Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, թէ հայաստանցի եւ թուրք ղեկավարները վերջին շաբաթներուն համաձայնած են սառեցման ենթարկուած իրենց երկարատեւ յարաբերութիւնները բարելաւել հետեւեալ պայմաններով. Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանները պիտի բանայ, Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ եւ կազմէ շարք մը միջկառավարական յանձնախումբեր, որոնցմէ մէկը պիտի զբաղի Օսմանեան-հայ յարաբերութիւններով՝ ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ հայեր լուրջ վերապահութիւններ ունին մասնայատուկ կերպով Ցեղասպանութեան հարցին նուիրուած պատմական յանձնախումբի մը մասնակցելու Հայաստանի իշխանութեանց ակներեւ պատրաստակամութեան նկատմամբ։ Թուրք պաշտօնատարներ շարունակ յայտնած են, որ միացեալ յանձնախումբի մը հայերու մասնակցութիւնը ապահովելու իրենց հետապնդած նպատակը այլ երկիրներ տարհամոզելն է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշումներ որդեգրելէ։
Հայ-թրքական մերձեցման մէկ այլ արգելք մըն է Արցախի տագնապը։ Տարիներէ ի վեր Անգարա հայկական ուժերու Արցախէն հեռացումը Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման նախապայմանի վերածած է։
Նախորդ շաբաթ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները կը գտնուէին Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին։ Մինչ յստակ չէ, թէ երեք արտաքին գործոց նախարարները իրենց անձնական հանդիպումին ընթացքին ի՛նչ քննարկած են, կարելի է քննարկումներուն վերաբերեալ որոշ գաղափար մը կազմել ՄԱԿի մէջ թուրք, հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու արտասանած խօսքերէն։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր խօսքը արտասանեց 23 Սեպտեմբերին, եւ Թուրքիոյ վերջին դիւանագիտական նախաձեռնութիւններուն մասին փայլուն տեղեկագիր մը ներկայացուց։ Անոր նպատակն էր ՄԱԿի անդամները համոզել՝ յառաջիկայ ամիս Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ոչ մնայուն աթոռի մը Թուրքիոյ թեկնածութեան զօրակցիլ, ինչպէս նաեւ՝ դիւրացնել իր երկրին Եւրոպական միութեան հետագայ անդամակցութիւնը։ Ի տարբերութիւն ՄԱԿի մէջ կայացած նախորդ ելոյթներուն, երբ հայաստանցի եւ թուրք պաշտօնատարները սուր բանավէճեր կ’ունենային, նախագահ Կիւլ իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Սեպտեմբերի սկիզբը Հայաստան եւ Ատրպէյճան իր այցելութիւններուն վրայ եւ յոյս յայտնեց, որ շրջանին մէջ սառեցուած տագնապները, «ներառեալ գրաւեալ Լեռնային Ղարաբաղը» պիտի լուծուին «հիմնուելով հողային ամբողջականութեան սկզբունքի յարգումին վրայ»։
Երկու օր ետք նախագահ Սար-գսեան խօսք առաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին դիմաց՝ յիշելով երկու երկիրներու ազգային խումբերուն միջեւ ֆութպոլի մրցումը դիտելու համար նախագահ Կիւլին ուղղուած Երեւան այցելելու իր հրաւէրը։ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ «զինք իմ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» համահեղինակ դարձնող իմ հրաւէրիս Թուրքիոյ նախագահի ընդառաջման քաջ որոշումով ուրախ եմ»։
Նախագահը նաեւ ըսաւ, թէ «համոզուած եմ, որ հայթրքական հարցերը լուծելու ժամանակը հասած է, եւ այս հարցին վերաբերեալ նախագահ Կիւլի մօտ նոյնպիսի վճռակամութիւն մը նկատեցի։ Համոզուած եմ, որ պէտք է ճիշդ ուղղութեամբ արագ եւ վճռակամ շարժիլ»։
Ի տարբերութիւն նախագահ Կիւլի հասցէին ուղղուած իր քաղաքավար խօսքերուն՝ պրն. Սարգսեան խիստ կերպով քննադատեց Ատրպէյճանը։ Ան մանրամասն կերպով քննարկեց Արցախի եւ անոր ինքնորոշման, մինչեւ իսկ անկախութեան իրաւունքը։ Ան քննադատեց ՄԱԿի 39 անդամները, որոնք այս տարուան սկիզբը քուէարկեցին ի նպաստ ատրպէյճանամէտ որոշումի մը, որ ատրպէյճանցի ղեկավարները քաջալերեց աւելի յարձակողապաշտ ըլլալու։ Նախագահ Սարգսեան իր խօսքը աւարտեց հայերը նկարագրելով իբրեւ «ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ մը»։
Հետաքրքրական է, որ նախագահ Սարգսեան ՄԱԿի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով իր խօսքը արտասանեց հայերէնով։ Հակառակ հմուտ ռուսախօս մը ըլլալուն՝ ան խօսեցաւ հայերէն, որ ՄԱԿի մէջ օգտագործուած միջազգային վեց լեզուներէն մէկը չէ։ Դժբախտաբար նախագահի խօսքին բաժնուած անգլերէն թարգմանութիւնը, որ ընդհանրապէս Հայաստանի անձնակազմին կողմէ լաւապէս թարգմանուած էր, մերթ ընդ մերթ կը շեղէր հայերէն բնագիրէն եւ կը փոխէր կարգ մը բառերու իմաստը։
Երկու օր ետք Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ընդհանուր ժողովին դիմաց խօսք արտասանեց եւ կոչ ուղղեց՝ «հայկական ուժերու գրաւեալ հողերէն հեռացման եւ այդ հողամասերուն վրայ Ատրպէյճանի ամբողջական գերիշխանութեան վերականգնման»։ Իր խօսքին մեծ բաժինը Արցախի տագնապին տրամադրելով՝ Մամետեարով գովաբանեց այն երկիրները, որոնք նախկին Ընդհանուր ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան ժամանակ կանգնեցան Ատրպէյճանի կողքին։
Բաւարար յստակ է, որ հայ եւ թուրք ղեկավարները ՄԱԿի մէջ իրենց խօսքերուն ընթացքին իրարու հետ քաղաքավարութեամբ եւ յարգանքով կը վարուին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք իրենց միջեւ մերձեցման մէջ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրեն. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պարագային, այս մէկը ճիշդ չէ։ Երկու երկիրներու պաշտօնատարները ՄԱԿի ամպիոնը օգտագործեցին իրենց տարակարծութիւնները հրապարակելու համար։
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա Արցախի տագնապին լուծումը Հայաստանի հետ իր յարաբերութեան լուծման նախապայմանի վերածած է, կը մնայ տեսնել, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող բանաւոր պատերազմը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման վրայ։
Ահաւասիկ յառաջիկայ շաբաթներու կամ ամիսներու ընթացքին շրջանային զարգացումներու հաւանական սենարիօ մը. Արցախի հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կապելէն դադրելէ ետք, Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բանայ եւ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ։ Փոխարէնը, Հայաստան պիտի մասնակցի Թուրքիոյ հետ պատմական յանձնախումբի մը եւ Արցախի կառավարութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի որոշ բաւարարութիւն տուող բարի կամեցողական քայլով մը պիտի հեռանայ ապահովական գօտիի վրայ հայերու համար մասնայատուկ պատմական եւ ռազմավարական նշանակութիւն չունեցող փոքր
բաժինէ մը։ Բայց եւ այնպէս, երբ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները անդրադառնան, որ հայերը Արցախի վերաբերեալ յաւելեալ զիջումներ կատարելու կը դժկամին, Թուրքիա պիտի խզէ Երեւանի հետ իր նոր հաստատած դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ անգամ մը եւս փակէ Հայաստանի հետ իր սահմանը։
Դժուար է կանխատեսել, եթէ այսպիսի սենարիօ մը պիտի իրականանայ։ Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի կամենա՞ն իրենց երկրին շահերը Ատրպէյճանի շահերէն վեր դասել։ Հայերը պիտի ընդունի՞ն Արցախի շուրջ գտնուող ապահովական գօտիի կարգ մը բաժիններէն հեռանալ։
Ատրպէյճանի մէջ նախագահական եւ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք աւելի յստակ պիտի դառնայ, եթէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նորափթիթ յարաբերութիւնը Արցախի տագնապի լուծման բացակայութեան պիտի շարունակէ՞ կենդանի մնալ։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»