«Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ամերիկահայ միլիառատէր Քրրք Քըրքորեան կրնայ ներդրումներ կատարել Թուրքիոյ պանդոկաշինութեան մարզէն ներս։ Այս մասին յայտարարած է հայ-թուրք առեւտուրի զարգացման յանձնախումբի համանախագահ Քաան Սոյաք։ Սոյաք Ամերիկայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Քըրքորեանի հետ, որ ընդունած է քննել ներդրումներ կատարելու առաջարկը։ Սոյաքի խօսքերով, հիմնական ներդրումները պիտի կատարուին Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ։
«Հայեր յաճախ կ՛այցելեն Արաբկիր, Մալաթիա, Վան եւ Իգտիր, ուր պանդոկներ չկան», ըսած է թուրք գործարարը՝ աւելցնելով որ հայ գործարարներ, ընդհանուր առմամբ, կը փափաքին ներդրումներ կատարել Թուրքիոյ մէջ։