ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր տարեկան ճաշկերոյթ-ձեռնարկով, յատուկ յարգանքով կը նշէ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին հայ աւետարանական վարժարանին հիմնադրութեան տարեդարձը՝ վեր առնելով անոր հիմնադիրներուն երազը: Ձեռնարկը ինքնաքննարկման առիթ մըն է հաստատութեան համար ու նաեւ յարմար առիթ՝ գնահատելու այն անհատները, որոնք հաւատքով, նուիրումով ու հաւատարմութեամբ տարիներ շարունակ ծառայած են այս հաստատութեան։
27րդ ճաշկերոյթ-ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ «Աւազեան» սրահին մէջ, Մարտ 7ին։ Պատուոյ հիւրերուն մէջ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան գործադիր վարիչն ու անդամները, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներ, Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչը, պետական ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ «Մերտինեան»ի մեծ ընտանիքի անդամներ։
Կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետուհի Սեդա Նալպանտեանը ողջունեց ներկաները, ապա հրաւիրեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը, որ փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ողջոյնի ու շնորհաւորական խօսքը։
Օրուան հանդիսավարն էր դատաւոր Ալիս Ալթուն, որ պատշաճօրէն կատարեց իր պաշտօնը։ Ան տուաւ «Մերտինեան»ի հակիրճ պատմականը եւ յիշեց Էլիզ Մերտինեանի խօսքը՝ «Այս բոլոր պզտիկները իմս են», մատնանշեց աշակերտներու թիւին աճը, դասարաններու յաւելումը եւ «WASC»ի կողմէ վարկաւորումը 11 տարիներէ ի վեր:
Ապա ձեռնարկին եւ ճաշի օրհնութեան աղօթքը կատարեց Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ճէյսըն Մաթոսեանը։
Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Հրայր Աթիքեանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որոնք զօրավիգ կը կանգնին «Մերտինեան»ին։ «Տնտեսական ներկայ վատ պայմաններու մէջ գիտեմ, թէ ի՛նչ դժուարութիւններով կը ջանաք հայ դպրոց ղրկել ձեր զաւակները, որպէսզի մեր ինքնութիւնը պահենք։ Ասիկա դպրոց չէ միայն, այլ՝ առաքելութիւն», ըսաւ ան ու խօսեցաւ նոր շէնքի կառուցման անհրաժեշտութեան մասին:
Իր կարգին, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMMA) գործադիր վարիչ Էնտրու Թորիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց 27 տարիներէ ի վեր դպրոցին ծառայող բոլոր մարմիններուն եւ անհատներուն։ «Մենք միշտ գոյատեւած ենք, քանի որ հաւատք ունինք», ըսաւ ան: Ան վեր առաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Վարդան Մամիկոնեանի, Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու հաւատքը, թէ՝ այդ հաւատքի շարունակութիւնն է AMMA-ի առաքելութիւնը։
Ապա հանդիսավարը ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Ալիս Պետրոսեանը։ Վաստակաւոր դաստիարակ եւ վարչական պատասխանատուն, որ 30 տարիներ ծառայած է Կլէնտէլի կրթաշրջանի բազմաթիւ ծրագիրներուն, բարեկարգութիւններով, առաջարկներով եւ անխոնջ ծառայութեամբ, 2008ին նշանակուեցաւ Փասատինայի կրթաշրջանի կրթական գլխաւոր համակարգող: Դոկտ. Պետրոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ աշակերտին ուսումնական յաջողութեան նպաստող երեք ազդակներու՝ դպրոց, տուն եւ համայնք։ Ան ըսաւ, թէ «Մերտինեան»ը այն դպրոցն է, որ կը սատարէ հայ աշակերտին ուսումնական յաջողութեան։ Հայ աշակերտը հոն կը սորվի հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն եւ կը մեծնայ իր նախահայրերուն հաւատքով։ Տունն ու ընտանիքը կարեւոր դեր ունին մանուկին ամբողջական կրթութեան մէջ, մանաւանդ՝ «մեծ ընտանիքը»։ Մեծ է դերը նաեւ եկեղեցիին ու համայնքին. հո՛ն է, որ մենք հաւատքով կը զօրանանք մեր նախահայրերուն պէս, եզրակացուց ան՝ յաջողութիւն մաղթելով վարժարանին նոր ծրագիրներուն:
Ընթրիքի միջոցին, ջութակի վրայ մեղեդիներ նուագեց Ալէն Աղաճանեան։ Ապա, «Մերտինեան»ի 7րդ կարգէն Շուշան Գալստեան արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն»ը։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ձեռնարկի մասնակիցներուն ու նշեց «Մերտինեան»ի յատկանիշները՝ հայեցի դաստիարակութիւն, քրիստոնէական կրթութիւն եւ ուսումնական բարձր մակարդակ։ Ան հպարտութեամբ յիշեց այլ դպրոցներ յաճախող մեր շրջանաւարտներուն կրթական յաջողութիւնները։ «Նման յաջողութիւններ մեզ առաւել կը քաջալերեն նոր քայլեր առնելու, նոր կառոյցի մեր երազը իրականացնելու», ըսաւ ան։
Ձեռնարկին վերջին մասը հրճուանքով եւ յուզումով լեցուց ներկաները։ «Մերտինեան»ի առօրեային մէջ յաճախ կը յիշուի Աստուածաշունչի «Ամէն բանի համար ժամանակ մը կայ» խօսքը. ձեռնարկի այս պահը ժամանակն էր գնահատանքի։ Այս տարի արժանաւորապէս գնահատուեցան վարժարանի անձնակազմէն երկու նուիրեալներ։ Տնօրէնը զանոնք ներկայացուց, ապա բեմ հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետը:
Առաջին մեծարեալն էր Սիւզի Աբօշեան-Պարտագճեան, որ 1983էն սկսեալ, մէկ տարի ընդմիջումով, պաշտօնավարած է վարժարանիս նախամանկապարտէզի բաժինին մէջ:
Ան բարձր կը գնահատէ հայ աւետարանական կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը եւ այդ պատճառով ալ ոչ միայն ինք քառորդ դարէ ի վեր կը ծառայէ այս հաստատութեան մէջ, այլ իր երկու զաւակները շրջանաւարտ եղած են այս դպրոցէն։
Երկրորդ մեծարեալն էր Մարալ Պէհէսնիլեան-Մաթոսեան, որ անցնող 25 տարիներուն անխոնջ կերպով ծառայած է «Մերտինեան»էն ներս, նախ իբրեւ քարտուղարուհի, ապա՝ իբրեւ գրասենեակի վարիչ։ «Տիկ. Մարալը դարձած է դպրոցին ողնասիւնը, ապրած է «Մերտինեան»ի տաք ու պաղ օրերը, գործած է 5 տնօրէններու եւ բոլոր հոգաբարձական կազմերու կողքին, նոյն բծախնդրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ», շեշտեց Ինճէճիքեան։ Անոր 2 զաւակները եւս «Մերտինեան»ի շրջանաւարտներ են։
Տնօրէնն ու Հոգաբարձութեան ատենապետը անոնց յանձնեցին մէկական յուշատախտակ եւ ոսկեայ ապարանջան:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր «հաւատարիմ ծառաներուն» եւ պատի՛ւ արժանաւորաց։ Ձեռնարկը վերջ գտաւ վեր. Պարգեւ Տարագճեանի օրհնութեան աղօթքով։