Յունուար 25ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս, Հայ կապոյտ խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան նուիրուած ձեռնարկ մը՝ Հայաստանեան ծրագիրի ամբողջացման առիթով:
Սրահը լեցուն էր հանդիսատեսներով եւ մանաւանդ երիտասարդներով, որոնք եկած էին մօտէն հետեւելու հաստատութեան վկայութիւններուն՝ իրենց տարած աշխատանքներուն մասին: Ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին եւ անդամները, ինչպէս նաեւ Գոքինիոյ շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Օրուան հանդիսավարն էր Վիքթորիա Մաւուշեան, որ ներկայացուց «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան եւ ՀԿԽի գործունէութեան ծիրը՝ նշելով յատկապէս իրենց բարեսիրական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: Ապա, ան հրաւիրեց տոքթ. Աբոսթոլոս Վէյիզիս, որ ներկայացուց հաստատութեան գործունէութիւնը՝ հիմնադրութենէն մինչեւ օրս: Նաեւ հրաւիրուեցաւ տոքթ. Եորղոս Գարայեանիս, որ Հայաստանի ծրագիրի պատասխանատուն է: Ան մանրամասն ձեւով բացատրեց Հայաստանի մէջ եւ յատկապէս Գիւմրիի մէջ կատարուած ծրագիրը, որ կը վերաբերէր սեռային փոխանցմամբ վարակիչ հիւանդութիւններու:
Ընթացքին ցուցադրուեցաւ DVD մը, որ կը ներկայացնէր կազմակերպութեան տարած աշխատանքը զանազան երկիրներէ ներս:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀԿԽի ատենապետուհի Սեդա Յովակիմեան եւ երկու զեկուցաբերները, որոնց, առ ի երախտագիտութիւն, յանձնուեցաւ Վանկելի Խաչատուրեանի «Արմենիա» ալպոմը: