Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի 15րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Չերրօ» 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Ռասինկ»ը, վերջինիս դաշտին մէջ տեղի ունեցած մրցումին։
«Չերրօ»ի երկու կօլերը նշանակեց ուրուկուէյահայ Ժոաքին Պօղոսեան՝ 48րդ եւ 60րդ վայրկեաններուն։