ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շրջանի հայկական իրականութենէն ներս յատուկ տեղ վերապահուած է ՀՕՄի փառատօներուն, որոնց կազմակերպման անհամբերութեամբ կը սպասէ շրջանի հայութիւնը: Մայիսի առաջին շաբաթավերջը հայկական մեր աւանդութիւններն ու մշակոյթը վերակենդանացնելու փառատօնի շաբաթավերջ է ՀՕՄի համար. այդ փառատօներուն 8րդը այս տարի մեծ յաջողութեամբ իրականացաւ Շաբաթ, 2 Մայիս 2009ի ամբողջ օրը, Կլէնտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահէն ներս:
Առաւօտեան ժամը 10ին փառատօնին դռները բաց էին: Ոտքի էր ՀՕՄի ողջ ընտանիքը եւ ուրախութեամբ կը հիւրընկալէր մասնակիցները Կլէնտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահէն ներս: Հայկական էր մթնոլորտը:
Փառատօնի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 1ին, բիւրաւոր մասնակիցներու ներկայութեամբ, որոնց կարգին էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի հիւպատոս Նանա Ղազարեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ Ռոզի Պետրոսեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, ՀՀ Հիւպատոսութեան համայնքի կապ Արմինէ Պալեան, ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան եւ անդամ Խաչիկ Խալաթեան, «Համազգային»ի Շրջ. վարչութեան անդամ Անիթա Հաւաթեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմնի եւ Կլէնտէյլ Քոլէճի Խորհուրդի անդամ տոքթ. Արմինէ Յակոբեան, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Պոզոյեան, Կլէնտէյլի Կիներու յանձնաժողովի նախագահ Փօլա Տիվայն եւ անդամ Էլիզապէթ Մանասէրեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ Վաղինակ Պապայեան եւ Յակոբ Բաղումեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ՀՕՄի նուիրատուներ, համակիրներ, հիւրեր եւ ՀՕՄի անդամ-անդամուհիներ:
Դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի Քրեսէնթա հովիտի «Շանթ» եւ Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղի արի-արենոյշները՝ գլխաւորութեամբ Շրջ. փոխ-խմբապետուհի Անի Էքմէքճեանի. անոնք կարգապահ քայլերով բեմ առաջնորդեցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄի դրօշները, բարեւեցին ներկաները եւ տեղադրեցին զանոնք բեմին վրայ: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները խմբերգեցին ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններէն կազմուած երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ խմբավար Ալֆրէտ Մարտոյեանի: ՀՕՄի աշակերտական երգչախումբը նաեւ ներկաներուն հրամցուց հայկական մանկական երգերու փունջ մը՝ մեծապէս յուսադրելով ներկաները:
Փառատօնի առաջին բաժնի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց հեռատեսիլի ծանօթ խօսնակ Արշալոյս (Արշիկ) Դարբինեան, որ ընդգծելով ՀՕՄի հետապնդած նպատակներն ու արձանագրած մարդասիրական անսահման ծառայութիւնները՝ վեր առաւ անոր առաքելութիւնը եւ խրախուսեց ներկաները զօրակցելու ազգանուէր այս կազմակերպութեան:
Ապա, ներկայացնելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը, բեմ հրաւիրեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ հայրական իր օրհնութիւնը փոխանցելով՝ խնդրեց Աստուծմէ օրհնէ Հայ օգնութեան միութեան նուիրեալ անդամուհիները եւ բոլոր այն անձնաւորութիւնները, որոնք կը զօրակցին մարդասիրական այս մեծ կազմակերպութեան:
Առաջնորդ հայրը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ ներկայ բազմութիւնը մասնակից կը դառնայ ՀՕՄի 8րդ հայկական փառատօնին եւ միասնաբար կը վայելէ հայկական մեր մշակոյթը, ժառանգութիւնն ու ազգային հարստութեան գաղտնիքները, ապա խնդրեց, որ զանոնք հարազատօրէն փոխանցեն ոչ միայն իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, այլ նաեւ ամերիկացի հանրութեան:
Իսկ անդրադառնալով Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2009ը Հայ Երիտասարդութեան տարի հռչակման՝ ըսաւ. «ՀՕՄի շարքերէն ներս ալ նոր սերունդի ներկայութիւնը, անոնց եռուն գործունէութիւնը լաւագոյն արտայայտութիւնն է վեհափառ հայրապետի կոչին եւ մանաւանդ 100ամեայ ՀՕՄի վերանորոգման եւ ծրագիրներու վերաշխուժացման ու վերաթարմացման»:
Անգամ մը եւս օրհնելով ՀՕՄի նուիրեալները՝ առաջնորդ հայրը եզրակացուց իր պատգամը, մաղթելով, որ՝ «Ընդ առաջ երթալով վեհափառ հայրապետին կոչին, առաւել եւս կենսունակութեամբ եւ եռանդով մենք շարունակենք հայրենասիրական, մարդասիրական, բարեսիրական եւ կրթական ծառայութիւնը Հայ օգնութեան միութեան եւ մանաւանդ այս շաբաթավերջին վայելենք այս փառատօնը»:
Փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով սրտի խօսք փոխանցեց յանձնախումբի ատենապետուհի Քրիսթին Յովնանեան, որ նշեց փառատօնի կազմակերպման եւ 100ամեայ ՀՕՄի ստեղծման տուն տուող պատճառները ըսելով. «2010 թուականին ՀՕՄը կը թեւակոխէ իր հարիւրամեակը: Այսօր կը յուշենք այս թուականը, այն ակնկալութեամբ, որ իւրաքանչիւր հայորդի անդրադառնայ 100ամեայ այս կազմակերպութեամբ հսկայական իրագործումներուն, սատար հանդիսանայ անոր գոյատեւման ու հզօրացման, որպէսզի ան հարիւր եւ աւելի տարիներ եւս կարենայ ծառայել հայ ժողովուրդին»:
Ապա շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՕՄին զօրակցող բոլոր անհատներուն՝ հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ տիկին Ալիս Նաւասարգեան տասը հազար տոլար նուիրելով կը հովանաւորէ հայկական մեր մշակոյթը անմահացնող ՀՕՄի 8րդ փառատօնը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, որ հպարտանքով ողջունեց ՀՕՄին զօրակցող օրուան պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները եւ ներկայացուց շրջանի ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան ու հոգեբանական կեդրոնները, ընդգծեց գոյութիւն ունեցող 26 մասնաճիւղերը, որոնց ընդմէջէն աւելի քան 1500 ազնուասիրտ հայուհիներ, իրենց ազատ ժամերը կը տրամադրեն օգնութեան հասնելու հոն, ուր կարիք կը զգացուի:
«Տրամադրելի այդ օգնութիւնները արժեւորւում են ձեր միջոցաւ: Նրանց իրականացման գլխաւոր աղբիւրը դուք էք, սիրելի ներկաներ, որ ձեր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ թեւեր էք տալիս մեզ, որպէսզի օգնութեան հասնենք մեր այնքան փայփայած հայրենիքին, Սփիւռքին, Ազատագրուած Արցախին եւ յատկապէս կարօտեալ æաւախքին:
«Ահա անգերազանցելի իրողութիւն, որ ոչ միայն հոգեկան մեծ գոհունակութիւն է տալիս մեզ, այլ նաեւ մեր էութիւնը հպարտութեամբ է լեցնում: Եւ ինչո՞ւ չհպարտանալ նման երեւոյթի առջեւ: Ահա մի կազմակերպութիւն, որ իր ժողովրդի ծոցից ծնունդ առաւ եւ ամբողջ մի դար ծառայեց եւ պիտի շարունակի ծառայել իրե՛ն իսկ ծնունդ տուած ժողովրդին», ընդգծեց Ռ. Պօղոսեան եւ եզրակացնելով հաստատեց. «Մենք գոյատեւելու ենք, որովհետեւ ունինք հայկական մեր աւանդութիւնները եւ մանաւանդ մեր մշակոյթը, որին հարազատ թարգմաններից մէկն է այսօրուայ փառատօնը: Այսօր հնչելու են աւանդական տհոլն ու զուռնան, ներկայացուելու են հայկական մեր երաժշտութիւնը, երգն ու պարը: Այսօր, այս սրահից ներս մեր հայրենիքն է խօսում, զօրեղ իր Սփիւռքով»:
Տպաւորիչ իր պատգամի աւարտին, ընկերուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց զօրակցութիւնը չեն զլանար ընդհանրապէս ՀՕՄին եւ յատկապէս այս փառատօնին: Ան բարձր գնահատեց փառատօնին մասնակից արուեստագէտները, պարախումբերը, պարուսոյցները, «Քնար» նուագախումբը, որոնք փառատօնի յայտագիրը հայկականութեամբ կը ճոխացնեն:
Ընկերուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Ալիս Նաւասարգեանին, որ մեծ հաւատք ընծայելով ՀՕՄի ընտանիքին՝ սիրայօժար ընդունած է ժողովրդային այս ձեռնարկի հովանաւորութիւնը: Ապա բեմ հրաւիրելով ազնուասիրտ տիկինը, Շրջանային վարչութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց անոր, առ ի երախտագիտութիւն հովանաւորութիւնը ստանձնելու գեղեցիկ նախաձեռնութեան:
Փառատօնի երեկոյեան ծրագիրը վարեց «ՀՕՄի Ձայնը» հեռատեսիլի երկար տարիներու խօսնակ, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի ուսուցչուհիներէն Սօնա Մատարեան, որ ազգայնաշունչ իր արտայայտութիւններով եւ հայկական մշակոյթը գովերգելով՝ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց «Ալեքս», «Կարաւան», «Անոյշ», «Լիլիան», Համազգայինի «Լոռի», «Տաւիղ», «Կիլիկիա» եւ «Անի» պարախումբերը: Բոլոր խումբերն ալ իրենց հայկական եւ միջազգային պարերով անսահման ուրախութիւն պարգեւեցին ներկաներուն՝ արժանանալով անոնց երկարաշունչ ծափողջոյններուն: Հայկական առումով յատկանշական էր յատկապէս «Լիլիան» պարախումբի ներկայացուցած հայկական հարսանիքը, որ առաւել խանդավառեց արդէն իսկ տիրող ուրախ մթնոլորտը:
Այս տարի եւս մանուկները ունեցան իրենց առանձին անկիւնը, ուր Գարմէն Լիպարիտեանի ղեկավարութեամբ, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի եւ ՀԵԴի անդամ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու օգնութեամբ տեղի ունեցան մանկական ճոխ խաղեր, ուր նաեւ գեղեցիկ պատմութիւններով եւ զուարթ երգերով մանուկներու ներաշխարհը ուրախութեամբ լեցուցին ծանօթ հեքիաթասաց ուսուցչուհի Ալին Պզտիկեան եւ մանկական երգչուհի Մակին:
Ներկաներուն հայկական շուրջպարերու դասեր հրամցուցին պարուսոյցներ Սարօ Ասատուրեան եւ Սիմոն Օքսազեան:
Օրուան յայտագիրը հայկական, ազգային եւ էսդրատային երգերով ճոխացուցին գաղութի սիրուած արուեստագէտներ Ներսիկ Իսպիրեան, Արա Շահպազեան, Անթուան Պէզճեան, Արման Մարտիրեան, Մաքսիմ, Հրաչ Պողարեան, Գագիկ Բադալեան եւ իգական սեռի եզակի ներկայացուցիչներ «Շիքէր»ի երգչուհիները: Փառատօնի ամբողջ ընթացքին արուեստագէտներուն ընկերակցեցաւ եւ առանձին հայկական պարեղանակներով մթնոլորտը ճոխացուց «Քնար» նուագախումբը: Նոյն մթնոլորտը վառ պահեց նաեւ DJ Jeerrys Sound.
Իրագործուող ճոխ ծրագիրներուն առընթեր վաճառուեցան հայկական համադամ ճաշեր եւ ՀՕՄուհիներու իսկ կողմէ սիրայօժար պատրաստուած անուշեղէններ:
Ընկերուհիներ Ովսաննա Պէքէրեան եւ Հերմինէ Աբոշեան տեղւոյն վրայ դարձեալ պատրաստեցին եւ ներկաներուն հրամցուցին հայկական թել պանիրը:
Միօրեայ փառատօնը վերջ գտաւ ուշ գիշերին, անոր յաջողութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացած ՀՕՄուհիներու եզրափակիչ շուրջպարերով եւ ուրախ բացականչութիւններով: Հայկականութեամբ լեցուած ներկաները վերանորոգուած մեկնեցան տուն, անգամ մը եւս ՀՕՄի բարիքները վայելած ըլլալու գոհունակութեամբ: