ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Հայաստանի կառավարութեան մամլոյ վարչութիւնը տեղեկացուց, թէ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախագահած է Հայաստանի Կանանց հարցերու խորհուրդի նիստին: Մասնակիցները ունկնդրած եւ վաւերացուցած են աշխատանքի փոխնախարար Ֆիլարետ Բերիկեանի ներկայացուցած հաշուետուութիւնը՝ Հայաստանի մէջ կանանց վիճակի բարելաւման եւ անոնց դերի բարձրացման ծրագրի կատարման մասին:
Փոխնախարար Ֆ. Բերիկեան շեշտած է, թէ 2008ին իրականացած միջոցառումները ծառայած են յատկապէս կանանց եւ այրմարդոց իրաւահաւասարութեան օրէնսդրութեան կատարելագործման, կանանց ընկերային ապահովութեան, անոնց առողջապահական խնդիրներու բարելաւման, կրթական բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութեան երեւոյթի կանխարգելման: Ան թուեց այն նախարարութիւնները եւ հաստատութիւնները, ուր կատարուած են նշեալ բարեփոխումները, ինչպէս՝ աշխատանքային եւ ընկերային հարցերու, առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան, արտաքին գործոց եւ այլ նախարարութիւններ, Հայաստանի ոստիկանութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը եւ այլն: