Հայաստան այցելելու կարեւոր հանգրուաններէն մէկը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Էջմիածինի մէջ Կիրակի առաւօտ պատարագի ներկայ գտնուելու առիթը օգտագործելն է։
Հեւքոտ հանդիպումներու շաբաթէ մը եւ հայկական ու թրքական ազգային խումբերուն միջեւ քաղաքական լարուածութեամբ ֆութպոլի մրցումէ մը ետք, անհամբեր էինք ներկայ գտնուելու Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ հանգստացնող եւ հոգեւոր վերացում պարգեւող փորձառութեան մը։
Մայր տաճարը սովորականին նման լեցուած էր Հայաստանէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած հաւատացեալներով։ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ներկայ չէր, որովհետեւ ռուսական Ռոստով քաղաքին մէջ հայկական նոր եկեղեցի մը օծելու մեկնած էր։
Պատարագին կիսուն եւրոպացիի դիմագիծով շուրջ 20 տարեկան մարդ մը յանկարծ հաւատացեալներու շարքերէն դուրս եկաւ եւ խորանին առջեւ գտնուող կրօնաւորներուն յատկացուած սրբարանին ճիշդ կիսուն կանգնեցաւ։ Ան ո՛չ շարժեցաւ, ո՛չ ալ բան մը ըսաւ։ Բոլորը սկսան զինք դիտել զարմացած, թէ ի՛նչ կ’ընէ այդտեղ։
Քանի որ երիտասարդը սովորական հագուստ մը հագած էր եւ զբօսաշրջիկի կը նմանէր, թուեցաւ, թէ ան կը փորձէր աւելի լաւ տեսնել տաճարին հոյակապ խորանը։ Ոմանք կրնան մտածած ըլլալ, որ ան հաղորդուելու համար քիչ մը կանուխ յառաջ անցած է։ Հետագայի պատահածը ոչ ոք նախատեսեց։
Նկատի ունենալով, որ սրբարանին մէջ այս անձին ներկայութիւնը հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը կը ցրուէ, եկեղեցւոյ պաշտօնեայ մը իրեն մօտեցաւ՝ խնդրելու համար, որ իր պատշաճ տեղը վերադառնայ։ Նախքան կրօնաւոր մը իրեն հետ խօսիլ կարենալը, անծանօթը մեծ ոստում մը կատարելով՝ կանգնեցաւ հինգ ոտք բարձրութեամբ խորանին վրայ, մինչ հաւատացեալները, ի տես այս անսպասելի զարգացումին, իրենց շունչերը բռնեցին։
Երբ այս կասկածելի անծանօթը պատարագիչին կռնակին մօտեցաւ, խորանին վրայ ծառայող ութ սարկաւագները վրան խուժեցին, սակայն զարմանալիօրէն անկարող եղան զայն զսպելու։ Մինչ ճակատումը խորանին վրայ տապլտկող մարդոց միջեւ աղմկոտ կռիւի վերածուեցաւ, այլ կրօնաւորներ եւ հաւատացեալներ փութացին անծանօթը զսպելու գործին օգնելու։
Անծանօթին ներկայացուցած ֆիզիքական վտանգէն անդին, անմիջական մտահոգութեան աղբիւր մըն էր խորանին եզերքին կաթսայի մը մէջ զետեղուած Սբ. միւռոնը, որուն եօթը տարին անգամ մը կատարուող պատրաստութիւնը 40 օր կը տեւէ։ Իրարանցումին մէջ կաթսան կրնար դիւրութեամբ շրջուիլ եւ անոր սուրբ պարունակութիւնը թափիլ, ինչ որ մեծ սրբապղծութիւն մը պիտի ըլլար։
Հրաշքով կաթսային վնաս չհասաւ։ Սակայն մինչ աղմկոտ կռիւը քանի մը վայրկեան եւս շարունակուեցաւ, երիտասարդը Հնդկաստանի հայ համայնքին կողմէ խորանին նուիրուած 400ամեայ յարգի վարագոյրին կառչեցաւ։ Եկեղեցական մը պահ մը յաջողեցաւ վարագոյրը երիտասարդին ձեռքէն քաշել, սակայն մինչ շուրջ վեց սարկաւագներով խորանի աստիճաններէն վար կը տարուէր՝ ան անգամ մը եւս կառչեցաւ վարագոյրին եւ այս եկեղեցական արժէքաւոր զարդարանքը պատռեց, մեծ ցաւ պատճառելով այդ տխուր դէպքին ականատես եղողներուն։
Ծիսակատարութիւնը խանգարելէ ետք երիտասարդը տաճարէն դուրս հանուեցաւ եւ գետին փռուեցաւ, ուր հանդարտ մնաց եւ յաւելեալ յարձակողապաշտութեան կամ դիմադրութեան նշաններ ցոյց չտուաւ։ Ի յայտ եկաւ, որ ան հոգեկան բարդութիւններ ունեցող աւստրալիացի զբօսաշրջիկ մըն է։ Իր հայրենակիցներէն մէկը յայտնեց, որ ան այդ առաւօտ իր խանգարիչ վարուելակերպը հան-գստացնող դեղերը չէր առած։
Կաթողիկոսին եւ անոր անմիջական շրջապատին բացակայութեան պատճառով կը թուէր, որ տեղւոյն վրայ պատասխանատու մը չկար։ Բարձրաստիճան կրօնաւորները այդ առաւօտ Սբ. պատարագին ներկայ չէին։ Կարգ մը ականատեսներ յայտնեցին, որ երիտասարդը պէտք է ազատ արձակուի, որովհետեւ խանգարուած անձ մըն է։ Ուրիշներ զայրացած պոռացին, թէ ան պէտք է ձերբակալուի եւ հարցաքննուի, որովհետեւ տաճարին արժէքաւոր վարագոյրը պատռեց։
Անհաւատալիօրէն մինչեւ կէս ժամ ո՛չ ոստիկան մը, ո՛չ ալ ապահովութեան պահակ մը երեւաց։
Երբ եկեղեցւոյ մէկ պաշտօնատարին հարցուցի, թէ ինչո՞ւ ապահովութիւն չկայ, ան ըսաւ, թէ Էջմիածինի սրբավայրին մէջ ո՛չ ոքի արտօնուած է զէնք կրել։ Երեւանի մէջ ոստիկաններու եւ բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու քանի մը հեռաձայններէ ետք, առանց զէնքի եւ մահակի ոստիկաններ ժամանեցին։ Քանի մը վայրկեան ետք անզէն հինգ այլ ոստիկաններ եկան։
Հետագային մեզի ըսուեցաւ, թէ ոստիկանութիւնը որոշած է խանգարիչը ձերբակալել։
Բարեբախտաբար, թէեւ պատարագը խանգարուեցաւ, սուրբ խորանը սրբապղծուեցաւ եւ եկեղեցական արժէքաւոր վարագոյրի մը անդարմանելի վնաս հասաւ, սակայն, այս անգամ ո՛չ ոք վնասուեցաւ։ Մտահոգութիւնն այն է, որ եթէ հայ պաշտօնատարները այս դէպքէն արժէքաւոր դաս մը չսորվին, ապա վեհափառը, կրօնաւորները, հարիւրաւոր հաւատացեալներ եւ ինքնին տաճարը կրնայ վտանգուիլ, երբ անծանօթ զինեալ մը ապահովական միջոցառումներէ զուրկ եկեղեցւոյ շրջափակը մտնէ։
Առնուազն՝ մօտակայ վայրի մը մէջ տեղակայուած ոստիկաններ պէտք է ըլլան՝ պաշտպանելու համար թէ՛ տաճարը եւ թէ՛ կաթողիկոսարանը։ Դժբախտաբար անցած են այն օրերը, երբ աղօթավայրի մը սրբութիւնը կը յարգուէր։ 10 տարի առաջ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնատարներու սպանութիւնը պէտք է անմոռանալի դաս մը ըլլայ։
Եկեղեցական ղեկավարներ եւ պետական պաշտօնատարներ պէտք է կանխարգիլող ամէն քայլի դիմեն՝ այլ մեծ ողբերգութեան մը կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»