Միջագետքի բարեբեր տարածքը, շնորհիւ Հայկական լեռնաշխարհէ բխող Տիգրիս եւ Եփրատ գետերուն, պատմութեան սկիզբէն ի վեր եղած է Հայկական լեռնաշխարհի եւ Արաբական թերակղզիի ժողովուրդներու գաղթօճախը: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է Միջագետքի ժողովուրդներու պատմութեան հետ, ծագման իսկ շրջանէն, ինչպէս խտացուած է Հայկ ու Բելի, Սասունցի Դաւիթի կամ Արա Գեղեցիկի դիւցազներգութիւններուն մէջ: Հինգշաբթի, Ապրիլ 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) կայանալիք դասախօսական ձեռնարկի մը ընթացքին, Պետրոս Թովմասեան պիտի ներկայացնէ «Հայկական լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը» նիւթը: Պիտի լուսաբանուի դարերէն եկած տարբեր ժողովուրդներու կապերու եւ քաղաքակրթութիւններու շփման պատմութիւնը ու պիտի ներկայացուի հայոց պատմութիւնը՝ չափագիտական ցուցակներով, գծացուցակներով եւ ուրուագիծերով: Պիտի լուսաբանուի հայ ժողովուրդի վիթխարի մասնակցութիւնը Միջագետքի հին քաղաքակրթութեանց ստեղծման եւ հիմնադրման գործին մէջ, ակնարկելով այդ ժողովուրդներու պատմական կապերուն, հին ժամանակներէն մինչեւ Բագրատունեաց հարստութեան անկումը:
Պետրոս Թովմասեան ծնած է Իրաքի Պասրա քաղաքին մէջ 1954ին, Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդէն: Նախակրթական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պաղտատի Հայոց ազգային Միացեալ վարժարանէն: Աւարտած է Պաղտատի համալսարանի երկրաչափական վարժարանը (1976)՝ ստանալով քաղաքացիական ճարտարագիտութեան մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայականը: Ինքնաշխատութեամբ ուսումնասիրած եւ մասնագիտացած է Միջագետքի եւ Հայկական լեռնաշխարհի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ: 1980էն սկսեալ Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան մէջ դասաւանդած է հայոց պատմութեան դասընթացքներ մինչեւ 1997, երբ փոխադրուած է Յորդանան: 1997-1998ին ան դասախօսած է հայոց պատմութեան նիւթեր Ամմանի ՀՄԸՄի կեդրոնին մէջ՝ ստանալով ՀՄԸՄի հայոց պատմութեան դասախօսի կոչում: 1999ին տեղափոխուած է Կլէնտէյլ ու 2000էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած է հայոց պատմութեան դասախօսութիւններ՝ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան կեդրոնէն ներս, ու բազմիցս դասախօսած է եւ ելոյթներ ունեցած պատկերասփիւռէն: Հեղինակն է «Անցեալին այս օր» յօդուածաշարին, որ հրատարակուած է Իրաքի, Յորդանանի, Լոս Անճելըսի եւ այլ տեղերու թերթերու մէջ: 2006ին լոյս տեսաւ անոր առաջին գիրքը, Երեւանի մէջ՝ «Հայկական լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը» խորագրով: Ներկայիս ան կ’աշխատի իբրեւ երկրաչափ-ճարտարագէտ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ՝ միաժամանակ գրելով շարունակութիւնը իր գիրքին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին (818) 586-9660 թիւով կամ info@arpainstitute.org հասցէով: