ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրախանութը հանդիպում մը կազմակերպած էր Ուիլեըմ Սարոյեանի մասին նոր գիրք մը հրատարակած երկու հեղինակներու հետ: «Փլէյսըզ Ին Թայմ» խրագրով գրքի հեղինակներ Փաթ Հանթըրի եւ Ճանիս Սթիվընզի հետ հանդիպումը տեղի ունեցաւ գրախանութին մէջ՝ գիրքերով շրջապատուած եւ Փաթ Հանթըրի գծագրութիւնները՝ ցուցադրութեան դրուած:
Երեկոյի բացումը կատարեց «Տը Արմինիըն Օպզըրվըր» շաբաթաթերթի խմբագիր, գրականագէտ, դասախօս Օշին Քէշիշեան, որ իր խօսքը զարդարեց Ուիլեըմ Սարոյեանի հետ իր ունեցած բազում յուշերով:
Ապա խօսք առին երկու հեղինակները՝ բացատրելով գիրքի հրատարակութեան տուն տուող դրդապատճառները:
Ֆրեզնոյի ճարտարապետական իւրայատուկ կառոյցներուն նուիրուած մէկ այլ գիրքի համահեղինակներուն՝ Սարոյեանի մասին գիրք գրելու իրենց հրատարակիչին հրաւէրը, շուտով դարձած է սիրոյ աշխատանք, երբ անոնք այդ առիթով ծանօթացած կամ վերընթերցած են Սարոյեանի գործերը:
Ներկաները առիթ ունեցան հարցումներով պարզաբանումներ ստանալու Ֆրեզնոյի հայկական թաղամասի ճակատագրին մասին: Փաթ Հանթըր ճարտարապետական արժէքաւոր կառոյցներու պաշտպանութեան ռահվիրա է Ֆրեզնոյի մէջ: