ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Կարէն Եսայեան Մարտ 31ին լրատուական միջոցներուն յայտնեց, թէ ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի միջոցով արտօնեալ վարկեր (mortgage) պիտի տրամադրուին շրջաններու մէջ ապրող բնակիչներուն: Բնակարաններու վերանորոգման համար կը նախատեսուի տրամադրել մինչեւ 2.5 միլիոն դրամ՝ 5 տարուն մարման ժամկէտով, իսկ տուն գնելու պարագային, մինչեւ 4.5 միլիոն դրամ՝ 6 տարուան մարման ժամկէտով եւ 5 տոկոսի տոկոսադրոյքով:
Ըստ Կ. Եսայեանի, բնակչութեան վճարելու դիւրութիւններ ընծայելու համար, մարման ժամկէտներու ամսական վճարումները փոխարինուած են եռամսեայ վճարումներով:
Յաջորդ տարուընէ սկսեալ կը նախատեսուի նաեւ կեանքի կոչել ծրագիրի մէկ այլ ուղղութիւն՝ վարկեր տրամադրել առանձնատուներ կառուցելու նպատակով: