ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անցեալ Ուրբաթ, 28 Նոյեմբերին, Պէյրութի «Միշէլ Մըր» մարզական համալիրը լեցուցած բազմահազար հայորդիները եկած էին Դաշնակցութեան 118ամեայ երթին առնչութեամբ կուսակցութիւնը շնորհաւորելու եւ հաստատելու, որ իրենք պիտի շարունակեն երթը անոր հետ, որովհետեւ կը հաւատան ա՛յս կուսակցութեան, որ իր գործով իսկ փաստած է, թէ ինք տէրը եւ միեւնոյն ժամանակ ծառան է հայ ժողովուրդին։ Դաշտը նեղ կու գար իրենց սրտերուն մէջ Դաշնակցութեան նկատմամբ մեծ սէր ու հաւատք ունեցող լիբանանահայերուն համար, որոնք եկած էին առանց տարիքային խտրականութեան, հո՛ն էին ալեհերն ու մանուկը՝ առաջինը կուսակցութեան դրօշին եւ Եռագոյնին խորհուրդը սրտին, իսկ երկրորդը՝ դրօշը ձեռին, իբրեւ ժառանգութիւն ու աւանդ իր հօրմէն ու մեծ հօրմէն։ Անոնք բուռն ծափողջոյններով դիմաւորեցին օրուան զոյգ բանախօսները՝ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, որ արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան նախագահ Վահան Յովհաննիսեանը, որ արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը։ Անոնք վերահաստատեցին կուսակցութեան վճռակամութիւնը՝ միշտ ու միշտ լծուելու հայ ազգի զաւակներուն ծառայութեան, հանդիսանալու պաշտպանը անոր իրաւունքներուն ու բոլոր պարագաներուն ըլլալու տէրը հայութեան արժանապատուութեան եւ անոր ազգային ինքնագիտակցութեան, զորս ամրապնդելու եւ որոնց լաւապէս կառչելու կոչ ուղղեցին ներկաներուն։
118ամեակի տօնակատարութեան ներկայ էին նաեւ երեք համայնքապետերը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ներկայ ու նախկին երեսփոխաններ ու նախարարներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կուսակցութեան հաւատամքներուն ու սրբազան եւ անշեղ սկզբունքներուն, որոնք նաեւ վարակիչ դարձած են ու ներթափանցած ժողովրդային շարքերուն մէջ։ Ան յայտնեց, որ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են Դաշնակցութիւնը պարսաւելու ու անոր մասին անճիշդ յայտարարութիւններով մարդոց մօտ շփոթ արթնցնելու փորձեր կատարողներ, սակայն միշտ ալ «զօրեղ, փիւնիկի նման վերընձիւղուած է ան, բարձրագոռ գոչելու՝ ես կա՛մ ու միշտ ներկայ»՝ իր համակիրներէն աւելի զարմացնելով իր հակառակորդները։
Բագրատունի Դաշնակցութեան ունեցած զօրութեան, ուժին յարաճուն ուռճացման, ժողովրդային զանգուածներու պաշտամունքի առարկան ըլլալու գաղտնիքին անդրադառնալով յայտնեց, որ այս գաղտնիքը կը կայանայ իր ժողովուրդին հետ ըլլալու բացարձակ իրողութեան մէջ՝ միշտ, ամէն տեղ ու բոլոր պարագաներուն։
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան՝ Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ առաջին իսկ օրէն Դաշնակցութիւնը յստակ դարձուցած է, որ Լիբանանի անկախութիւնը, ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եղած են իր լիբանանեան քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները։
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 2000ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ի վեր խախտած է լիբանանահայութեան իսկական ներկայացուցչութիւնը։ «Ընդդիմադիր շարքերուն մաս կազմեց Դաշնակցութիւնը եւ պահեց անկախ կողմնորոշման իր իրաւունքը։ Արուեստական անուանակոչումներ տրուեցան կողմերուն՝ Մարտ 8 եւ Մարտ 14։ Մենք մնացինք սակայն հաւատաւոր այն կողմը, որ ինքզինք նախընտրեց կոչել Նոյեմբեր 22ի քաղաքական ուժ»։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի թեկնածուներով՝ բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայկական աթոռներ կան, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել խորհրդարանին մէջ հայկական առանձին որոշումի աւանդութիւնը։
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, որ կուսակցութեան՝ ժողովուրդին բարօրութեան ու հզօրացման համար գործելու իրողութիւնն ու դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելով՝ ներկայացուց Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը՝ նախորդ ամիսներու զարգացումներուն լոյսին տակ եւ փոխանցեց այդ բոլորին նկատմամբ կուսակցութեան որդեգրած կեցուածքները։
Բանախօսը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի ամէնէն հին ազգերէն ըլլալով հանդերձ կրցած է գոյատեւել ու շարունակել իր երթը՝ որքան ալ դժուարութեամբ լի եղած ըլլայ անիկա։ Ան այդ գոյատեւման առանցքը նկատեց ազգային ինքնագիտակցութեան տիրականութիւնը հայութեան մօտ՝ մատնանշելով, որ հայ ժողովուրդին կորովն ու ուժը 19րդ դարուն կարիք ունէին յաւելեալ ամրապնդման ու զօրացման, որովհետեւ հայութիւնը կարիք ունէր առաջնորդի, ղեկավարի, որ պետականութեան սերմերը պիտի ցանէր ու անոր հիմերը ամրապնդէր հայորդիներուն շարքերուն մէջ։ 1890ին ծնունդ առաւ այդ ուժը, այդ ղեկավարը, ծնաւ Դաշնակցութիւնը, որ միջազգային մակարդակի հասցուց ժողովուրդին մտայնութիւնը եւ անոր մէջ արթնցուց ձգտումը՝ 1918ի անկախութիւնը կերտելու։ Վ. Յովհաննիսեանի համաձայն, նոյնիսկ պետականութեան կորուստէն ետք, Դաշնակցութեան մօտ շարունակուեցաւ պետականութեան սկզբունքը, ան գոյատեւեց եւ քաղաքական դաշտին մէջ ներկայութիւն եղաւ, հակառակ հալածանքներուն, բանտարկութիւններուն եւ ամէն տեսակ չարչարանքի ու դժուարութիւններու։ Դաշնակցութեան ձգած ժառանգին բերումով Խորհրդային ժամանակաշրջանին հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ գրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ կուսակցութիւնը հանդիսացաւ ինքնուրոյն գաղափար եւ ուղղութիւն ունեցող կազմակերպութիւն մը, որ ոչ մէկ օր հրաժարեցաւ ազգային խորհրդանիշներէն՝ Հայաստանի զինանշանէն, Եռագոյնէն ու քայլերգէն։
Խօսելով ներկայ հանգրուանին մասին՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորը յայտնեց, որ այսօրուան պետական կառոյցին մէջ խոցելի կէտեր շատ կան, սակայն կուսակցութեան առաջադրանքն է ամէն ձեւով հայ ժողովուրդին շահերը պաշտպանել միջազգային մակարդակի վրայ, այդ պատճառով ալ պէտք չէ տարուիլ Դաշնակցութեան հասցէին եղած անհիմն ու շեղել փորձող արուեստական դրսեւորումներով, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ պետութեան մէջ ըլլալով կուսակցութիւնը կարելիութիւն կ՚ունենայ պաշտպանելու հայութեան շահերը։ Ան յայտնեց, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները լաւապէս չեն ներկայացներ կուսակցութեան իսկական պատկերը, աւելցնելով, որ խորքին մէջ Դաշնակցութիւնն է, որ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան միջոցով կը պաշտպանէ հայութեան իրաւունքներն ու տէր կը կանգնի Հայ դատին։
Վ. Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը խաղաղասէր կուսակցութիւն է, հաւանաբար խաղաղութեան ձգտող մեծագոյն ուժը կը հանդիսանայ, որ կը ձգտի համերաշխութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Սակայն ամէն ինչ իր գինը ունի, յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը, ակնարկելով Ղարաբաղեան հարցին առնչուող զիջումներ կատարելու մասին եղած խօսակցութիւններուն։ Մենք ոչ մէկ զիջում կ’ընենք եւ դիւրութեամբ չենք յանձներ այն, որուն համար շատ սուղ գին վճարուած է, որուն համար արիւն հոսած է ու պայքար մղուած։ Նոյնիսկ խաղաղութեան փոխարէն մենք հող չենք տար, հաստատեց ան՝ աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է փոխզիջումներ կատարելու առնչութեամբ բանակցելու, սակայն կատարուելիք զիջումները յստակ պէտք է ըլլան, այլապէս կացութիւնը վտանգաւոր եւ անընդունելի կը դառնայ։
Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մասին խօսելով՝ Վ. Յովհաննիսեան հաստատեց, թէ արիւնոտ պատմութեան լաւատեղեակ Դաշնակցութիւնը թուրքին խօսքին չի հաւատար, այլ գործ կը պահանջէ, գործ՝ հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքները վերադարձնելու առնչութեամբ։ Ան յայտնեց, որ իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն Դաշնակցութեան ներկայացուցած պահանջները իրապաշտ պէտք է ըլլան, որպէսզի անոնք հետզհետէ աւելի ամրապնդուելով ու հանգրուան առ հանգրուան իրականանալով հասցնեն հայութեան գերագոյն նպատակին՝ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին, որ հեքիաթ չէ, ուրեմն ներկայացուած պահանջներն ալ հեքիաթային պէտք չէ ըլլան։
Իր խօսքը եզրափակելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը յայտնեց, որ պէտք չէ ծուղակներու մէջ իյնալ ու խաբուիլ, այլ՝ պէտք է առաջնորդուիլ ազգային արժանապատուութիւնը եւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը ամէն բանէ վեր ու հզօր նկատելով։ Բան մը, որուն դրօշակիրն է Դաշնակցութիւնը եւ ան փաստած է, որ ազգային շահերու ապահովման խիստ պաշտպանն է ու պիտի մնայ, մինչեւ որ հայութեան իսկական ու ամբողջական նպատակները իրականացած տեսնէ։
Բանախօսութիւններէն ետք բեմ բարձրացաւ այս առիթով յատուկ հրաւիրուած յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ներսիկ Իսպիրեան: