ԵՐԵՒԱՆ.- «Ռեկնում» գործակալութեան թղթակից մը, վկայակոչելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներ՝ յայտնած է, թէ Հայաստան չի մասնակցիր Վրաստանի մէջ Ապրիլ 6էն Յունիս 1 կատարուելիք ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն:
Ըստ նախապէս ծրագրուածին, ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցէին դաշինքի անդամ եւ գործընկեր 19 երկիրներ, սակայն 5 երկիրներ հետագային հրաժարեցան մասնակցութիւն բերելէ: Լաթվիան եւ Էսթոնիան իրենց հրաժարելու որոշումը պատճառաբանած են տնտեսական խնդիրներով, իսկ Ղազախստանը, Մոլտովան եւ Սերպիան՝ Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք:
Հայաստանի որոշումը, ըստ «Առաւօտ» թերթի աղբիւրներուն, բողոքի արտայայտութիւն է ընդդէմ Ապրիլ 29ին, Պրիւքսէլի մէջ, ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի՝ Եաափ Տէ Հուփ Շեֆըրի կատարած յայտարարութեան, ուր այս վերջինը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին շեշտած էր, որ ինք կը սատարէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: