ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու բաժնետոմսերու շուկան Երկուշաբթի, Մայիս 4ին խանդավառուեցաւ բնակարաններու շուկայէն եկած կարգ մը դրական տուեալներով:
Արդարեւ, Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Մարտ ամսուան ընթացքին բնակարաններու շինարարութիւնը անակնկալօրէն աճ արձանագրած է, յաջորդական հինգ ամիսներու նահանջէն ետք: Մարտ ամսուան ընթացքին արձանագրուած է 0.3 տոկոսի աճ մը, մինչ տնտեսագէտներ կ՛ակնալէին 1.5 տոկոսի նահանջ: Այս մարզին մէջ վերջին անգամ աճ արձանագրուած էր 2008ի Սեպտեմբերին:
Իր կարգին, կալուածներ ծախողներու համաամերիկեան միութիւնը Երկուշաբթի օր հաղորդեց, թէ նախապէս բնակեցուած բնակարաններու վաճառքը 3.2 տոկոսով աճ արձանագրած է, ինչ որ դարձեալ տնտեսագէտներու ակնկալածէն շատ աւելի լաւ տուեալ մըն է:
Նաեւ, նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ աշխատանք պիտի տարուի, որպէսզի իրենց շահերը օտար երկիրներու մէջ պահող ամերիկեան ընկերութիւններէն աւելի մեծ համեմատութեամբ տուրքեր գանձուին, որպէսզի անոնք առաւելութիւն մը չվայելեն Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն ներս մնացող ընկերութեանց դիմաց:
Միւս կողմէ, ինքնաշարժներու արտադրութեան մարզին մէջ յատկանշական փոփոխութիւն կատարել փորձող իտալական «Ֆիաթ» ընկերութիւնը, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին սնանկացման դիմած ամերիկեան «Քրայզլըր» ընկերութեան 20 տոկոսին տիրանալու համաձայնութիւն մը կնքած էր, Երկուշաբթի օր բանակցութեանց սկսաւ Գերմանիոյ մէջ՝ փորձելով գնել ամերիկեան ինքնաշարժներու արտադրութեան մեծագոյն ընկերութեան՝ «Ճի.Էմ.»ի պատկանող «Օփէլ» ընկերութիւնը: