողմէ 1590 թղթածրար ներկայացուած է: Եգիպտական պետութիւնը այդ թղթածրարներէն 256ը ընդունած է։ Առաւել, Թուրքիա կ’ըսէ, թէ եգիպտական պետութիւնը համաձայն գտնուելով, որ Եգիպտոսի մէջ 31 մարդասիրական հիմնարկներ թուրք քաղաքացիներու կը պատկանին, 72 թուրք քաղաքացիներու աւելի քան 95 հազար տոլար վճարած է։
Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ հայկական գլխաւոր կազմակերպութիւնները պէտք է կապ հաստատեն իրենց պետութիւններու պաշտօնատարներուն հետ եւ ստուգեն «Թուտէյզ Զաման»ի կողմէ հաղորդուած լուրը։ Եթէ թրքական տեղեկագրութիւնը ճիշդ է, այդ կազմակերպութիւնները պէտք է իրենց երկիրներու, ներառեալ արտասահման բնակող հայ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեն՝ իրենց կալուածագիրներու կրկնօրինակները կամ սեփականութիւնը հաստատող այլ փաստաթուղթեր ներկայացնեն։ Ապա կազմակերպութիւնները կը հետապնդեն հայկական պահանջները Թուրքիոյ հետ իրենց կառավարութիւններու բանակցութիւններուն մէջ ներառելու՝ պահանջելով կա՛մ հայապատկան հողերու վերադարձը եւ կա՛մ կորսուած կալուածներուն համար արդար փոխհատուցում մը։
Այս մօտեցումին հիմնական առաւելութիւնը այն է, որ հայերը պէտք չունին փաստաբաններ վարձելու եւ դատարան դիմելու, որովհետեւ արաբական երեք երկիրներու պաշտօնատարները, յանուն իրենց քաղաքացիներուն, այսպիսի փոխադարձ պահանջներ լուծելու համար ուղղակի կերպով կը բանակցին իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ։
Այս մէկը իւրայատուկ առիթ մըն է, զոր հայերը անմիջապէս պէտք է օգտագործեն։ Անգամ մը որ առկախ կալուածներու տիրութեան վէճերը լուծուին, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի հայ քաղաքացիները կրնան դարձեալ առիթ չունենալ Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց կալուածները պահանջելու։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»