ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըր նշանակեց Սաքրամենթօ գաւառի գերագոյն ատեանի չորս նոր դատաւորներ, որոնցմէ մէկն է 57ամեայ Պէն Դաւիթեանը:
Հանրապետական կուսակցութեան անդամակցող Դաւիթեան, որ իր պսակաւոր գիտութեանց վկայականը ստացած է Եութայի համալասարանէն, իսկ իրաւաբանական տիտղոսը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւաբանական «Հէյսթինկզ» մասնաճիւղէն, 1980էն ի վեր աշխատած է զանազան իրաւաբանական հիմնարկներու մէջ: Ան հաստատուած է Կոլտ Ռիվըր քաղաքին մէջ:
Քալիֆորնիոյ նահանգապետը նաեւ նշանակեց Էլ Տորատօ գաւառի գերագոյն ատեանի երկու նոր դատաւորներ, որոնցմէ մէկն է 56ամեայ Քէնէթ Մելիքեանը:
Հանրապետական կուսակցութեան անդամակցող Մելիքեան 1991էն ի վեր եղած է Արեւելեան Քալիֆորնիոյ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազի օգնական, իսկ 1988էն 1991ի միջեւ, եղած է Ֆրեզնօ գաւառի դատախազի տեղակալը: Ան պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է «Տարթմութ» համալսարանէն, իսկ իրաւաբանական տիտղոսը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն: