ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 1ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նոր՝ Փարամազ Աւետիսեանի անունը կրող մասնաշէնքին, որուն առաջին յարկին վրայ զետեղուեցաւ բարերարին արձանը: Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գիտնականներ:
Նորաբաց մասնաշէնքը օրհնուեցաւ ձեռամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ, վարչապետ Տ. Սարգսեան նշեց, որ գործադիր մարմինները մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայեն կրթական բարեփոխումներուն: «Եթէ ուզում ենք աշխարհի հետ համահունչ զարգանալ, ապա պէտք է համաձայնենք, որ առաջնայինն ու կարեւորագոյնը գիտելիքն է»:
Վարչապետը նաեւ յայտնեց, թէ անցած դարը բուռն արդիւնաբերականացման դար էր, երբ պետութեան հզօրութիւնը կը չափուէր շատ բանուորներ ունեցող մեծ ձեռնարկութիւններով, մինչ 21րդ դարուն հիմնական արժէքը գիտելիքն է, որ կը գտնուի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը: Ան հաստատեց, որ տեղեկութիւնները արագօրէն ժամանակավրէպ կը դառնան եւ ուսումնական բոլոր հաստատութիւնները պէտք է նորութիւններ տրամադրեն. ան յիշեց, որ արդէն կնքուած է համաձայնութիւն «Մաքրոտնտեսութիւն» նոր մասնաճիւղի բացման ուղղութեամբ, որովհետեւ, ըստ վարչապետին, այս բնագաւառին մէջ քատրերու մեծ պահանջք կայ:
Համալսարանի նախագահ Յարութիւն Արմէնեանի խօսքով, մասնաշէնքի իրագործման համար մեծ դերակատարութիւն ունեցած են Հայաստանի նախկին եւ ներկայ նախագահները, Երեւանի քաղաքապետերը եւ ճարտարապետները:
Երեկոյին ընթացքին, Հայաստանի նախագահին հրամանով, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն ցուցաբերած իրենց աջակցութեան համար, բարերարներ՝ Ժիրայր Թրփանջեան եւ Էդուարդ Աւետիսեան, պարգեւատրուեցան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: