ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ դատախազութիւնը դատ բացած է Էսքիշէհիրի Օսմանկազի մշակութային շինութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Նիյազի Չափայի դէմ, որ անցեալները, քանի մը գործակիցներու հետ, իր կազմակերպութեան դրան առջեւ պարզած էր գրութիւններ, ուր նշուած էր, թէ շուները կրնան մտնել, բայց հայերն ու հրեաները՝ ոչ։ Այս տեսարանը խոր ընդվզում յառաջացուցած էր թերթերու մէջ Կազայի վրայ գործողութեան դէմ բողոքի այդ օրերուն: Դատախազութիւնը Մայիս ամսուան մէջ պիտի սկսի դատել Չափան, պնդելով, որ ան մարդոց միջեւ ցեղային կամ քաղաքական համոզումներու խտրականութիւն ու թշնամութիւն կը քարոզէ այդ արարքով։
Չափա յայտնած էր, թէ իր այդ արարքով կ’ուզէր բողոքել Կազայի դէպքերուն եւ հայկական «System of a Down» նուագախումբին դէմ, պնդելով, որ ինք ցեղապաշտ մը չէ: