ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկահայ գաղութը արդէն իսկ սկսած է տարատեսակ աշխատանքներու՝ յաջողութեամբ աւարտելու համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան թելեթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 31ին, Քալիֆորնիոյ ժամով կ.ե. ժամը 3էն երեկոյեան ժամը 9, ուր լուսարձակի տակ պիտի առնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկահայութեան քաղաքական գործունէութիւնը:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Հայ Դատի գործիչները այցելած են զանազան հայկական վարժարաններ ու եկեղեցիներ՝ բացատրելու համար ամերիկահայութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ աւելի աշխուժ դարձնելու նպատակով տարուած աշխատանքները՝ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Աշակերտները արդէն իսկ գործի լծուած են՝ կազմակերպելով դրամահաւաքի ձեռնարկներ ու դրամահաւաքները քաջալերելու նպատակով յատուկ մրցումներ:

«Քաջալերական է տեսնել առաջին դասարանէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը, որ նոր ուժ եւ կորով կը բերէ երկրին քաղաքական ու լրատուական մարզերուն մէջ ամերիկահայութիւնը աւելի ազդեցիկ դարձնելու աշխատանքին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դրամահաւաքի այս արշաւին միանալու համար, դիմել (877) 808-ANCA թիւին: Նուիրատուութիւն կարելի է կատարել՝ այցելելով www.2009telethon.org/donate.php համացանցային կայքէջը, կամ՝ ANCA Endowment Fund Telethon, 104 N. Belmont Ave Suite 305, Glendale, CA 91205 հասցէով:
Թելեթոնին հասոյթը պիտի տրամադրուի հայկական հարցերու նկատմամբ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի հայութեան մտահոգութիւնները պետական զանազան մակարդակներու վրայ լսելի դարձնելու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ պահանջատիրական աշխատանքը աւելի ազդու դարձնելու փորձերուն: