Ապրիլ 23ի երեկոյեան, Թեհրանի հայորդիներ համախմբուած էին Ս. Սարգիս եկեղեցի՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Հոգեհանգիստ, ծաղիկներու մատուցում՝ նահատակներու յուշարձանին մօտ եւ երիտասարդական համահաւաք: Այն բոլորը իւրաքանչիւր մասնակցող կը կատարէր՝ աշխարհին լսելի դարձնելու իր արդար ու պահանջատէր ձայնը:
Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանէն հրաւիրուած Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ ՀՅԴի Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Հրայր Կարապետեանը, Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը, իրանահայութեան պատգամաւոր ճրտգ. Գէորգ Վարդանեանը, Ազգային իշխանութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:
Օրուան հաւաքը սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութեամբ, որուն կը նախագահէր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը:
Մեծ Եղեռնի յուշարձանին մօտ կատարուող կրօնական արարողութենէն ետք, ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց թեմակալ առաջնորդը, որ բարձր գնահատեց պահանջատէր եւ գիտակից երիտասարդութիւնը, որուն ջանքերով պատրաստուած էր օրուան հանդիսութիւնը: Ապա իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին, թեմակալ առաջնորդը կոչ ուղղեց ամբողջական գիտակցութեամբ կարչելու մեր լեզուին, մշակոյթին ու պատմութեան, ճանչնալու մեր ժողովուրդի Ցեղասպանութեան պատմութիւնը:
Սրբազան հօր խօսքէն ետք սկսաւ ծաղիկներու մատուցման արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան պաշտօնական հիւրերն ու բազմութիւնը:
Օրուան հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Անի Գալստեանը, ապա կատարուեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն: Նարեկ Գալստեան արտասանեց ուսանողական խօսքը, իսկ Բիայնա Ամիրեան եւ Նարեկ Շահնազարեան ընթերցեցին «Ռոստոմ» Երիտասարդական միութեան հայերէն եւ պարսկերէն խօսքերը:
Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին կատարուեցան ասմունքներ եւ մեկնաբանուեցան զանազան երգեր:
Հաւաքը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր, իսկ հանդիսութեան աւարտին յանձնառու երիտասարդութիւնը իր խրոխտ ձայնով հնչեցուց յեղափոխական ոգեշունչ երգեր՝ ապացուցելով, որ հայ նոր սերունդը միշտ պիտի մնայ պատնէշի վրայ իր պահանջատէր կեցուածքով:
Նշենք, որ հանդիսութեան ընթացքին «Յովնան Դաւթեան» Ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս՝ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: