ԱՆԳԱՐԱ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Ուրբաթ, Մայիս 8ին, Թուրքիա այցելող Ֆինլանտայի իր պաշտօնակից Ալեքսանտր Սթուպի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ողջունեց մէկ օր առաջ Չեխիոյ մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ՝ Ղարաբաղի շուրջ կատարուած բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած յառաջդիմութիւնը:
«Ուրախ ենք, որ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ: Այս մէկը լուրջ սկիզբ մըն է եւ պէտք է քաջալերուի բոլորին կողմէ: Շրջանը մերն է եւ անոր ճակատագիրը մեր ձեռքերուն մէջն է», աւելցուց Տաւութօղլու:
Իր կարգին, Սթուպ յայտնեց, թէ նեցուկ կը կանգնի Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու աշխատանքներուն եւ ողջունեց շրջանային տագնապները լուծելու նպատակով Անգարայի ունեցած դերակատարութիւնը: