ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներու հետ Մայիս 5ի հանդիպման ընթացքին, Հայ ազգային կոնգրէսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Սաֆարեան հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ հաստատելով, թէ անցած տարուան Մարտ 1ի դէպքերը ուսումնասիրելու համար նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով ստեղծուած փաստահաւաք խումբի երեք անդամներ՝ Վահէ Ստեփանեան, Ռոպերթ Աւագեան եւ Գէորգ Թովմասեան, ժամանակաւորապէս դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը: Հակառակ անոր, որ հրաժարողները հիմնաւորուած պատճառներ չեն ներկայացուցած իրենց որոշումին առնչութեամբ, այնուամենայնիւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաստատած են, թէ հրաժարականը տրուած է իշխանութեան ճնշման տակ, որովհետեւ փաստահաւաք խումբը վերոյիշեալ անդամներուն ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքը՝ Համլէտ Թադէոսեանի մահուան նիւթերը, ղրկեց Մարտ 1ի դէպքերը ուսումնասիրող խորհրդարանական յանձնախումբին եւ այդ արդիւնքները «հրապարակուեցին մամուլում»: