Կիրակի, Փետրուար 22ին, կ.ե. ժամը 4ին, դոկտ. Ճորճ Պուրնութեան պիտի դասախօսէ ու իր թարգմանած նոր հատորը պիտի ներկայացնէ հանրութեան, «Արարատ» տան «Էսքիճեան» թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills, CA 91343):
Ձեռնարկը կազմակերպուած է թանգարանին ու Հայագիտութեան ազգային միութեան (NAASR) համագործակցութեամբ:
Պուրնութեան առաջին անգամ ըլլալով անգլերէնի թարգմանած է Երեւանի Սիմէոն կաթողիկոսի «Չամբռ» հատորը, որ հարուստ աղբիւր մըն է 18րդ դարու հայութեան մասին՝ քաշուած Ս. Էջմիածինի արխիւներէն: Հատորը հրատարակուած է «Մազտա» հրատարակչատան կողմէ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել (818) 838-4862 կամ (617) 489-1610 թիւերուն, կամ դիմել hq@naasr.org կամ aem@ararat-eskijian-museum.com համացանցային հասցէներուն: