Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւններու շարքը արդէն սկսած է եւ գրեթէ ամէն շաբաթ, Սփիւռքի տարբեր շրջանի մը մէջ, յատուկ եւ պատշաճ ձեւով, ժողովրդային ձեռնարկներով ու հրապարակային զեկուցական հանդիպումներով կը նշուի ազգային կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը:
«Ասպարէզ» արդէն արձագանգեց Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան: Այսօր կը ներկայացնենք Պէյրութի մէջ անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած տօնակատարութեան տեղեկագրութիւնը:
118ամեայ ազգային-քաղաքական կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, հիմնադրութեան տարեդարձի լիբանանեան շրջանի տօնակատարութիւնը առաւել եւս կը նշանաւորուի 70 հայորդիներու երդման արարողութեամբ, իբրեւ յաւելեալ ապացոյց կազմակերպութեան կենսունակութեան:
Գաղափարի կենսունակութեան մասին չենք անդրադառնար իսկ, որովհետեւ Դաշնակցութեան գաղափարը ազգային գաղափարախօսութեան ամէնէն խորունկ, ամէնէն ընդգրկուն դրսեւորումն է, որմէ այս կամ այն կազմակերպութիւնը մասնիկ մը վերցնելով՝ կը փորձէ իր գոյութեան իրաւունքը շահիլ հայկական իրականութեան մէջ, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:
Մեծն Լոս Անճելըսի մէջ, Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան թուականը ճշդուած է Յունուար 11ին, Կիրակի օր: Մէկ օր առաջ՝ Շաբաթ երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ աւանդական ընկերական խրախճանք, որուն ընթացքին պիտի ստեղծուի ջերմ, խանդավառ մթնոլորտ՝ մէկ տարուան արդար վաստակի բերկրանքը միասնաբար, ընկերաբար յիշատակելու եւ յաջորդ տարուան աշխատանքներու նորոգուած յանձնառութիւնը ազդարարելու համար:
Այս զոյգ ձեռնարկներուն մասին ձեզ կը տեղեկացնենք ժամանակին: Այսօր, պարզապէս, կ’ուզենք մեր սիրելի լիբանանահայ եօթանասուն նորագիր Դաշնակցականներուն մեր ալ «Բարի եկաք»ը փոխանցել: