ՊԸՐՊԷՆՔ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 18ի առաւօտեան, Թէքէեան մշակութային միութեան Հոլիվուտի Արշակ Տիգրանեան վարժարանի խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ, տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին առաջնորդարան:
«Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճին մէջ, առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան հոգեւոր պատգամ մը տուաւ աշակերտներուն, ապա առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ողջունեց զիրենք եւ փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը, ապա իբրեւ նուէր, մէկական Սուրբ գիրք բաժնեց բոլորին: Ուսանողները միասնաբար ճաշեցին եւ գոհունակ սրտով վերադարձան վարժարան: