Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնի յաւակնորդներու անունները արդէն յայտնի են: Եօթը թեկնածուներ պիտի պայքարին իրենց համապատասխան կուսակցութեանց անունով: Ընտրողները պիտի քուէարկեն կուսակցական ցանկերուն, եւ քաղաքապետարանի աւագանին (ամերիկեան համապատասխան մարմինը «Սիթի քաունսըլ»ն է) պիտի կազմուի կուսակցութեանց ստացած քուէներուն համեմատութեամբ:
Եթէ մէկ կուսակցութիւն կրցաւ ապահովել քուէներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, ապա իր ցուցակին առաջին դէմքը կը դառնայ Երեւանի քաղաքապետ: Բացարձակ մեծամասնութիւն չապահովելու պարագային, կուսակցութիւնները դաշինքներ կնքելով պիտի փորձեն անհրաժեշտ քուէները ապահովել եւ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնիլ:
Թեկնածուներն են՝ Գագիկ Բեգլարեան՝ Հանրապետական կուսակցութենէն, Արծուիկ Մինասեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն, Յարութիւն Քուշկեան՝ Բարգաւաճ Հայաստանէն, Հեղինէ Բիշարեան՝ Օրինաց Երկրէն, Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ Հայ ազգային կոնգրէսէն (ՀԱԿ), Տիգրան Կարապետեան՝ Ժողովրդական կուսակցութենէն եւ Մովսէս Շահվերդեան՝ Հայաստանի աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութենէն:
Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը ցաւելով, որ կարելի չէ եղած ՀԱԿի հետ միացեալ ցուցակի մը շուրջ համաձայնութեան գալ, ինչպէս նաեւ նպատակայարմար չնկատելով ընդդիմութեան ճակատի երկու ցուցակով ընտրութեանց ներկայանալը՝ որոշած է չմասնակցիլ քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ կոչ ուղղած է իր համակիրներուն իրենց ձայնը տալու ընդդիմադիր թեկնածուին:
Ցուցակներուն վրայէն անցնելով՝ կարելի է նկատել հետեւեալ քանի մը առանձնայատկութիւնները.
Դաշնակցութեան ցուցակին վրայ երկրորդ տեղը կը գրաւէ սփիւռքահայ մը, որ անկախութենէն ետք Հայաստան հաստատուողներէն՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, ճարտարապետ Ալպերթ Աճէմեանն է:
Կառավարութեան մաս կազմող կուսակցութիւնները քաղաքապետական ընտրութիւններուն կ’երթան ոչ իրենց առաջին դէմքերով, մինչ ընդդիմութիւնը իր ցուցակին մէջ ընդգրկած է իր ամէնէն յայտնի անունները:
ՀԱԿի ցուցակին մէջ ընդգրկուած են երկու նախկին քաղաքապետներ Սուրէն Աբրահամեան եւ Վահագ Խաչատրեան, որոնցմէ ոչ մէկը կարելի է յիշել իբրեւ օրինակելի գործադիր: Նոյնինքն Լեւոն Տէր Պետրոսեան, երբե՛ք չէ փայլած իր գործադիր շնորհքներով կամ լաւագոյն խորհրդատուներ, գործակիցներ ու ստորադասներ ընտրելու իր բծախնդրութեամբ:
Հանրապետական ցուցակին երկրորդ դէմքը Հայաստանի նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի տղան՝ Տարօնն է, որ Երեւանի Աւան շրջանի թաղապետն է, հազուագիւտ երիտասրդ մը, որուն հոգատարութիւնը իր շրջանի բնակիչներուն, եւ իր թաղի բարեկարգման հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը բաւական մեծ համակրանք շահած է: Նոյնը կարելի չէ ըսել անշուշտ Հանրապետական ցուցակի առաջին դէմքին՝ Գագիկ Բեգլարեանին մասին, որուն համբաւը պէտք է մտահոգէ իր կուսակցութեան առաջնորդները, որոնք ընտրութենէն յաղթական դուրս գալու իրենց վստահութիւնը այլ հաշուարկներու վրայ կը հիմնեն վստահաբար:
Դաշնակցութիւնը այս պայքարին կ’երթայ անհաւասար պայմաններով: Երեւանի հաշուառման համար դատական ճամբով հաւաստիագիր բերող թեկնածուով ընտրութեան ներկայանալով՝ Դաշնակցութիւնը կարծես աւելի շատ տեղայնականութեան դէմ յայտարարութիւն մը կ’ընէ, քան թէ ամէն գնով յաղթանակ ապահովելու մարտավարութեամբ ճամբայ ելլելու:
Արծուիկ Մինասեանը տնտեսական հարցերու մէջ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին ցուցաբերած է խորունկ հմտութիւն, ինչպէս եւ լայնախոհ քաղաքական գործիչի յատկանիշներ այնպիսի զգայուն խնդիրներու հանդէպ, ինպէս օրինակ Մարտ մէկի դէպքերու հետաքննութեան, անոնց պատասխանատուներու յայտնաբերման եւ քաղաքական բանտարկեալները վայրկեան առաջ ազատ արձակելու վերաբերող իր դիրքորոշումները:
Քաղաքապետի պաշտօնի կարեւորութիւնը նկատի ունենալով՝ թէժ ընտրապայքար մը կը խմորուի հայոց մայրաքաղաքին մէջ: Ընդդիմութեան համար յաղթանակը իշխանութեան հասնելու լաւագոյն միջանկեալ հանգրուանը կրնայ ըլլալ: Իշխանութեան համար՝ ընդդիմադիր յաղթանակ մը կրնայ հսկայական գլխացաւանքի դուռ բանալ, դժուարացնելով նախագահին գործը:
Ամէնէն շահագրգռուածները՝ երեւանցիներն են, որոնք պարզապէս սրտցաւ քաղաքապետ մը ունենալու իրենց ցանկութիւնը իրականութիւն դարձնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուին, ցանկութիւնը մը, որ կրնայ իրականանալ եթէ տէր ըլլան իրենց քուէին: