Քո հայրենիքը Հայաստանն է նոր,
Ուր ամուլ ժայռն էլ ծաղիկ է ծնում,
Ուր թաղուած Մեսրոպ Մաշտոցն ամէն օր
Ինձնով քո բախտի մասին է հարցնում:
Յ. ՇԻՐԱԶ
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ պատանիներ միշտ երազած են սեփական աչքերով տեսնել իրենց հայրենիքը, որուն մասին լսած եւ կարդացած են միայն։ Ահա կարծես եկած է պահը, որ Սփիռքը իր հոգատար թեւերուն տակ առնող Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, հոգայ նաեւ այդ հարցին մասին՝ մշակելով եւ իրագործման հանգրուանի մէջ դնելով «Արի տուն» խորագրով «Սփիւռքի երիտասարդութեան այցելութիւններ Հայաստան» ծրագիրը, որուն նպատակն է Հայաստանը ճանաչելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան։
Հայրենիք այցելող սփիւռքահայ երիտասարդները պիտի ապրին Հայաստանի ընտանիքներուն մէջ, շփուին բնակչութեան առօրեային հետ, ծանօթանան տեղի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն։ Երիտասարդները շփուելով իրական հայրենիքի հետ՝ իրենց մէջ կը ձեւաւորուի հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութեան եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը։
Նախատեսուած է «Արի տուն» ծրագիրը իրականացնել 2009 թուականի Մայիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն։ Հրաւիրուող Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու 14-25 տարեկան հայ երիտասարդներու այցելութիւնը պիտի տեւէ երկու շաբաթ՝ տարբեր հանգրուաններով։ Իւրաքանչիւր ամիս տարբեր գաղթօճախներէ պիտի ձեւաւորուի մինչեւ 50 հոգիէ բաղկացած երիտասարդական երկու խումբ, որոնք ծրագրի ծիրէն ներս պիտի կատարեն ճանաչողական այցեր դէպի պատմամշակութային յուշարձաններ, թանգարաններ, տեսարժան վայրեր, պիտի մասնակցին ուսուցողական ծրագիրներու՝ յաճախելով հայոց լեզուի եւ գրականութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան, հայկական ազգային երգի եւ պարի խմբակներու, ինչպէս նաեւ ճանաչողական հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի պետական հասարակական այրերու հետ։
Ծրագիրը պիտի իրականացուի պետական, մասնաւոր եւ հասարակական հատուածներու սերտ համագործակցութեամբ:
Հիւրընկալ ընտանիքներու ընտրութեան գործընթացը կազմակերպուած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն միջոցով: Աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են տեղական ինքնակառավարման մարմինները, Հայաստանի հանրապետութեան Կոտայքի, Արարատի, Արմաւիրի, Արագածոտնի մարզպետարանները եւ անոնց կողմէ նշանակուած կրթական հաստատութիւնները:
Սփիւռքահայ ծնողները պէտք է լիովին վստահ ըլլան, որ իրենց զաւակները պիտի ըլլան ապահով ձեռքերու մէջ, որովհետեւ հիւրընկալուողները սփիւռքի նախարարութեան, այլ խօսքով՝ պետութեան հիւրերն են, ուստի նախարարութիւնը ուսումնասիրած է ծրագրի բոլոր ծալքերը եւ հնարաւորինս ապահով ու յարմարաւէտ պայմաններ պիտի ստեղծէ մասնակիցներուն համար։ Նախարարութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ ընտրած է այն ընտանիքները, որոնց պիտի վստահուի հիւրընկալութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներուն։ Ընտանիքներու նախնական ցուցակը կազմած են դպրոցներու տնօրէնները, ապա այդ ցուցակը ուսումնասիրած են թաղապետերը եւ յանձնած սփիւռքի նախարարութեան, որուն աշխատակիցները նոյնպէս ուսումնասիրած ու վերջնական տեսքի բերած են զայն, ապա անձամբ այցելած այն ընտանիքները ու ստուգած, որ արդեօք անոնք կամբողջացնե՞ն պահանջուած չափորոշիչները։ Հիւրընկալ ընտանիքը պէտք է ըլլայ բարեկեցիկ, ունենայ կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններ, ունենայ հիւրընկալող սփիւռքահայ երիտասարդ կամ պատանիին հասակակից երեխաներ, թոռներ, ապահովէ ջերմ, ապահով ու առողջ մթնոլորտ եւ իր հիւրին հետ վերաբերի իբրեւ ընտանիքի լիիրաւ անդամի։
Մասնակիցներուն վրայ պարտք դրուած է ապահովել միայն իրենց ուղեւորութեան տոմսերը, թէեւ նախարարութիւնը յոյս ունի, որ համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու անհատ բարերաները իրենց նիւթական ներդրումը կ’ունենան այդ գործին մէջ, որպէսզի մասնակիցներուն համար ստեղծուին նիւթական առաւել յարմարաւէտ պայմաններ։ Մասնակիցները զերծ պիտի մնան մուտքի վիզայի, ելքի տուրքի եւ կեցութեան ու սնունդի ծախսերէն։
«Արի Տուն» ծրագրի իրականացման գործընթացի կազմակերպման ու իրականացման համար յառաջացած է յատուկ համակարգող խորհուրդ, որ կը բաղկանայ 34 անդամներէ՝ գլխաւորութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարին, որ ինքնիրեն վերապահած է ծրագրի հսկողութիւնը։
Սփիւռքի նախարարութիւնը համոզուած է, որ «Արի տուն» ծրագիրը պիտի իրականացնէ հայազօրացման առաքելութիւն՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել սեփական արմատներով զօրաւոր եւ հպարտ հայ սերունդ՝ ուծացումի վտանգներէն ծնած, բայց մկրտուած սեփական ինքնութեամբ եւ ոգիով, իսկ այդ բոլորը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական եւ կրթամշակութային միասնութեան եւ հայադարձութեան:
Ծանօթ.
Մասնակցելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրեցէք ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին՝ allarmenian@mindiaspora.am, կամ հեռաձայնեցէք Սփիւռքի նախարարութիւն (հեռ. 00374-10-585601 /117/)։