ՀՈՒՐԻԿ ՖՈՒՌՆՈՒԶԵԱՆ
Երեկոյեան, երբ աշխատանքէ ետք կը պատրաստուէի տուն երթալու, գործընկերներէս մէկը հարց տուաւ, թէ Մայրերու օրուան առթիւ ի՞նչ նուէր կը փափաքէի ստանալ։ Յոգնած դէմքիս վրայ լայն ժպիտ մը տարածուեցաւ, հոգիս հրճուեցաւ եւ առանց տատամսելու, հպարտութեամբ պատասխանեցի, որ ես արդէն ստացած եմ իմ Մայրերու օրուան անգին ու անփոխարինելի նուէրս։
Սիրելի ընթերցող, վստահ եմ, որ դուն ալ հետաքրքրուած ես գիտնալու, թէ ի՞նչ է նուէրը։ Ուրեմն, ուրախութիւնս կիսեմ քեզի հետ։
Կան տարբեր տեսակի, ձեւի եւ ճաշակի իւրայատուկ եւ արժէքաւոր նուէրներ, զորս կարելի է գնել մեծ գումարներ վճարելով։ Սակայն, կան նաեւ այնպիսի նուէրներ, որոնց համար աշխարհի գանձերը բաւարար չեն։
Վերջերս, այդպիսի նուէրով մը զիս ուրախացուց 18ամեայ դուստրս, երբ իր ուսման կողքին, ամերիկեան հաստատութեան մը մէջ իր կամաւոր աշխատանքը բարձր գնահատուեցաւ ոչ-հայ շրջանակի կողմէ։
Երեւակայեցէք յուզումս, երբ յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, շրջապատուած՝ օտար պաշտօնատարներով, զաւակս կը գովաբանուէր, իբրեւ տիպար ամերիկածին հայուհի մը, եւ կը գնահատուէր իր կատարած սիրայօժար կամաւոր աշխատանքին համար։
Իբրեւ Հայ մայր, ուրախութիւնս անսահման էր, երբ օտար պատգամաբերը կը ներկայացնէր զաւակս՝ յայտնելով, թէ ան կը յաճախէ Հոլիվուտի «Ռոզ եւ Աէլք Փիլիպոս» Ազգային վարժարանը եւ այս տարի փայլուն նիշերով պիտի աւարտէ եւ պիտի շարունակէ իր ուսումը՝ բարձրագոյն կրթութեան հետեւելով։ Խոստովանիմ, թէ պայմաններու բերումով, առիթը չէի ունեցած հայկական վարժարան յաճախելու եւ փափաքած էի, որ զաւակներս իմ ցանկութիւնս կատարեն։ Ահա, այդ մէկն ալ իրականութիւն պիտի դառնայ։
Ան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՄԸՄի, ՀԵԴի, եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն։ Դպրոցի ժամերէն ետք մասնակի ժամով կ՛աշխատի, եւ տակաւին ժամանակ կը գտնէ, որ զայն տրամադրէ օգնելու ամերիկեան հաստատութիւններուն, որոնց շարքին է այս մէկը, որ կը վայելէ Լա Քանիատա Ֆլինթրիճ շրջանի Խնամակալութեան հովանաւորութիւնը։ Պատգամաբերը գնահատագիրներ եւ յուշանուէրներ յանձնելէ ետք, իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ այսպիսի երիտասարդներու ներդրումը միշտ կարեւոր է, գնահատելի է եւ պէտք է բարի օրինակ ըլլայ ուրիշներուն։
Փառք Աստուծոյ, որ զաւակս իր յաջողութիւններով կ՛արժեւորէ իմ մայրութիւնս, որուն համար երախտապարտ եմ։ Այս տօնին առթիւ, ես ալ սրտանց կը փափաքէի մայրս շնորհաւորել։
Շնորհաւորանքս պիտի ըլլայ աղօթել եւ կարմիր վարդ մը զետեղել իր շիրիմին։