Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ թեկնածու մը, որ իր ընտրապայքարի ընթացքին խոստացաւ եւ պահանջուած ատեն վերահաստատեց իր խոստումը՝ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այս թեկնածուի՝ Պարաք Օպամայի, յետընտրութեան քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ առաջին իսկ քայլերը կը թելադրեն, որ ան ընդհանրապէս տէրն է իր բոլոր խոստումներուն:
Միացեալ Նահանգներու նոր Քոնկրէսին կազմը եւս իր նոր համեմատութիւններով, բաւական յուսալի կը թուի ըլլալ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի մը հանդէպ դիրիքոշումի տեսակէտէն:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գործընթացը, որքան ալ զգուշաւոր, որքան ալ դանդաղ, երկու երկիրներու քաղաքական եւ դիւանագիտական ղեկավարներուն կողմէ կարեւոր ու առանցքային խնդիր կը նկատուի, եւ ըստ այնմ, այդտեղ փոխադարձ նրբանկատութեան նուազագոյն վերաբերմունքն իսկ կրնայ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մը հակադրութիւնը Թուրքիոյ կողմէ պահել քաղաքակիրթ մակարդակի վրայ:
Ուժեղ հակադրութեան արտայայտութիւնները քարոզչականօրէն անբացատրելի կրնան ըլլալ միջազգային հանրութեան համար, մանաւանդ, երբ նոյն Թուրքիոյ մէջ, մտաւորականներու ինքնաբուխ շարժում մը, Ցեղասպանութեան հարցին նոր մօտեցումի մը խնդիրը ներկայացուցած է թրքական իշխանութեանց սեղանին:
Կազայի վրայ Իսրայէլի անմարդկային յարձակումը ու անոր դէմ թրքական հակազդեցութիւնը, մանաւանդ Տաւոսի մէջ Էրտողան-Փերեզ ճակատումը ու անոր յաջորդած դէպքերուն շարքը՝ ամերիկացի հրեաներուն մօտ ստեղծած իր վերապահումներով, կրնայ, ինչպէս կը նախատեսէ թրքական մամուլը, հրէական քարոզչական հզօր մեքենան դուրս բերել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի ճանաչումին հակադիր իր անցեալի դիրքորոշումէն՝ առնուազն զայն չէզոք պահելով այս ճակատին վրայ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբը եւ իր շուրջ հաւաքուած քաղաքականացած հոծ զանգուածը, իր կարգին, որոշ խանադավառութիւն մը կ’ապրի, աւելի ինքնավստահ դառնալով իր ուժերուն, աւելի լաւատեսութեամբ տոգորուած՝ իր աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան հանդէպ:
Բոլոր տուեալները ուրեմն կը յուշեն, որ այս տարի յատուկ ջանադրութեամբ պէտք է հետապնդել ամերիկեան օրէնսդիր մարմիններուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի ներկայացման ու վաւերացման աշխատանքները: Այս առնչութեամբ, վստահաբար Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի հրապարակէ իր գործունէութեան ծրագիրը ու յստակացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն իր ակնկալութիւնը:
Մենք պատրաստ ենք ստանձնելու մեզի վստահուելիք պարտականութիւնները: