ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Առանց սահմանի լրագրողներ կազմակերպութեան անդամները Երկուշաբթի, Մայիս 4ին հաղորդեցին, թէ Իրանի մէջ լրտեսութեան յանցանքով բանտարկուելէ ետք հացադուլի դիմած ամերիկացի-իրանցի լրագրող Ռոքսէնա Սապերի անցնող շաբաթավերջին դարմանատուն փոխադրուած է, երբ ան հացադուլին կողքին, սկսած էր նաեւ ջուր չխմել: 32ամեայ Սապերի անցեալ Յունուարին ձերբակալուած էր Թեհրանի մէջ:
Նաեւ, Առանց սահմանի լրագրողներ կազմակերպութեան անդամները Ֆրանսայի մօտ Իրանի դեսպանատան առջեւ Սապերիի ազատ արձակումը պահանջող ցոյց մը կատարեցին Երկուշաբթի օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.