Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ապրիլ 22ին ստորագրուած փաստաթուղթը, ընդ որում երկու երկիրները, ենթադրաբար «առանց նախապայմաններու», երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման այսպէս կոչուած «ճամբու քարտէս»ի մը շուրջ համաձայնութեան հասած են, խնդրայարոյց է երկու հիմնական պատճառներով: Առաջին՝ ստորագրման թուականը, եւ, երկրորդ, միացեալ յայտարարութեան անորոշութիւնը:
Առայժմ յստակ է, որ թրքական կառավարութիւնը հաստատ գիտէր, թէ ի՛նչ անմիջական նպատակի պիտի ծառայէր համաձայնագիրը. քանի մը նախադասութիւն բաւարար եղաւ, որ ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամա, պետական այն անձնաւորութիւնը որ ամենէն աւելի յոյս ներշնչած էր հրապարակաւ «ցեղասպանութիւն» բառի գործածութեան առնչութեամբ, շրջանցեց այն, դիմեց արդէն յաջող կերպով փորձարկուած «Մեծ Եղեռն»ի եզրին, որ, ի տարբերութիւն «ցեղասպանութեան», իրաւականօրէն ոչ մէկ հետեւանք կ՛ենթադրէ:
Այնպէս ինչպէս միացեալ յայտարարութեան անմիջական նպատակը լաւապէս ծրագրած էր, պէտք չէ կասկածիլ որ Անգարա նաեւ լաւ գիտէ թէ ինչպէս այս ենթադրաբար «առանց նախապայմաններու» սկսած բանակցութիւնները միջին եւ հեռակայ ժամկէտերով պիտի ուղեւորէ դէպի իր երեք պայմանաւորումներուն առնուազն բովանդակային կատարման: Կարելի է, նոյնիսկ, որ արդէն մտածուած է «փոխ-զիջումնային» տարբերակներու մասին, որ, օրինակի համար, Հայաստանի կողմէ 1921ին Կարսի դաշնագրով ճշդուած հայ-թրքական սահմաններու վաւերացման փոխարէն Երեւանին Տրապիզոնի նաւահանգիստով դէպի Սեւ Ծով ելք մը տրուի եւ Անիի վերակառուցման միացեալ ծրագիր մը յղացուի, «ցեղասպանութիւնը» փոխարինուի «Մեծ Եղեռն»ով -ենթադրելով որ պատմաբաններու յանձնաժողովը ընդունելի պիտի չըլլայ հայկական կողմին համար եւ հարցը օր մը պիտի դրուի երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին- առանց որ այդ մէկը ենթադրէ հետեւանքներ: Արցախեան հիմնահարցին թրքական միջամտութիւնը աւելի բարդ է անշուշտ, պարզապէս որովհետեւ հոն անհրաժեշտ է նկատի առնել ռուսական ազդակը:
Այս միամտօրէն լաւատես հեռանկարին համար Թուրքիոյ ղեկավարները պէտք է յաղթահարեն հիմնականօրէն մէկ դժուարութիւն. համոզել իրենց հանրային կարծիքը, որ այս «զիջումներ»էն եւ ոչ մէկը կը նշանակէ ազգային շահերէն, ռազմավարական նպատակներէն եւ էթնիկ ինքնութեան ենթադրած քաղաքականութենէն հրաժարում: Այլապէս, Անգարա քաջ գիտակից է որ ուժերու տարբերութիւնը Հայաստանի հետ այնքան անհամեմատելի է, իր միջազգային դիւանագիտական փորձը այնքան աւելի լայն ու հաստատ, որ Երեւան հազիւ թէ բանակցութեան սեղանին շուրջ լծակ ունենայ թրքական առաջարկները մերժելու կամ անոնց յարմարուելու հարկադրանքին տակ չգտնուելու նոյնիսկ երբ այդ առաջարկները մեծ զիջումներ պահանջեն հայկական կողմէն: Կը բաւէ անդրադառնալ, թէ որքա՛ն ծրագրուած եղաւ Ապրիլ 22ի համաձայնութեան հրապարակայնացումը թրքական մամուլին, որքա՛ն արագ Երեւանի երեսը փրկող միակ «յաջողութիւնը»՝ «առանց նախապայմաններու» ջրուեցաւ թրքական մամուլի մէջ արդէն իսկ հրատարակուող «ճամբու քարտէս»ի որպէս թէ մանրամասնութիւններով, որոնք թէկուզ եւ ապատեղեկատւութիւն ըլլալով արդէն իսկ հայկական կողմի պարտութեան, կամ առնուազն տկարութեան մասին կը յուշեն:
Ի տարբերութիւն թրքական պետութեան, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար իրենց սեփական ժողովուրդին հանրային կարծիքը, ներքաղաքական պառակտումը, հազիւ թէ հաշուի առնուի: Այլապէս բացատրելի չէ թէ ինչո՛ւ ազգի ճակատագրին համար այնքա՛ն կենսական այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն հանրային քննարկումի չդրուեցաւ, այլեւ անոր մանրամասնութիւնները, անմիջական, միջին եւ հեռակայ նպատակները, խիստ գաղտնի մնացին նոյնիսկ կոալիցիոնի գործընկերներուն համար: Կարելի է բարեացակամութեան ճիգ մը ընել եւ ուզել ենթադրել, որ նախագահ Սարգսեան, արտգործ նախարար Նալպանտեան եւ այն բուռ մը անձնաւորութիւնները որոնք գործընթացին մէջ ներգրաւուած են քաջ գիտակից են իրենց նախաձեռնութեան բոլոր ռիսկերուն, բայց հակառակ ատոր ինքնավստահ են՝ ազգային հիմնախնդիրներու շուրջ ոչ մէկ զիջումի երթալու իրենց յանձնառութեան տէր կանգնելու առնչութեամբ:
Ամբողջ խնդիրը «ազգային հիմնախնդիրներ» եւ «զիջում» հասկացողութիւններն են: Այսպէս, մինչ, ի տարբերութիւն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, ներկայ իշխանութիւնները բազմիցս հրապարակային յայտարարած են թէ Ցեղասպանութիւնը մոռնալու հարց չկայ, եւ նոյնիսկ իրենց միջազգային ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են անոր, իրողութիւնն այն է որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը երբեք յայտարարութիւններու մակարդակէն անդին չէ անցած արտաքին քաղաքականութեան մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ստանալու համար, ոչ ալ բանաձեւուած է որպէս հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան ու լինելութեան երաշխիք ընդ որում անհրաժեշտ էր լրջօրէն նկատի ունենալ փանթուրքիզմի շարունակուող սպառնալիքը:
Փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ ձեռք բերուած ամենայատկանշական յաջողութիւնները, որոնք կրնային Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ռազմավարական լծակի վերածուիլ եթէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման յանձնառութիւնը յայտարարութիւններէ աւելի ըլլար, երբեք յաւուր պատշաճի շնորհակալական խօսքերէն անդին չանցան: Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ Օպամայի երեւոյթը որպէս նախ թեկնածու ապա պետական անձնաւորութիւն, որ ամենէն աւելի հակում ունէր Ցեղասպանութեան ճանաչումը ԱՄՆի մէջ իրականութիւն դարձնելու, պարզապէս անտեսուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: Օպամայի աստղը փայլելու սկսաւ երբ արդէն ընթացք առած էր «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ը, եւ, առ այդ, թերեւս նոյնիսկ «խանգարող» ազդակի կրնար վերածուիլ: Ի՞նչ բան, այլապէս, արգելք կը հանդիսանար որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ակտիւ աշխատանք տանէր որպէսզի ԱՄՆի Նախագահ մը «ցեղասպանութիւն» բառը արտասանէր, թէկուզ եւ այն հետագային հայ-թրքական բանակցութեանց գործընթացին մէջ ներառելու համար: Բայց, շատ հաւանաբար, Երեւանի համար աւելի կարեւոր էր համաձայնութեան մը հասնիլ Անգարայի հետ, քան Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ այնքան կարեւոր իրագործում մը: Հայաստանի իշխանութիւններու լռութիւնն ու, առնըւազն, պասիւութիւնը (կրաւորականութիւնը-Խմբ.), մեղմօրէն ըսուած չօգնեցին որ Օպաման տէր կանգնէր իր յանձնառութեան:
Խորքին մէջ մէկ բան է Ցեղասպանութիւնը չմոռնալ, բոլորովին այլ բան՝ անոր միջազգային ճանաչման հետապնդման յանձնառութիւն վերցնել: Ապրիլ 22ին ստորագրուած «ճամբու քարտէս»ը ոչ մէկ նախանշան կու տայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի ուղղութեամբ բանակցական գործընթացի մը հեռանկարին: Ընդհակառակը, մինչ թրքական կողմը շատ հաւանաբար համոզուած է, որ «առանց նախապայմաններ»ու բանակցութիւններու սկսիլը նաեւ կ՛ենթադրէ որ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն տեղի տուած են իր ուրացման քաղաքականութեան հակադարձելու, այդ քաղաքականութիւնը որպէս Ցեղասպանութեան ծրագրի ամբողջացման վերջին հանգրուան դատապարտելու եւ այդ մասին ահազանգ հնչեցնելու ամէն նախանձախնդրութենէ, Երեւանի պետական այրերու հրապարակային ելոյթներէն եւ ոչ մէկը Ցեղասպանութեան ճանաչումը երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին բերելու նուազագոյն երաշխիքը կու տայ:
Հոս է, ահաւասիկ, որ «ազգային շահեր»ու եւ «զիջում»ներու հասկացողութիւնները ազգային համընդհանուր բանաձեւումէ զուրկ ըլլալու իրենց մերկութիւնը ցոյց կու տան, եւ բարացուցական կը դառնան «պետական շահ»ի եւ «ազգային շահ»ի վտանգաւոր բաժանման մը առկայութեան: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար, ըստ երեւոյթին, զիջումի համազօր չէ որ հայերը չմոռնան Ցեղասպանութիւնը, միեւնոյն ժամանակ սակայն ընդունին որ Թուրքիոյ ուրացման, ժխտողական քաղաքականութիւնը շարունակէ իր ընթացքը: Մօտեցում մը, որ «ճամբու քարտէս»ին վրայ Ցեղասպանութեան հարցը կը զետեղէ կամ դէպի ինչ որ «յանձնաժողով»ի մը մէջ քննարկելու ուղիին, կամ ալ դէպի անորոշութիւն: