ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Էն.Էս.».- Կովկասի իսլամներու գրասենեակի պետ հաճի Ալլաշուքուր Փաշազատէ Հինգշաբթի, Յունուար 29ին յայտարարեց, թէ «Եունէսքօ»ն պիտի քննէ «հայերու կողմէ Ատրպէյճանի գրաւեալ շրջաններուն մէջ մշակութային ու կրօնական կոթողներու բնաջնջման» հարցը:
Առանց յայտնելու ժողովին թուականը, ան աւելցուց, թէ ժողովին ներկայ պիտի ըլլան իսլամական երեք երկիրներէ (Սէուտական Արաբիա, Յորդանան եւ Ատրպէյճան) ներկայացուցիչներ: