Գաղութահայ լրագրական կեանքի մէջ աննախընթաց երեւոյթ համարուող ձեր հրաւէրին համար իմ սրտագին շնորհակալութիւնները կ՚ուզեմ յայտնել։ Հայ քոյր համայնքներու կողքին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին ալ շնորհուած բացառիկ այս առիթին ու պատուին համար կ’ուզեմ երախտագիտութեան եւ գնահատանքի իմ խօսքը ուղղել «Ասպարէզ»ի անձնակազմին, խմբագրութեան, պրն. Աբօ Պօղիկեանին եւ թերթին գլխաւոր աշխատակցուհի՝ տիկ. Նազ Տէր Սարգիսեան-Գրիգորեանին։
Այս ձեր ձեռնարկը ապացոյցն է այդ փոխադարձ յարգանքի, գնահատանքի, բարեկամութեան եւ ազգային նուիրական տեսլականներուն, որոնք հիմը կը կազմեն ձեր թերթին հետապնդած գաղափարականին՝ փոխանցել հայ ժողովուրդի նոր սերունդին ժառանգը հայ մշակոյթի, հայ քաղաքակրթութեան եւ հայ պատմութեան։
Արդարեւ, մեր հայ իրականութեան մէջ յաճախ հարց կը տրուի, թէ՝
– Ո՞վ է հայ կաթողիկէն։
– Ինչպէ՞ս առաջ եկած են համայնքն ու եկեղեցին։
– Ի՞նչ է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին կապը ազգային-եկեղեցական իրականութեան հետ։
– Ի՞նչ տուեալներով կը տարբերի ան գոյութիւն ունեցող ուրիշ հայ եկեղեցիներէն։
Հետեւաբար, այս գրութիւնը տեսակ մը «ինքնայայտնութիւն» մը պիտի ըլլայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամներէն մէկուն կողմէն՝ ներկայացնելու, բացատրելու եւ պարզելու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի դիմագիծը, բնոյթը եւ ինքնութիւնը բնորոշող յատկանիշները, որոնք կը համառօտուին երկու գլխաւոր բեւեռներով՝ Հայկականութիւն եւ եկեղեցական Կաթողիկէութիւն։ Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանելով, կը յուսամ բաւարարել շատերուն կողմէ ցուցաբերուած վառ հետաքրքրութիւնը եւ փարատել ոմանց մօտ գոյացած թիւր կարծիքը։
Ա.- Հայկականութիւն Կամ Հայկական Ինքնութեան Գործօնը։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ինքզինք կը տեսնէ իբրեւ լիիրաւ մասնիկը հայ իրականութեան։ Ան խորքով հայ է եւ կառոյցով՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ անբաժան, արժանաւոր մէկ անդամը։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին իր մէջ կը պարունակէ Հայ եկեղեցիին բոլոր յատկանիշները եւ կը բնորոշուի հայեցի շեշտուած իր ինքնութեամբ, Հայաստանի իրականութեան իր փարումով, հայ ժողովուրդին համամարդկային կոչումին եւ Հայ Դատի իրաւացիութեան իր համոզումով։ Մէկ խօսքով, անիկա անբաժանելի մէկ անդամն է յաւերժական հայութեան։
Հիմնուելով վերը նշուած ինքնագիտակցութեան եւ համոզումներուն վրայ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին իր անցեալը, ներկան ու ապագան անքակտելիօրէն կապուած կը տեսնէ ազգային մեր ամբողջական քաղաքական եւ կրօնական իրողութեան հետ։ Այ՛ո, թիւով փոքր է, սակայն քանակը երբեք չափանիշ չէ ծառայած հաւաքականութեան մը որակին եւ անոր իրագործումներուն։ Արդ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին ներկայութիւնը ազգային կեանքին մէջ, լուսանցգային չէ հանդիսացած՝ այլ հիմնաւորուած է ու իր դրոշմը թողած է հայ ժողովուրդի պատմութեան վրայ։
Այլ խօսքով’ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գոյութեան պատմութիւնը նորութիւն չէ եւ Ամերիկայի տարածքին ամէն օր բուսնող եկեղեցիներու լուսանցքային գոյութեան չէ ճակատագրուած։ Հայ կաթողիկէ Նուիրապետութիւնն ու համայնքը պատահականութեան արդիւնք չէին կրնար ըլլալ։ Ոչինչէն մէջտեղ ելլելով իրենց համոզումները շրջապատին չպարտադրեցին անոնք։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութիւնը չսկսաւ 1742ին կամ 1830ական թուականներու եկեղեցական ու քաղաքական անցուդարձներու հետեւանքով։ Պատմական եւ եկեղեցական ըմբռնումով, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծագման թուականը կը սկսի հոն, ուր Հայ Ազգի զաւակներու քրիստոնէական, կրօնա-եկեղեցական գիտակցութիւնը, ըմբռնումը, խիղճը եւ դիմագիծը իրենց հայկական սեփական եւ ուրիշ ազգերէ զանազանուած հիմերը նետեցին։
Հետեւաբար, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին իր մէջ կը պարփակէ բոլոր էատարրերը, որոնք հայ եկեղեցին կը բնորոշեն։
Այսպէսով՝
ա.- Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին որպէս նուիրապետական կազմ բխած է հայ ժողովուրդի կրօնա-եկեղեցական փորձառութենէն 301 թուականին եւ արմատացած է «Ի Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ» մէջ, որ առաքեալներու եւ մարգարէներու վրայ հաստատուած է, եւ որուն հիմքն ու հիմնադիրը նոյնինքն Քրիստոս հանդիսացաւ։
բ.- Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը հետեւի այն աւանդութեան, թէ Բարթողիմէոս եւ Թադէոս առաքեալները Հայաստանի մէջ քարոզչութեան լծուեցան։ Սակայն ան շեշտը կը դնէ Հայց. եկեղեցւոյ պատմական գոյութեան վրայ, անոր նուիրապետութիւնը անմիջապէս կապելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անձին ու կրօնական վարդապետական դաստիարակութեան, ձեռնադրութեան եւ իր առաքելական գործունէութեան ի հայս։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին անձով կը սկսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար Հայց. եկեղեցւոյ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրապետ-կաթողիկոս պատրիարքներու նուիրապետական յաջորդութիւնը եւ անոր շարունակութիւնը։ Հետեւաբար Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծագումը կը նոյնանայ 301 թուականին հետ։
գ.- Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը կը ճանչնայ իբրեւ իր առաջին հայրապետ կաթողիկոսը եւ հաւատքի ակունքը։
դ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի յաջորդներուն հայրապետական պատասխանատուութեան մէջ կը նկատուին նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրապետները։
ե.- Քրիստոնէութեան առաջին շրջանէն Հայ եկեղեցւոյ սուրբերը կը մեծարուին որպէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբեր։ Անոնց անունները կը յիշատակուին Ս. Պատարագի ընթացքին՝ ըստ տօնացոյցներու։
զ.- Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը հետեւի հայկական ծիսակատարութեան իր լման բովանդակութեամբ՝ աղօթքներով, շարականներով, ժամերգութեամբ, Ս. Պատարագով, զգեստաւորումով, ծիսական սպասներով, եկեղեցական երգեցողութեամբ եւ երաժշտութեամբ։ Ան կը գործածէ նոյն մաշտոցները եւ պատարագամատոյցը եւ կ’արտայայտուի գրաբար ու աշխարհաբար։
է.- Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակներն են եւ անբաժանելի մասնիկը անոր պատմութեան։ Հայ եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային եւ մարզական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու նման Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին սփիւռքի եւ հայրենիքի տարածքին իր մէջ կը պարփակէ հայութեան բոլոր շերտերը եւ երբեք խտրութիւն չի դներ ֆրանսախօս հայու, արաբախօսի, անգլիախօսի, թրքախօսի, իրանախօսի եւ հայաստանցիի միջեւ։
Բ.- Կաթողիկէութիւն Կամ Կաթողիկէ Իր Բնոյթը։
Երկրորդ յատկանիշը որ մեր եկեղեցւոյ դիմագիծը կը բնորոշէ Կաթողիկէ իր էութիւնն է։ Փորձառութեամբ գիտենք, թէ անպատկառօրէն նետուած օտարաշունչ «կաթոլիկ» մակդիրն է, որ յաճախ թիւրիմացութիւններու, անհասկացողութեան եւ նախապաշարումներու դուռ կը բանայ։ Նուաստացուցիչ այդ մակդիրը յաճախ պատճառ դարձաւ, որ մեր եկեղեցին, հայրենիքէն ներս օտարամուտ աղանդներու շարքին դասուի եւ անոր զլացուի իբրեւ հայ նուիրապետութիւն գործելու իրաւունքը։
Սակայն ի՞նչ է «կաթողիկէ» բառին իմաստը։
Ինչո՞ւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին որդեգրած է զայն։
Մեր համոզումով առաքեալներու քարոզչութեամբ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ հաստատուած Հայց. եկեղեցին անբաժանելի մասնիկն է Քրիստոսի կողմէ կեանքի կոչուած «Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցիին», որուն շօշափելի արտայայտութիւնը կը կայանար նուիրապետական հաղորդութեան եւ սերտ կապերուն մէջ, զորս Հայց. եկեղեցին կը պահպանէր Կեսարիոյ-Կապադովկիոյ եկեղեցական պետին հետ։
Ըստ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմական հասկացողութեան, նուիրապետական հաղորդութեան այդ կապն է, որ կը բնորոշէ Հայց. եկեղեցւոյ ծագումը, գոյութիւնը եւ աճումը, որպէս Եկեղեցին Քրիստոսի «Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական»։ Ասկէ կը հետեւի, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին հիմնած ու հաստատած եկեղեցին «ինքնագլուխ» չէր, ոչ ալ «անջատ» միաւորում, այլ նուիրապետական հաղորդութեամբ կապուած Կեսարիոյ, ուրկէ կը ստանար իր եկեղեցական եւ առաքելական իրաւասութիւնը, որպէս այդ ժամանակաշրջանի կեդրոնը միութեան «Մի, Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ»։
Ուստի, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ըմբռնումով, Հայց. եկեղեցին սկսաւ որպէս մաս եւ անդամ Քրիստոսի եկեղեցիին, որուն էութիւնն ու դիմագիծը կը բնորոշուէր «Կաթողիկէութեամբ», այսինքն՝ «Ընդհանրականութեամբ»։
553-554 «Դուին քաղաքի» ժողովէն ետք, Հայց. եկեղեցւոյ ծոցէն ներս կազմուեցան եկեղեցական զոյգ հոսանքներ՝
– Քաղկեդոնական, եւ
– Հակաքաղկեդոնական։
Սոյն հոսանքները իրենց անունը կը պարտին 451ին գումարուած Եկեղեցական Տիեզերական 4րդ ժողովին, որ կը համախմբէր բոլոր եկեղեցիները, հայեր՛ը ներառեալ։ Ժողովը կը զբաղէր Քրիստոսի զոյգ բնութիւններու քննարկումով՝ մարդկայի՛ն եւ Աստուածայի՛ն։
Հայց. եկեղեցւոյ մէջ Քաղկեդոնական կը նկատուէին այն եկեղեցականներն ու հաւատացեալները, որոնք ընդունեցին 4րդ Տիեզերական ժողովին որոշումները ու հաւատարիմ մնացին անոնց։
Բնական է, Հակաքաղկեդոնական կոչուեցան անոնք, որոնք մերժեցին 4րդ Տիեզերական ժողովին որոշումները եւ նովին գործով դուրս մնացին Կեդրոնէն եւ միութենական գործօնէն։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ինքզինք կը համարէ Քաղկեդոնական դաւանանքի ընդգրկած հոսանքին շարունակութիւնը։ Համոզուած ըլլալով, որ այդ մէկը ուսուցանեցին եւ ամրագրեցին առաքեալները, եւ որուն օրինակելի հետեւորդը հանդիսացաւ նոյնինքն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ իր յաջորդները։ Երբ 1742ին այդ հոսանքէն Աբրահամ Պետրոս Արծիւեան կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուեցաւ եւ Պենեդիկտոս ԺԴ Սրբազան քահանայապետին կողմէն հաստատուեցաւ, իր վերանորոգ նուիրապետութիւնը անուանեց՝ «Կաթողիկէ Հայոց»։
«Կաթողիկէ Հայոց»ը կը փաստէ հայրենապաշտ համայնքի մը կարչածութիւնը Լուսաւորիչին հիմնած Եկեղեցիին, եւ կը բացատրէ իր կրօնա-եկեղեցական ըմբռնումը հաւատքի։
«Կաթողիկէ»ն չունի իր մէջ ոչ մէկ կապակցութիւն Օտարականութեան, Լատինականութեան, Հռոմէականութեան, կամ Հակա-հայկականութեան։ Այդ անունին կից անբաժան ազնիւ «Հայոց»ը կը փարատէ ամէն տարակոյս, որ առնչուած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայկական ինքնութեան, բնոյթին եւ դիմագիծին։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ ինքնութեան խորթ զգացում է օտարամոլութիւնը։
Եւ իբրեւ Եղեռնի արդիւնք, Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութիւնը տարածուած է աշխարհի չորս ծագերը, ուր վառ կը պահէ ջահը Լուսաւորիչի հաւատքին։ Անիկա անշեղ հաւատքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումին, իր ծոցէն ելած կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւններուն նուիրական գործունէութեամբ…
Մխիթարեան զոյգ միաբանութիւններուն,
Զմմառեան-Արծիւեան միաբանութեան,
Անարատ Յղութեան Քոյրերու միաբանութեան,
Հայ Կաթողիկէ դպրոցական ցանցին,
Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն,
Եւ անոնց յարակից միութիւններուն։