ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ
Կարսի պայմանագիրը (13 Հոկտեմբեր, 1921) յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի մերօրեայ հայոց պետականութեան համար: Ոմանց թիւր ըմբռնումներուն եւ տասնամեակներ տեւած նենգափոխումներուն պատճառով, այսօր կը տիրէ այն սխալ տեսակէտը, որ իբր թէ, Կարսի պայմանագիրն է որոշողը, այսպէս կոչուած՝ հայ-թրքական սահմանը: Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն այդ փաստաթուղթի քննումը ակնյայտ կը դարձնէ, որ անիկա երբեք չէ ունեցած եւ չունի իրաւական ուժ, հետեւաբար չի ստեղծեր պարտաւորութիւններ կողմերու համար:
Հայաստանի Սովետական (Խորհրդային) Սոցիալիստական հանրապետութեան (յետայսու՝ ՀՍՍՀ) իրաւական կարգավիճակի եւ Կարսի պայմանագրի (13 Հոկտեմբեր, 1921) օրինականութեան եւ իրաւականութեան (legitimacy and legality) հարցերը սերտօրէն շաղկապուած են: Ըստ ՄԱԿի պաշտօնական ուղեցոյց-ձեռնարկին, «Միջազգային պայմանագրերը համաձայնութիւններ են միջազգային իրաւունքի սուբյեկտներու միջեւ, որոնց միջոցով անոնք կը ստեղծեն, փոփոխութեան կ՛ենթարկեն կամ կը դադրեցնեն փոխադարձ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները» [1]: Այսինքն, պայմանագրի օրինականութեան եւ իրաւականութեան համար անհրաժեշտ է, որ պայմանագիրը կնքող կողմերէն իւրաքանչիւրը ըլլայ միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ, այն է՝ ըլլայ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան օրինական կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ [2]: Այս տեսանկիւնէն ալ անդրադառնանք Կարսի պայմանագիրը կնքած կողմերէն մէկուն՝ ՀՍՍՀի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անունով պայմանագիրը ստորագրողներու, կարգավիճակներուն, անոնց իրաւական հետեւանքներուն կամ հետեւանքներու բացակայութեան:
ՀՍՍՀի գոյութիւնը, հետեւաբար անոր իրաւական կարգավիճակը, կը բաժնուի 2 ժամանակահատուածի.
ա) 1920 թուականի Դեկտեմբեր 2էն մինչեւ 1922 թուականի Դեկտեմբեր 30, «ՀՍՍՀ» կոչուած տարածքի առանձին, բայց ոչ անկախ գոյութեան, ժամանակահատուած.
բ) 1922թ. Դեկտեմբեր 30էն մինչեւ 1991թ. Սեպտեմբեր 21, Սովետական Սոցիալիստական հանրապետութիւններու միութիւն պետութեան կազմին մէջ «ՀՍՍՀ» վարչատարածքային միաւորի գոյութեան ժամանակահատուած.
Հարցին նոյնիսկ հպանցիկ քննումը ակնյայտ կը դարձնէ այն, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, երբեք չէ եղած «ՀՍՍՀ» պետութիւն, հետեւաբար չէ եղած միջազգային իրաւունքի նման սուբյեկտ: Պետութեան ճանաչումը մէկ այլ պետութեան կողմէ վճռորոշ նշանակութիւն ունի պետութեան կայացման գործին մէջ [3]: ՀՍՍՀն իր գոյութեան եւ ոչ մէկ հատուածին երբեք ճանչցուած չէ եղած՝ որեւէ օրինական ճանաչում ունեցող պետութեան մը լիազօր իշխանութիւններուն կողմէ: ՀՍՍՀի, այսպէս կոչուած՝ ճանաչումները, չեն յառաջացուցած որեւէ իրաւական հետեւանք, քանի որ իրենց հերթին բխեր են չճանչցուած երկիրներէ կամ վարչախումբերէ:
Որպէսզի ճանաչումը օրինապէս համարուի իբրեւ այդպիսին, անիկա պէտք է կատարուի իր հերթին օրինականօրէն ճանչցուած միջազգային իրաւունքի սուբյեկտի կողմէ [4]: Օրինակ, 1920ին սովետական կառավարութիւնը ճանչցաւ Պալթեան երկիրները, սակայն այդ ճանաչումը չընդունուեցաւ Դաշնակից ուժերու կողմէ, այն հիմնաւորմամբ, որ սովետական կառավարութիւնը, իր կարգին, օրինապէս ճանչցուած չէր [5]: Աբխազիոյ կողմէ Օսէթիոյ ճանաչումը, կամ հակառակը, չի յառաջացներ իրաւական հետեւանք, քանի որ ճանչցող կողմը դեռ չունի միջազգային իրաւական ճանաչում: Առանց ճանաչման, կառավարութիւնները իրաւական տեսանկիւնէ գոյութիւն չունին, հետեւաբար որեւէ իրաւական գործունէութիւն (պայմանագրերու կնքում, քաղաքացիութեան շնորհում կամ զրկում, մասնակցութիւն դատական գործընթացին եւ այլն) չեն կրնար ծաւալել [6]:
Կանխելով այն շահարկումները, թէ իբր ՀՍՍՀն անկախ երկիր էր, քանի որ այդպէս էր գրուած շարք մը ներքին օգտագործման փաստաթուղթերու մէջ (օրինակ՝ ՀՍՍՀ կամ ՍՍՀՄ սահմանադրութիւններուն մէջ)՝ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ միջազգային իրաւունքի մէջ միակողմանի իրաւական փաստաթուղթերը (unilateral legal acts), ինչ ձեւով ալ անոնք արտայայտուած ըլլան (հռչակագրերու, յայտարարագրերու, հաղորդագրութիւններու, սահմանադրութիւններու եւ այլն), չեն կրնար շնորհել աւելի շատ իրաւունքներ, քան այն, որ կը հասնի՝ ըստ միջազգային իրաւունքի [7]:
Ընդհանրապէս, միջազգային իրաւունքը շատ յստակ է պետականութեան հարցին մէջ: Մասնաւորապէս, Մոնթեվիտէոյի պետութիւններու իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու մասին 1933 թուականի միջազգայնագրի (Convention on Rights and Duties of States, Montevideo, 1933) 1ին յօդուածը կ՛ամրագրէ պետականութեան 4 չափորոշիչները, որոնք պարտադիր են միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ ըլլալու համար: Ատոնք են՝
ա) Մնայուն բնակչութիւն
բ) Որոշակիացուած տարածք
գ) Կառավարութիւն
դ) Այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու մէջ մտնելու կարողութիւն
(Article I: a) a permanent population; b) a defined territory; c) government; and d) capacity to enter into relations with the other States) [8].
Վերջին չափորոշիչը կը համարուի ամենակարեւորը [9]: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ պարզապէս միջպետական յարաբերութիւններու իրաւունքի դատարկախօս յայտարարութեան, այլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ մտնելու իրական կարողութեան, այսինքն՝ օտար երկիրներու, ինչպէս նաեւ սեփական երկրի մէջ օտար դեսպանատուներու բացման եւ գործունէութեան ծաւալման:
Այսու, Կարսի պայմանագիրը կնքելու պահուն (13 Հոկտեմբեր, 1921) չկար «ՀՍՍՀ» օրինականօրէն ճանչցուած պետութիւն, հետեւաբար՝ միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ: Բնականաբար այդ տարածքային միաւորը, ինչպէս նաեւ անոր մէջ իշխանութիւն հաստատած վարչախումբը, չունէր որեւէ միջազգային պայմանագիր կնքելու իրաւասութիւն:
Հիմա անդրադառնանք ՀՍՍՀի մէջ 1920 Դեկտեմբեր 2էն իշխանութիւն հաստատած, աւելի ճիշդ իշխանութեան բերուած, վարչախումբի իրաւական կարգավիճակին: Սա կարեւոր է, քանի որ այդ կարգավիճակէն կ՛ածանցուին Հայաստանի անունով Կարսի պայմանագիրը ստորագրած անձերուն լիազօրութիւնները:
Հանրայայտ իրողութիւն է, որ Հայաստանի հանրապետութեան օրինական իշխանութիւնները, ռուս-թրքական համադրուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով [10] յայտնուելով անելանելի վիճակի մէջ, ստիպուած էին ընտրել չարեաց փոքրագոյնը եւ իշխանութեան փոխանցման մասին համաձայնագիր կնքել «ՌՍՖՍՀ լիազօր ներկայացուցիչ ընկ. Լեգրանի» հետ, որ հանդէս կու գար «ՌԿԿԿԿի (Ռուսիոյ կոմիւնիստական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէ) լիազօրութեամբ, ի դէմս Ռուսիոյ Խորհրդային կառավարութեան» [11]:
Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն այստեղ կարեւորը այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան բերուած մարդոց խումբը, որ նախապէս հանդէս կու գար Հայ յեղափոխական կոմիտէ անունով [12], ակնյայտoրէն օտարերկրեայ, այն ալ անօրինական, վարչակարգի դրածոյ վարչախումբ էր: Կարսի պայմանագիրը ստորագրած վարչախումբի ներկայացուցիչներու՝ Ասքանազ Մռավեանի եւ Պօղոս Մակինցեանի, լիազօրութիւնը խարսխուած էր ոչ թէ օրինական իշխանութեան, այլ երկիրը բռնագրաւած օտարերկրեայ բանակի քաղաքական ղեկավարութեան կամքի վրայ եւ կ՛իրականացուէր պարտադրանքի տակ: Այդ կը փաստէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ նման քաղաքական պարտադրանքի պարտաւորութիւնը մինչ այդ ամրագրուեր էր Մոսկուայի բոլշեւիկ-քեմալական 1921 թուականի Մարտ 16ի պայմանագրի 15րդ յօդուածի մէջ [13]: Պատմական անվիճելի փաստ է, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը բռնագրաւեր էր 1920 թուականի Oգոստոս 24ին կնքուած ռազմական դաշնագրով [14] նախատեսուած բոլշեւիկ-քեմալական գործողութիւններու հետեւանքով [15], եւ այդ միասնական ուժով Հայաստանի մէջ իշխանութեան բերուած էր անթաքոյց խամաճիկային վարչախումբ: Այս առումով միջազգային իրաւունքը միանշանակ է. գրաւող ուժի եւ անոր կողմէ իշխանութեան բերուած խամաճիկային կառավարութեան միջեւ (a puppet government) կնքուած որեւէ պայմանագիր կամ բռնագրաւման ժամանակ երկրի տարածքի որեւէ մասի զիջում հետեւանքազուրկ է (are not effective) [16]: Աւելին, երկրի համար, ընդհանրապէս, իրաւական հետեւանք չի կրնար յառաջացնել որեւէ պայմանագիր կամ պարտաւորութիւն, եթէ տուեալ երկրի պաշտօնեաները բացայայտօրէն գործեր են օտար ուժի հրահանգով [17]:
Խիստ խնդրայարոյց է նաեւ Կարսի պայմանագրի օրինապէս վաւերացուած ըլլալու հարցը: Ըստ պայմանագրի 20րդ յoդուածին, պայմանագիրը՝ կնքուած Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն միջեւ, ենթակայ էր վաւերացման: Սակայն մեզի չէ յաջողուած տպագիր աղբիւրներու մէջ գտնել յիշատակութիւն՝ ՀՍՍՀ որեւէ կառոյցի կողմէ Կարսի պայմանագրին պաշտօնապէս անդրադարձած, առաւել եւս վաւերացուցած ըլլալու մասին: Կարսի պայմանագրի վերաբերեալ սովետական աղբիւրները [18] կը նշեն միմիայն վաւերագրերու փոխանակման մասին (Երեւան, 11 Սեպտեմբեր, 1922), սակայն չեն նշեր Հայաստանի, Վրաստանի կամ Ատրպէյճանի կողմէ պայմանագրի վաւերացման մասին: Օտար աղբիւրները կը նշեն, որ Կարսի պայմանագիրը վաւերացուեր է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ (16 Մարտ, 1922, օրէնք թիւ 207) [19] եւ, ի դէմս Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ ՌՍՖՍՀի կողմէ [20]: Եթէ սա իրողութիւն է, ապա, ըստ այդմ, Կարսի պայմանագիրը անօրինական է ու անվաւեր նաեւ վաւերացման գործընթացի կոպիտ խախտման պատճառով: Ըստ միջազգային իրաւունքի, յստակ է՝ իւրաքանչիւր երկիր կրնայ որեւէ պայմանագիր վաւերացնել միմիայն իր անունով եւ իրեն համար, ու չի կրնար այդ ընել ուրիշին փոխարէն:
Ամփոփելով վերոշարադրեալը՝ կարելի է ընել հետեւեալ եզրակացութիւնները.
Կարսի պայմանագիրն անօրինական է ու անվաւեր՝ անոր կնքման պահէն, որովհետեւ՝
1. Պայմանագիրը կնքող կողմերէն ոչ մէկը հանդիսացած է միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ:
ա) ՀՍՍՀ երբեք չէ եղած պետութիւն եւ, բնականաբար, երբեք ճանչցուած չէ եղած իբրեւ այդպիսին: 1920-24 թուականներուն Հայաստան ունեցեր է բռնագրաւուած տարածքի [21] (occupied territory) կարգավիճակ [22], իսկ 1924էն, սկսած Սովետական միութեան ճանաչումէն մինչեւ ՍՍՀՄ վախճանը՝ 1991 թուական, բռնակցուած տարածքի (annexed territory) կարգավիճակ [23]: Հետեւաբար, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ՀՍՍՀն ի սկզբանէ չէ ունեցած միջպետական յարաբերութիւն՝ իրականացնելու որեւէ կարողութիւն եւ իրաւասութիւն, մասնաւորապէս՝ միջազգային պայմանագիր կնքելու լիազօրութիւն:
բ) Կարսի պայմանագիրը ստորագրած Քեազիմ Քարապէքիրը, 1921ին չէր հանդիսանար իրաւականօրէն ճանչցուած թրքական պետութեան լիազօր ներկայացուցիչը, այլ թրքական ռազմական դատարանի կողմէ մահուան դատապարտուած, պատերազմի յանցագործ Մուսթաֆա Քեմալի մարտախումբի ներկայացուցիչն էր: Մուսթաֆա Քեմալը 1921ին պարզապէս փախուստի մէջ գտնուող քրէական յանցագործ էր: Մուսթաֆա Քեմալը, երկրի օրինական իշխանութիւններու դէմ խռովութիւն բարձրացնելու համար, տակաւին 1919 Oգոստոս 9ին, զրկուեր էր զինուորական եւ քաղաքացիական կոչումներէն եւ բոլոր պարգեւներէն: Իսկ 1920 Ապրիլ 11ին, կայսրութեան բարձրագոյն կրօնաւորի՝ շէյխ էլ իսլամի, «ֆեթուա»ով (կոնդակով) մահուան էր դատապարտուեր: Անոր նկատմամբ նոյն տարուան Մայիս 11ին մահապատիժի վճիռ կայացուցած էր նաեւ թրքական ռազմական դատարանը [24]: Այս դատավճիռը 1920 Մայիս 24ին հաստատուեր էր սուլթանին կողմէ: Ի դէպ, Քեմալի եւ քեմալականներու նկատմամբ քրէական հետապնդումը կարճուեր է միայն 1923 Յուլիս 24ին՝ ներման համապատասխան յայտարարագրով [25]:
2. Կարսի պայմանագիրը ստորագրելու գործընթացը ոտնահարեր է շարք մը jus cogens-ներ: Ըստ այդմ, եթէ սահմանի յստակեցման եւ հաստատման գործընթացը խախտեր է միջազգային իրաւունքի որեւէ անբեկանելի սկզբունք՝ jus cogens, ապա տուեալ սահմանը անօրինական է եւ անվաւեր (illegal and void) [26], քանի որ անօրինական եւ անվաւեր է զայն ամրագրող պայմանագիրը: Այս սկզբունքը ամրագրուած է Վիեննայի պայմանագրերու մասին օրէնքի միջազգայնագրի 53րդ յօդուածին մէջ: (Article 53. Treaties conflicting with a peremptory norm of general international law (jus cogens) – The treaty is void if, at the time of its conclusion, it conflicts with a peremptory norm of general international law.)
Յղումներ եւ ծանօթագրութիւն
1. Manual of Terminology of Public International Law, (by Isaac Paenson), United Nations, New York, 1983, p. 38.
2. Այսպէս կոչուած՝ «Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան» իրաւական կարգավիճակին անդրադարձեր ենք նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ. տե՛ս՝ Մոսկուայի ռուս-թրքական պայմանագրի (16 Մարտ, 1921) փորձաքննութիւնը՝ ըստ միջազգային իրաւունքի («Ազգ», 16 Մարտ, 2007, էջ 4):
3. Williams S.A., De Mestral A.L.C., An Introduction to International Law, Toronto and Vancouver, 1987, p. 44.
4. Moore J.B., Digest of International Law, Washington, 1906, vol. I, p. 73.
5. The Secretary of States (Colby) to the Ambassador in Great Britain (Davis), 2 August 1920, p. 462. (Papers Relating to the Foreign Relations of the United States, 1920, v. III. pp. 461-3).
6. Ti-Chiang Chen, The International Law of Recognition, London, 1951, p. 138.
7. Branimir M. Jankovic, Public International Law, New York, 1984, p. 271.
8. Ian Brownlie, Principles of Public International Law, 5th edition, Oxford, 2001, p. 70.
9. Williams S.A., De Mestral A.L.C., Ibid, p. 45.
10. ԱՄՆ Սենատի թիւ 245 բանաձեւը (3 Յունիս, 1924) միանշանակօրէն ամրագրեր է, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա միասնաբար գործած են Հայաստանի կործանման ուղղութեամբ: (Turkey joined with Soviet Russia in the destruction of the Armenian State, brutally murdered hundreds of thousands of Armenians … Senate Resolution, 245, June 3, 1924. The Armenian Review, vol. 30, No. 3-119, 1977, p. 286):
11. Վրացեան Ս., Հայաստանի հանրապետութիւն, Թեհրան, 1982, էջ 501: Անգլերէն թեքսթի համար տե՛ս՝ Simon Vratzian, How Armenia was Sovietized, (part IV), The Armenian Review, 1948, October, (vol. I, No. 4), p. 89-90.
12. 1921 Մայիս 21ին Հայ յեղափոխական կոմիտէն վերանուանուած է ՀՍՍՀ Ժողկոմխորհ:
13. «Ռուսիա կը պարտաւորուի Անդրկովկասեան հանրապետութիւններու նկատմամբ դիմել քայլերու, որպէսզի այդ հանրապետութիւններուն կողմէ Թուրքիոյ հետ կնքուելիք պայմանագրերուն մէջ անպատճառ ճանչցուին սոյն պայմանագրի այն յօդուածները, որոնք անմիջաբար կը վերաբերին իրենց»: (Հայաստանը միջազգային դիւանագիտութեան եւ սովետական արտաքին քաղաքականութեան փաստաթուղթերուն մէջ, Երեւան, 1972, էջ 504):
14. Տե՛ս Էնվէր փաշայի Մոսկուայէն գրուած նամակը (26 Oգոստոս, 1920), գերմանացի ժեներալ Վոն Սեքթին (Von Seckt): Ան մասնաւորապէս կը գրէ. «Երէկ չէ, առջի օր մենք ստորագրեցինք թուրք-ռուսական բարեկամութեան դաշնագիր: Այդ դաշնագրի հիման վրայ, ռուսերը մեզի պիտի օգնեն դրամով եւ բոլոր այլ միջոցներով»: (The other day we signed a Turco-Russian friendship pact. On the basis of that pact, the Russians will help us with money and all other means.) (Vemian V., Two Little Known Letters of Enver Pasha, Written from Moscow, The Armenian Review, vol. I, No. 3, Summer, July, 1948, p. 57):
15. Բոլշեւիկներու եւ քեմալականներու սերտ համագործակցութեան մասին տե՛ս՝ Richard G. Hovannisian, Armenia and the Caucasus in the Genesis of the Soviet-Turkish Entente, The Armenian Review, vol. 27, 1-105, Spring, 1974, p. 33-52.
16. Wilfried Fiedler, Continuity, in: R. Bernhardt (ed.), Encyclopedia of Public International Law, v. I, Amsterdam, 1992, p. 808.
17. Ian Brownlie, նշւ. աշխ., p. 449.
18. «Տոքումէնթի Վնեշենի փալիթիքի Սէ.Սէ.Սէ.Ար., T. 4, Մոսկուա, 1960, c. 429; Հայաստան միջազգային դիւանագիտութեան եւ սովետական արտաքին քաղաքականութեան փաստաթուղթերուն մէջ, Երեւան, 1972, էջ 527:
19. Gunduz Okcun A., A Guide to Turkish Treaties (1920-1964), Ankara, 1966, p. 4.
20. Soviet Treaty Series, v. I (1917-1928), (compil. & ed. by Leonard Shapiro), Washington, 1950, p. 136.
21. Report [Pursuant to H. Res. 346 and H. Res. 438], Communist Takeover and Occupation of Armenia, 83rd Congress 2nd Session, House of Representatives, Rept. 2684, Part 8, 31 December 1954, p. 14.
22. Ըստ միջազգային իրաւունքի, բռնագրաւող ուժը չի հանդիսանար տուեալ երկրի de jure իշխանութիւնը, այլ միայն կ՛իրականացնէ de facto կառավարում, հետեւաբար անիկա լիազօրուած չէ հանդէս գալու երկրի անունով: (The authority exercised by an occupying power is, as far as international law is concerned, a de facto, not de jure authority. The occupying powers ability to enforce respect for its legitimate interests is not an authority to create law. Michael Bothe, Occupation, Belligerent, in: R. Bernhardt (ed.), Encyclopedia of Public International Law, vol. III, Amsterdam, 1997, p. 764):
23. Annexation is the forcible acquisition of territory by one State at the expense of another. (Rudolf L. Bindschedler, Annexation, in: R. Bernhardt (ed.), Encyclopedia of the Public International Law, Amsterdam, 1992, v. I, p. 168).
24. Քեմալ Փաշա, Տիփլոմաթիչեսքի Սլովար, Մոսկուա, 1948, T 1, c. 776.
25. Amnesty Declaration and Protocol, signed 24 July 1923, at Lausanne.
26. Michael Bothe, Boundaries, in: R. Bernhardt (ed.), Encyclopedia of Public International Law, Amsterdam, 1992, v. I, p. 448.