Ամերիկայի հրէական կոմիտէի (ԱՀԿ) ռազմավարական ուսումնասիրութեանց տնօրէն Պարրի Ճէյքըպզ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան իր կազմակերպութենէն հանգստեան կը կոչուի։ ԱՀԿի պաշտօնատար մը հաստատեց «լաւ լուր»ը։ Ճէյքըպզի մեկնումը «լաւ լուր» կոչելուս պատճառն այն է, որ տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քոնկրէսական տարբեր որոշումներու որդեգրումը ականահարելու ԱՀԿի փորձերուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէր։
Քանի մը ամիս առաջ յօդուած մը գրեցի՝ կոչ ուղղելով իր երկարատեւ հակահայ գործունէութեան համար Ճէյքըպզը վտարել ԱՀԿէն։ Թէեւ վստահ եմ, որ յօդուածս ազդեցութիւն չունեցաւ անոր մեկնումին առնչութեամբ, սակայն ուրախ եմ, որ թրքական կառավարութեան մերժողական ցուցմունքները կատարելու համար ներկայ պիտի չըլլայ։
Ճէյքըպզի պաշտօնէն վտարման կոչը ուղղեցի Ուաշինկթընի մէջ 21 Փետրուարին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր-տնօրէն Արամ Համբարեանի հետ անոր տխրահռչակ հրապարակային բախումէն ետք։ Այդ ատեն Ճէյքըպզ յայտարարած էր. «Պատմագէտներ չենք, ինչ որ քաղաքավար, ապուշ ձեւ մըն է ըսելու համար, որ պատասխանատուութիւն պիտի չստանձնենք, 1915ի վերաբերեալ որոշում մը պիտի չտանք… Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները ծանր կերպով պիտի վնասուին, եթէ այս (Հայոց Ցեղասպանութեան) որոշումը որդեգրուի։ Հրէական համայնքը եւս այդ մէկուն կը հաւատայ, եւ այդ եղած է մեր կեցուածքը, եւ աշխարհը լաւի ու վատի միջեւ ընտրութիւններէ չէ կազմուած, առնուազն՝ ոչ Արտաքին ծառայութեան մէջ, երբ ես անոր անդամ էի. ան վատի եւ յոռեգոյնի միջեւ ընտրանքներէ կազմուած է։ Ուստի գործնական կեցուածքներ կ’որդեգրենք. հրէական բոլոր կազմակերպութիւններուն, ներառեալ՝ ԱՀԿի կեցուածքը տեղի ունեցածին իրողութեանց վրայ հիմնուած դիրքորոշում մը ունենալն էր, կամ՝ 1915ին պատահածին վերաբերեալ հրապարակային կեցուածք չորդեգրելն էր. չէինք կարծեր, չենք կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը այս հարցը լուծելու տեղն է եւ այս է այն բոլորը, զոր կրնամ ըսել ձեզի, եւ այդ է իսկական աշխարհը եւ այդ է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ու Իսրայէլի կառավարութեան դիրքորոշումը»։
Իր վերակացուներուն անվերապահ օրհնութեամբ, աւելի քան 10 տարիներ Ճէյքըպզ յարձակողապաշտ կերպով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու բոլոր ջանքերը ձախողութեան մատնելու արշաւ կատարեց։ 29 Յուլիս, 1999ին «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ ան խոստացաւ, որ հրէական կազմակերպութիւնները «Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ բարեկամները ըլլալու գործօն եւ աշխոյժ դեր մը պիտի ստանձնեն…: Մեր ամբողջ կարողութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ պիտի պաշտպանենք թրքական շահերը։ Պաշտօնապէս Քոնկրէսի մէջ Թուրքիոյ բարեկամները պիտի ըլլանք եւ աշխատանք պիտի տանինք, որ նպաստաւոր որոշումներ որդեգրուին»։
Խօսելով վճարովի լոպիիստի նման, աւելի քան մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչի՝ Ճէյքըպզ անամօթաբար յայտարարեց. «Կ’ուզենք Ուաշինկթընի ձեր (թրքական) դեսպանատան հետ, ամերիկացի թուրք համայնքին հետ եւ Թուրքիոյ բազմաթիւ բարեկամներուն հետ աշխատիլ եւ Քափիթըլ Հիլի մէջ մեր ճակատամարտերը շահիլ։ Կ’ուզենք, որ ամերիկացի ժողովուրդը եւ մեր ղեկավարները հասկնան Թուրքիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն ձեռքբերումները։ Կ’ուզենք, որ մեր լրատուամիջոցները ճշգրիտ կերպով արտացոլեն Թուրքիոյ կարեւորութիւնն ու ձեռքբերումները։ Չենք ուզեր, որ Թուրքիոյ բարեկամներ չեղողները մարդկային իրաւունքները կամ այլ հարցեր ձեր շահերուն դէմ օգտագործելու միջոցը ունենան»։
Ճէյքըպզ ընդունեց, որ ԱՀԿի Թուրքիոյ աշխոյժ կերպով զօրակցիլը «մեզ (հրէական կազմակերպութիւնները) ամերիկացի յոյներու եւ ամերիկահայերու հետ բացայայտ բախումի մը առաջնորդեց։ Այդ մէկը թրքական կառավարութեան կողմէ ողջունուեցաւ, սակայն մենք գինը վճարած ենք։ Գինը այն եղաւ, որ յոյն եւ հայ ամերիկացիները մեզմէ շատ ջղայնացան»։
Ճէյքըպզ ընդունեց, որ իր աշխոյժ կերպով թրքամէտ կեցուածքը դժգոհութիւն պատճառած է միչեւ իսկ իր կազմակերպութեան հրեայ անդամներուն, որոնք հարց տուած են. «Ինչո՞ւ կը զօրակցինք Թուրքիոյ, որ մարդկային իրաւանց ահաւոր վիճակ կը պարզէ»։
Որեւէ պատրանք չունիմ, որ Ճէյքըպզի հանգստեան կոչուիլը պիտի փոխէ իր կազմակերպութեան թրքամէտ օրակարգը։ Այնուամենայնիւ, թրքական մերժողականներու հետ աւելի քան տասնամեակներէ ի վեր աշխոյժ կապեր մշակած պաշտօնատարի մը մեկնումը, յոյսով ենք, որ կը նուազեցնէ հայկական հարցերու դէմ ԱՀԿի գործունէութեանց ազդեցութիւնը։ Նոյնպիսի կացութիւն մը կրնայ ստեղծուիլ, եթէ Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինքի (ADL) ազգային տնօրէն Ապրահամ Ֆաքսմըն հեռանայ ADL-ի մէջ իր ազդեցիկ պաշտօնէն։
Մինչ յստակ է, թէ ԱՀԿի կամ ADL-ի մասնայատուկ պաշտօնատարի մը հեռանալը պիտի չփոխէ այդ կազմակերպութիւններուն երկարատեւ թրքամէտ քաղաքականութիւնները, սակայն հաւասարապէս կարեւոր է ընդունիլ, որ վերջին տարիներուն հայ եւ հրեայ ղեկավարներու եւ անոնց համայնքներու անդամներուն միջեւ աւելի մտերիմ կապեր հաստատուած են։
Կարելի է յուսալ, որ Ճէյքըպզը եւ Ֆաքսմընը փոխարինողները վերատեսութեան ենթարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց կազմակերպութեան կասկածելի կեցուածքը եւ միանան հայ ժողովուրդի ողբերգական պատմութեան կարեկցող ու Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնները գործադրելու՝ իբրեւ գործիք օգտագործուելէն զայրացած հրեայ ղեկավարներուն հետզհետէ աճող շարքերուն։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»