Բեմագրութեան «Փօլ» մրցոյթին ժամկէտը Փետրուար 15 է, կը հաղորդէ Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA), որ կը յայտնէ, թէ ներկայացուելիք թեմաները պէտք է ըլլան հայկական նիւթերու մասին՝ անգլերէնով: Կարելի է ներկայացնել այլ լեզուով, սակայն՝ անգլերէնի թարգմանուած գործեր:
Մրցանքին մասնակցելու համար պայման չէ, որ հեղինակը հայ ըլլայ: Ամբողջական պայմաններուն համար այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը:
10,000 տոլարի մրցանակը պիտի յանձնուի Լոս Անճելըսի մէջ այս առիթով կազմակերպուելիք յատուկ հաւաքոյթի մը ընթացքին: