ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը Դիտաւան գիւղին մէջ աւարտած է կազատարի կառուցման ծրագիրը, իսկ վարչական շէնքի (գիւղապետարանի) վերանորոգման ու կահաւորման ծրագիրները արդէն աւարտական փուլի հասած են: Դիտաւան համայնքին մէջ հիմնադրամին ձեռնարկած ծրագիրներուն բարերարներն են արժանթինահայ Արմէն եւ Նատիա Էքսերճեանները:
Երեք քիլոմեթր երկարութեամբ կազատարը Դիտաւան գիւղին համար յետայսու իրականութիւն է: Ներկայիս կը կատարուին կազատարը շահագործման յանձնելու վերջին աշխատանքները:
Այս գիւղին մէջ «Հայաստան» հիմնադրամը զուգահեռաբար կը վերանորոգէ վարչական շէնքը: