Լոս Անճելըս քաղաքը Հոկտեմբեր 11, 2000ին որոշեց իր 13րդ շրջանին (Արեւելեան Հոլիվուտ) մէկ մասը կոչել Փոքր Հայաստան, նկատի ունենալով, որ այս տարածքը 1970ական թուականներու սկիզբէն ի վեր Լոս Անճելըս հաստատուած հայութեան մեծամասութեան համար կեցութեան առաջին հանգրուանը եղած է: Հոն կը գործեն մեծ թիւով հայկական վաճառատուներ եւ ընկերային ու մշակութային կազմակերպութիւններ:
Փոքր Հայաստանի սահմաններն են.
Հիւսիսէն՝ Հոլիվուտ պողոտան, 101 ազատուղիէն սկսեալ մինչեւ Վերմոնթ թաղը,
Արեւելքէն՝ Վերմոնթ թաղը, Հոլիվուտ եւ Սանթա Մոնիքա պողոտաներուն միջեւ,
Հարաւէն՝ Սանթա Մոնիքա պողոտան, Վերմոնթի եւ 101 ազատուղիին միչեւ,
Արեւմուտքէն՝ 101 ազատուղին, Սանթա Մոնիքա պողոտայէն սկսեալ մինչեւ Հոլիվուտ պողոտան: