Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 21ին այցելած է Քաշաթաղի եւ Հադրութի շրջաններու հարաւային մասերը եւ ծանօթացած է տիրող իրավիճակին: Երկրի ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է կառավարութեան եւ վարչակազմերու ղեկավարներուն, բնակչութեան հարցերը անյապաղ լուծելու վերաբերեալ: Ըստ նախագահին, երկրին ղեկավարութիւնը հետամուտ է այս տարածաշրջանին մէջ ընկերային-տնտեսական զարգացման, մանաւանդ հաղորդակցութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներէն ներս:
Այցելութեան ընթացքին նախագահին կ’ուղեկցէին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ համապատասխան վարչակազմերու ղեկավարներ: