ՄԱՐՏԱՆ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի զինուորական ուժերուն եւ երկրին հիւսիսարեւմտեան շրջանները ապաստանած Աֆղանիստանի «Թալեպան» շարժումի զինեալներուն միջեւ ծագած ծանր բախումներէն փախուստ տալով՝ տասնեակ հազարաւոր փաքիստանցիներ Հինգշաբթի, Մայիս 7ին գաղթական դարձան՝ ապաստանելով Փաքիստանի իշխանութեանց եւ ՄԱԿի կողմէ հաստատուող գաղթակայաններուն մէջ:
Ամերիկեան իշխանութիւններէն յաւելեալ օժանդակութեան դիմում կատարած Փաքիստանի կառավարութիւնը զինուորական այս քայլին դիմած էր, երբ «Թալեպան» շարժումը ընդարձակած էր իր հակակաշռին տակ գտնուող տարածքը:
ՄԱԿի տուեալներով, արդէն իսկ կէս միլիոնէ աւելի փաքիստանցիներ գգաղթական դարձած են Սուաթ հովիտի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով: