Այս յօդուածին մէջ երկու կարեւոր կէտեր պիտի վերլուծեմ. առաջինը՝ ինչպէ՞ս է Հայ Կաթողիկէ համայնքի եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ յարաբերութեան վիճակը, եւ երկու եկեղեցիները ի՞նչ ակնկալութիւն ունին այս յարաբերութիւնը սերտացնելու մէջ:
Ժամանակին, տնտեսական, կրօնական եւ ընկերային պատճառներու համար մեզի ներկայացուեցաւ հայ ԿԱՄ կաթողիկէ ըլլալու նեղմիտ եւ վնասակար ընտրութիւնը: Այսօր, նման ընտրութիւն մը չմնաց. բայց կայ դիրքորոշում մը՝ ըլլալ միեւնոյն ժամանակ հայ ԵՒ կաթողիկէ. եւ այդ դիրքորոշումէն ծագում առած յարաբերութեան վիճակը ընդհանրական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ:
Տեղին է ըսել որ, զուտ մարդկային պրիսմակէն դիտուած, Հայ Կաթողիկէ համայնքը շատ աւելի օգտակարութիւն տեսած է Ընդհանրական Կաթողիկէ եկեղեցիէն քան՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տուածը անոր: Հայերս՝ Կաթողիկէ եկեղեցին կաթողիկէութեան տուած է միայն ընդհանրականութեան բոյր: Այսինքն՝ Կաթողիկէ եկեղեցին ինքզինք աւելի Ընդհանրական զգացած է, երբ իր մէջ ունեցած է զանազան ազգութիւններէ, լեզուներէ, մշակոյթներէ եւ ցեղերէ ժողովուրդները:
Հայ Կաթողիկ եկեղեցին ստացած է քաջալերանք եւ մանաւանդ յարգանք ու խոր հիացում, որովհետեւ գիտէ, թէ հայը եւ իր եկեղեցին ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն:
Ուրեմն, նախ՝ Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցին անսակարգ քաջալերանք ցուցաբերած է: Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր հոգեւոր գործերը քաջալերած, խթանած ու ձեռք երկնցուցած՝ երբ համայնքը անոր կարիքը ունեցած է: Ամէն հայ գիտակից է, թէ ինչպէս Հռոմի եկեղեցին քաջալերած է Մխիթարեան Միաբանութեան նախկին երկու ճիւղաւորումները, օրհնած եւ անոնց տրամադրութեան տակ դրած է ինչ որ ուզած են իրմէ ունենալ: Ս. Ղազարի Կղզին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ օրհնութեամբ սկսած էր իր հայանուէր գործը, Կաթողիկէ Աւստրիոյ կը պարտինք Վիեննայի Մխիթարեաններու յառաջխաղացումը, Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը, որ այնքան բարիք կ’ընէ այսօր Հայաստանի մէջ, վայելած է յարգանք ու քաջալերանք եւ օժանդակութիւն: Հռոմի «Լեւոնեան» վարժարանը նուէր մըն է Հռոմի Լեւոն Պապէն: Զմմառի դարաւոր վանքը նուէրն է լիբանանցի Կաթողիկէ Մարոնիներու: Եւ այսօր, ամէն տեղ ուր Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին մշակութային, կրօնական, շինարարական, գրական, հոգեւոր կարիք ունեցած է, Հռոմի եկեղեցին վայրկեան մը իսկ չէ յապաղած՝ ձեռք երկարելու եւ իր բարոյական եւ ֆինանսական նպաստը տալու: Խօսուն օրինակ՝ Շիրակի մէջ կառուցուած Միջին Արեւելքի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մին՝ նուէր է երջանկայիշատակ հայասէր Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետէն: Այդ հիւանդանոցը խնամք կը տանի բոլոր հայերուն անխտիր եւ ձրիաբար: Վասն ինչի՞: Որովհետեււ Հռոմ կը հաւատայ եկեղեցւոյ մարդասիրական հրամայականին եւ գիտակից է, թէ հայը երբ առողջ է, հրաշք կը կատարէ:
Երկրորդ՝ Կաթողիկէ եկեղեցին խոր յարգանք ունի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ: Երեւակայեցէք, երբ հայկական հայրապետական պատարագ կը մատուցուի Հռոմի Ս. Պետրոս մայր եկեղեցիին մէջ, յարգելու համար մեր աւանդութիւնը, Հռոմ աշխարհի ամենամեծ եկեղեցիին մէջ յատուկ վարագոյր կը սարքէ օրուան հայկական արարողութեան համար: Օրինակները շատ են: Բազմահազար ուխտաւորներոււ առջեւ, Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցին երկնային երանելիներու եւ սուրբերու մէջ դասեց Մարտինի քաջ նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանը: Այսօր աշխարհացրիւ բացմահազար կաթողիկէ եկեղեցիները կրնան արքեպիսկոպոսին աղօթել եւ անոր խորան նուիրել:
Ոմանց մտքին մէջ, «Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի եւ Ընդհանրական Կաթողիկէ եկեղեցիի միութեան հասկացողութիւնը» կրնայ միաձուլում նշանակել:
Անմիջապէս կը պատասխանեմ՝ երբե՛ք: Երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնը ձուլում չէ նշանակած: Ձուլումը եկեղեցիներու մէջ պիտի նմանէր գինիի եւ ջուրի խառնումին, ուր երկուքն ալ կը կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը, իսկ միութիւնը պիտի նմանէր բազմաթիւ խճանկարներու միասնականութեան, որմէ ընդհանրութիւն, միաձեւութիւն, ներդաշնակութիւն եւ գեղեցկութիւն յառաջ կու գայ: Ես ինքզինքս երբե՛ք չեմ զգացած ձուլուած, միախառնուած, ուրիշ եկեղեցիի մէջ հալած ու մաշած: Միանալու պարագային, ոչ մէկ հայ, եւ առաջինը ես, պիտի թոյլատրենք որ մեր հայ եկեղեցին կորսնցնէ իր ներքին ինքնավարութիւնը, իր հնամեայ սրբազան աւանդութիւնները, եւ իր բազմադարեան հոգեւոր ժառանգութիւնը: Լատիներէնը, յունարէնը, ասորերէնը գեղեցիկ են լեզուով ու մշակոյթով, բայց իմ եկեղեցիս ալ ունի իր հարազատը, գեղեցիկը, հարստութիւնը եւ նուիրականութիւնը: Այս իրողութենէն հետեւեալ հարցումը կը ծագի. եկեղեցական միութեամբ ի՞նչ կը կորսնցնենք եւ ի՞նչ կը շահինք:
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին բան չէ կորսնցուցած իր հանգամանքէն: Պատրիարքը եւ մնացած միւս բոլոր Արեւելքի պատրիարքները հռոմէական եկեղեցւոյ կարդինալներէն աւելի բարձր կը դասուին: Հռոմ գիտակից է, թէ կարդինալը Պապին օգնականն է, բայց պատրիարք-կաթողիկոսը փառաւոր պատմութիւն ու անցեալ ունեցող եկեղեցւոյ մը հովուապետն է: Հռոմ այս ձեւով կը վարուի Արեւելեան եկեղեցիներու հանդէպ:
Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է նախատեսել Հայ եկեղեցիին եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ բաղձալի միութիւնը: Օրինակը առնուելու է այն սիրալիր վերաբերումէն, զոր Հռոմը ունի Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան նկատմամբ: Օրինակ մը տամ: Հայ կաթողիկէ մանուկը կը մկրտուի եւ միւռոնով կը դրոշմուի մանկան մկրտութեան ժամանակ, ըստ հայ եկեղեցւոյ հինաւուրց սովորութեան, մինչ լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ դրոշմը 7-8 տարեկանին կը կիրարկուի: Ո՛չ այս, եւ ո՛չ այլ պարագայի տակ, Լատին եկեղեցին պահանջած կամ նոյնիսկ քաջալերած է զարտուղիլ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւնենէն կամ պաշտամունքէն: Ես երբե՛ք վնաս չեմ տեսած:
Իսկ միութեան պարագային մեր շահելիքը շատ է:
Նախ՝ Քրիստոսի կամքը կատարած կ’ըլլանք. «Թող ըլլան մէկ, ինչպէս ով Հայր ես եւ դուն մէկ ենք»:
Երկրորդ շահը՝ մենք առանձին չենք ըլլար: Քրիստոնէութիւնը բեկբեկուած է, ինչպէս Ս. Գիրքը կ’ըսէ. «Կեփասներու, Պօղոսեաններու եւ Ապօղոսեաններոււ միջեւ»: Այսօր անաստուածութեան, անբարոյութեան, ընտանեկան կեանքի սրբութեան դէմ մղուած պայքարներու դէմ մէկ ձեռք չի բաւեր. ամբողջ մարմինի անդամները պայքարի մարտահրաւէր ունին: Եւ եթէ եկեղեցին, ըստ Առաքեալին, Քրիստոսի մարմինն է, այդ մարմինը չբազմագլխենք, չանդամահատենք, եւ իւրաքանչիւր անդամին չթողունք պայքարելու եւ դիմակալելու ռազմավարութիւնը:
Երրորդ գործնական շահը՝ սիրոյ վրայ խարսխուած բոլոր եկեղեցիներու միութեամբ զիրար աւելի կը ճանչնան եւ փոխադարձ գնահատանք կը վայելեն: Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը որքա՛ն դրական փորձեր կատարեց առ այդ: Կը յիշեմ, բազմահարիւր օտար մասնագէտներու առջեւ, հայ կաթողիկէ պատրիարքը սքանչելի կերպով ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալին՝ անոր ծննդեան 800ամեակին առիթով: Կը յիմեմ նաեւ Յիսուսեան (Ճեզուիթ) միաբան հայր Սահակ վրդ. Քեշիշեանի թարգմանական գործերը, որոնց միջոցով ֆրանսական կաթողիկէները իմացան, ով է Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալին: Ֆրանսական ակադեմիայէն ակադեմիկոս մը, կարդալով Հայր Քեշիշեանի թարգմանած «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքը յայտարարեց. «Կը բաւէ Ս. Նարեկացին ունենալը, որպսզի Հայ եկեղեցին ինքզինք հարուստ եկեղեցի նկատէ»: Ուրիշ ցայտուն օրինակ մը՝ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան կողմէ քաջալերուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանի զետեղումը Վատիկանի մէջ: Բազմահազար ուխտաւորներ ամէն օր այդ արձանին առջեւ կը տողանցեն եւ կ’իմանան այս հրաշալի առաքեալին եւ Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրին ով ըլլալը: Այս եւ շատ ուրիշ օրինակներով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը նպաստած է հայ սրբութիւնները օտարներուն ծանօթացնելու առաքելութեան:
Չորրորդ շահը՝ մենք խօսք կ’ունենանք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ միջազգային հարցերու մէջ: Երբ եկեղեցին մէկ է, անոր բոլոր պաշտօնեաները իրաւունք կ’ունենան անոր ղեկավարութեան գործին մէջ: Հայ Կաթողիկէ պատրիարք Կարդինալ Աղաճանեան, 1958ին ամենէն հաւանական թեկնածուն էր Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պապը ըլլալու: Երբ Տանն Կիլիկիոյ Արամ կաթողիկոսը Միջազգային Եկեղեցիներու Խորհուրդին (World Council of Churches) նախագահն է, միութեան պարագային, ինչո՞ւ Ամենայն Հայոցը հաւանականութիւն պիտի չունենա՞յ Ընդհանրական եկեղեցւոյ գերագոյն հովիւը ըլլալու: Լեհ եկեղեցական մը, կամ այժմու գերմանացի Կարդինալ Ռածինկըրը հաւանականութիւն պիտի ունենան պապեր ըլլալու եւ մերինը ո՞չ: Ընդհանրականութեան եւ միութեան պարագային, եթէ Ընդհանրական եկեղեցին ունեցած է սուրիացի, յոյն, հոլանտացի, գերմանացի, սպանացի, ֆրանսացի պապեր, մե՞նք պիտի չկարենանք ունենալ:
Ոտնձգութեան, իրարամերժութեան, փոխադարձ ստորագնահատումի հին եւ խաւարամած ժամանակները անցած են: Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ Ընդհանրական եկեղեցիները օրինակելի եւ սիրալիր յարաբերութեան մէջ են: Հռոմ, իր իսկ վկայութեամբ, իքնզինք ամենամօտը կը զգայ Հայ եկեղեցւոյ: Յաճախակի են իրարու միջեւ եղած հանդիպումները, ժողովները, տեսակէտներու ուսումնասիրութիւններն ու փոխանակումները, միջ-յարանուանական ամուսնութիւնները, միացեալ աղօթքները: Հռոմի պապերը եւ հայոց կաթողիկոսները ձեռք-ձեռքի՝ Վատիկանի մէջ բազմահազար ժողովուրդներ օրհնած են եւ միասին աղօթած: Հռոմ, որ դարերով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները գուրգուրանքով պահպանած է, 7 տարի առաջ, գնահատելու եւ յարգելու համար Հայ եկեղեցին, մասունքները Հայաստան՝ իրենց հարազատ տեղը փոխադրած է: Հռոմի պապը Ս. Էջմիածնի մէջ Ս. Պատարագ մատուցած է, որուն ներկայ եղած ու արարողութեան նախագահած է նոյնինք Ամենայն Հայոցը: Անկախութենէն ի վեր, երբ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը Հայաստանի համար առաջնորդներ ընտրած է, Հռոմի սրբազան պապը ըսած է. «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կարծիքը առնուելու է»: Վերջին իմացած լուրերու համաձայն, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը, Հռոմի եկեղեցիին մօտ, ջանք կը թափէ, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացին դառնայ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ, համազօր՝ Ս. Աթանասի, Ս. Կիւրեղի կամ Ս. Օգոստինոսի: Այս տեսակ առողջ յարաբերութիւն կայ երկու եկեղեցիներուն մէջ: Երկու եկեղեցիներուն միջեւ եղած երկար ճանապարհը կարճեցուած է, եւ երկու վեհապետներուն եւ անոնց եկեղեցիներուն միակ փափաքն է՝ ամբողջական միութիւն:
Ոմանք պիտի վախնան «ԵՆԹԱՐԿՈՒԻԼ» բառէն: Հայ եկեղեցին պիտի ենթարկուի՞ Հռոմի եկեղեցիին: Ս. Գիրքի մէջ նման արտայայտութիւն մը չկայ: Ինչ որ կայ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ է, սէր է, սիրալիր յարաբերութիւն ու վերաբերում է: Երբ այս աստուածային սէրը համակէ մեր հաւատացեալները եւ անոնց առաջնորդները, այն ժամանակ, Քրիստոսի ըսածին համաձայն «Տէրը կը դառնայ ծառայ»:
Ես այս տեսիլքով եմ հայ եւ կաթողիկէ: