Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սենթ Լուիսի «Chess Club and Scholastic Center of Saint Louis» մարզասրահէն ներս մեկնարկեց Ամերիկայի ճատրակի առաջնութիւնը, որուն մրցանակն է 130 հազար տոլար:
Աշխարհի ուժեղագոյն մրցակցութիւններէն մէկը համարուող այս մրցաշարին պիտի մասնակցին ճատրակի 24 խաղացողներ, որոնցմէ 18 հոգին կը կրէ վարպետի կոչում: Անոնց շարքին են ԱՄՆի քաղաքացի, ճատրակի երկու հայ վարպետներ Վարուժան Յակոբեանը եւ Մելիքսեթ Խաչիեանը: